«ԱՍՊԱՐԷԶ»
«Մայր» բառը այնքան խորք, այնքան ծալքեր ունի, որ անսահմանելի կը դարձնէ այդ անունը կրողը:
Մայրը սէ՛ր է, ինքնազոհ նուիրում, մայրը քա՛ղցր է, համակ ազնուութեան, վեհանձնութեան խորհրդանիշ:
Այս մայրական անսահմանելի կերպարի հաւաքական դէմքերէն է Հայ Օգնութեան Միութեան Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղը, որ համեստ ամօթխածութեամբ այս տարի կը նշէ իր ծառայութեան հարիւրամեակը:
Հարի՜ւր տարուան վաստակ, հարի՜ւր տարուան անշահախնդիր գործունէութիւն, հարի՜ւր տարուան քրտինք, ճիգ ու աշխատանք:
Հարի՜ւր տարուան բարեգործութիւն՝ հասնելու կարիքաւորներու, հասնելու տեղւոյն թէ հեռաւոր համայնքներուն, հասնելու նեղութեան մէջ յայտնուած ազգակիցին, դժուարութիւն դիմագրաւող հայրենակիցին՝ այստեղ թէ հայաշխարհի որեւէ անկիւն:
Հպա՛րտ եղէք, սիրելի ՀՕՄի «Մայր»ականնե՛ր: Ձեր վաստակը գնահատող, ձեր նուիրումին առջեւ խոնարհող սերունդներ եղած են, եւ այսօր եւս ա՛յդ գնահատանքն է, որ բոյն դրած է անոնց սիրտերուն մէջ:
Մենք հիացած ենք ձեր տոկունութեամբ, հետեւողականութեամբ, ձեր հաւատարմութեամբ:
Ուրիշ ինչպէ՛ս կարելի է բացատրել ձեր դիմացկունութիւնը, ո՛ւր կարելի է գտնել ձեր յարատեւութեան գաղտնիքը:
Շնորհակալ ու երախտապարտ ենք. ձեր վարձքը կատա՛ր, կ՛ըսենք՝ քաջ գիտնալով, որ դուք նման խօսքերու կարիքը չէ՛ք զգար, որ դուք պիտի շարունակէ՛ք մէկդարեայ անխափան երթը, եւ ձեր ծառայութեան դրօշարշաւը պիտի փոխանցուի սերունդէ սերունդ: