Յարգելի՛ «Ասպարէզ»,
Մեր «Առօրեայ Մտորումներ» շարքի վերջին գրութիւնն էր «Հայերէն՝ Առանց Հայկականութեան» նիւթը: Ըստ սովորութեան, այն տեղադրել էինք Դիմատետրի էջի վրայ, եւ քանի որ քննարկուող հարցը եւ դրա լուծման առաջարկուած տարբերակը վիճարկելի կարող էին լինել, սպասում էինք գրադատումների:
Ուրեմն՝
Լաուրա Յակոբեան (Լոս Անջելես). «Շատ ճիշդ է. տպաւորութիւն է ստեղծւում, որ հայերէնը հայոց հարցերը ներկայացնելու համար է…»:
Մարի Մերթխանեան (Երեւան). «Ես շատ լաւատես չեմ, սիրելի՛ Կարինէ: Դժուար թէ առանց հայկականութեան, միայն հայերէն իմացողը հայ լինելու մասին մտածէ: Անկեղծօրէն՝ կապը չեմ կրնար հասկնալ: Այս առաջարկը բաղձալի իտէալի պէս կը հնչէ»:
Զարմինէ Պօղոսեան (Նիւ Եորք). «Տեսիլքը, կը մաղթեմ, որ «Զարմանազան» ճամբարէն եւ նիւթական զոհողութիւններէն դուրս կարենայ ելլել…»:
Կարօ Այալթըն (Լոս Անջելես). «Առօրեայ մտածումը հայերէնով կ՛առաջնորդէ նաեւ ազգային հարցեր շօշափելու կարելիութեան: Շատ լաւ է մօտեցումը ամբողջացնելու համար հայ երիտասարդին ինքնութիւնը: Կը պահանջէ երկար տարիներու անխոնջ աշխատանք: Աչքը լոյս մեր նորաստեղծ ուսուցիչներուն»:
Թոթօ-Նուէր Պոյրազեան (Երեւան). «Ցաւալի վիճակ՝ հայութեան ճակատագրին…»:
Եւ ապա՝ ներկայացնենք հայերէնի մանկավարժի էլեկտրոնային նամակով մեզ փոխանցուած խորը մտահոգութիւնները.
Վարդի Դանիէլեան (Մոնթրէալ).
«Սիրելի՛ Կարինէ,
Մհեր Պապեանը ինծի գրած էր, որ գիտաժողով-դասախօսութեան ամբողջ ընթացքին, թէեւ նիւթը հայերէնի դասաւանդութիւնն էր, արեւմտահայերէնը կենսունակ դարձնելու մասին էր, բայց տեղի ունեցած էր անգլերէնով: Պապեանը ոտքի ելած եւ ըսած է, թէ հայերէնի մասին է, հայերէնի գործածութեան մասին է, եւ դուք անգլերէնով կ՛արտայայտուիք: Ըսած են, թէ հայերէն չգիտցողներ կան… Այս որքա՛ն աժանօրէն տուրք կու տանք հայերէն չգիտցողներուն… հետաքրքրակա՛ն է: Անոնք որքա՞ն գիտեն հայութեան եւ մեր հայկականութիւնն ու պատկանելիութեան զգացումը ջամբելու հրամայականին մասին, որով մենք 100 տարի Սփիւռք պահած ենք, եւ լեզուին հոսանքն ի վար երթալուն, չըսելու համար՝ արդէն իսկ կորսուած համարուելուն, մեր սիրտ ու հոգի կրծող մտահոգութիւններուն մասին: Ամէն օր, ամէն ժամ եւ ամէն վայրկեան…
Գանք առաջարկուած «նոր մեթոտ»ին»։ Այս ո՞ր «փորձառու ուսուցչի» խելապատիկէն ելած մեթոտ է: Իսկ ո՞վ չի գիտեր, որ որեւէ նորագոյն մեթոտ, առնուազն 5 տարուան վրայ գոնէ փորձարկուած եւ շօշափելի արդիւնքներու հասնելէ ետք է որ կը մտնէ ընդունման նախաքայլը, եւ փաստելէ ետք, թէ իսկապէ՛ս արդիւնաւէտ է՝ կը ժողովրդականանայ: «Պարզ խօսելով» լեզո՞ւ կարելի է սորվեցնել… ո՞ւր, ե՞րբ եւ որո՞ւն հետ է, որ այս նորագոյն սերունդը հայերէն պիտի խօսի իր ամբարած գիտելիքներով ու ճանաչողութեամբ, հպարտ պիտի զգայ իր արմատներով եւ ազգային ինքնութեան զգացողութիւնը ապրի, ամէն օր եւ ամէն տեղ:
Համաձա՛յն եմ, որ մանուկը դուրս պէտք է բերել կաղապարուածութենէ, ըսել կ՛ուզեմ՝ դասաւանդման հնաբոյր ձեւերէն, չմոռնալով, որ օտար լեզուի պահերը հաճելի կ՛անցնին, որովհետեւ օտար լեզու դասաւանդող ուսուցիչին տրամադրուած են նաեւ իր դասաւանդութիւնը սիրցնելու գործիքներ, օգնող, հաշուարկուած ծրագիրներ, նոյնիսկ ամէն օր խօսուելիք նիւթերու բովանդակութիւն եւ ցանկ ու խաղեր, խաղե՜ր։ Իսկ եթէ ուսուցիչին ունեցած պաշարը միմիայն գրքունակ է՝ տրուածը տալ ըստ պահանջուածին, ապա կը հասնինք մեր այսօրուան իրականութեան: Կը ձախողի՛նք։
Մեզի պակսածը՝ հոգիով ու իր նիւթին նուիրուածութեամբ աշակերտը վարակող ուսուցիչներ են, որոնք, դաս ու քերականութիւն երբեմն մէկդի թողած՝ աշակերտին մտածել ու դէպքերը վերլուծել կը սորվեցնեն, ներառեալ՝ մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը, առանց տիրելու աշակերտի միտքին ու հոգիին, պարզապէս առիթ տալով, որ իրենց մտածածը արտայայտեն, եւ ուսուցիչը դառնայ այն հեղինակաւոր բառարանը, որուն կը դիմէ աշակերտը, երբ պէտքը զգայ… Մտածել՝ սորվելով ու վերլուծելով չէ՞ որ կը հասունանայ աշակերտին աշխարհընկալումը, եւ այս չէ՞ որեւէ դպրոցի գոյութեան իմաստը…
Հայերէն՝ առանց հայկականութեան, իբր թէ հայկականութիւնը աշակերտին բարդո՞յթ կը պատճառէ…
Ես հայերէն կը սորվեցնեմ օտարներուն: Չափահաս մարդիկ են, սակայն ամէնէն աւելի փնտռուած նիւթը՝ մեր մշակոյթի մասին, մեր արժէքներուն մասին տուած բացատրութիւններս են: Երբ հարցնեմ, թէ ինչո՞ւ այսքան հետաքրքրութիւն՝ կ՛ըսեն. «Հապա ինչպէ՞ս ճանչնանք, թէ ինչ ազգային արժէքներու տէր է նշանածս, կամ՝ ընկերուհիս»:
Իսկ յաջողելու համար, ամէն բան ծայրէն պէտք է սկսիլ, այսինքն՝ դպրոցի խնամակալներուն կողմէ փորձարկուած ուսուցիչ ընտրելու արժեչափերէն՝ եթէ՛ կան այդպիսի արժեչափեր: Արդարեւ, ինչպէ՞ս չափել թեկնածու ուսուցիչին երեւակայութիւնը, առանց որուն՝ չկայ ուսուցչութիւն, աշակերտը տրուածով վարակելու ձիրք, այո՛, ձիրք է, արուեստ է ուսուցչութիւնը, անձնուրաց նուիրում եւ սէր՝ հանդէպ ոչ միայն աշակերտին, այլեւ՝ դասաւանդած նիւթին»:
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ