Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– Աթա Ֆերուտուն (խմբագիր եւ յառաջաբանի հեղինակ), «1915ին Բանտարկուած Պատմութիւնը. Հայկական Հարցը», «Փանտորա» հրատարակչութիւն, Պոլիս, 2017 (թրքական պատմակեղծարարութեան թափօններու հերթական ժողովածու), թրքերէն:
– Ալլուլ Հուսսին, Էլտեմ Էտհեմ եւ տը Սմէլէ Հենք (խմբագիրներ), «Սուլթան Մը Սպանել. Ապտուլ Համիտ Բ.ի Անդրազգային Մահափորձին Պատմութիւնը», առաջին հրատարակութիւն, «ՄաքՄիլլըն Փալկրէյվ» հրատարակչութիւն, Միացեալ Թագաւորութիւն, 2018, xiii + 281 էջ (հայ, թուրք եւ եւրոպացի 9 հեղինակներու յօդուածներու ժողովածոյ, 21 Յուլիս 1905ին ՀՅԴի իրագործած մահափորձի միջազգային առնչութիւններուն եւ մութ ծալքերուն մասին, յառաջաբան, վերջաբան, 8 սեւ-ճերմակ լուսանկարներ), անգլերէն:
– Եաիր Օրոն, «Մուսա Տաղի Հարիւր Տարիները. Յայտնաբերումներ Եւ Նոր Լոյս Գիրքին Ու Անոր Հեղինակին Վրայ», խմբագիր՝ Անուշ Ակներեան, Մոնթրէալ, 2017, 106 (նորութիւններ Ֆրանց Վերֆելի եւ անոր հեղինակած «Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը» վէպին մասին), անգլերէն: Գիրքը լոյս տեսած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Գանատայի Միացեալ մարմինին նախաձեռնութեամբ:
– Թովմա Մեծոփեցի, «Յիշատակարան», գրաբարէն աշխարհաբարի փոխադրումը՝ Արշակ Մադոյեանի, հրատարակութեան պատրաստեց Արարատ քահանայ Պօղոսեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տպարան, 2017 (Մայր Աթոռի՝ Սիսէն Էջմիածին 1441 թուականին վերադարձի պատմութիւնը):
– Իպրահիմով Զէյնալ, «Ալիեւ Եւ Ընկ. – 35 Նամակներ Որդիիս», առանց տեղի նշումի, 3 Յունուար 2018 (իր երկրէն փախած ատրպէյճանցի գրողը վէպի տեսքով կը ներկայացնէ Հէյտար Ալիեւի դերը Ատրպէյճանի 1988-1993 տարիներու դէպքերուն մէջ, երկրին մէջ բռնատիրութեան հաստատումը եւ Ատրպէյճանի հայասպան պետական, ծրագրուած ու հետեւողական քաղաքականութիւնը), ռուսերէն: Գիրքը կարելի է ձեռք բերել www.amazon.com կայքէն:
– Յակոբեան Արարատ, «1937 Թուականը Հայաստանում», պատասխանատու խմբագիր՝ Ամատունի Վիրապեան, «Զանգակ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 95 էջ (14,5 x 20 սմ.) (խորքային ուսումնասիրութիւն 1930կաններու վերջաւորութեան Խորհրդային Հայաստանի մէջ բռնաճնշումներուն մասին, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ): Հրատարակուած է ՀՀԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի Նորագոյն պատմութեան բաժինին որոշումով: