ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- «Վալլեքս» խումբի ընկերութիւնները հանդէս եկան յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ կը յայտնեն, որ պարտաւորուած են այս հանգրուանին դադրեցնել «Թեղուտ»ի հանքավայրի շահագործումը:
Նշենք, որ վերջին շրջանին, միջավայրի պաշտպանութեամբ զբաղող հասարակական կազմակերպութիւններ բողոքի արշաւ ձեռնարկած էին՝ պահանջելով դադրեցնել «Թեղուտ»ի հանքավայրի շահագործումը: Միջավայրի պաշտպանները իրենց պահանջը կը հիմնաւորեն հանքավայրի արտադրած թունաւոր նիւթերու բնութեան պատճառած վնասներու, յատկապէս վերջերս, Դեբետ գետին մէջ թափուող թունաւոր նիւթերու հարցով:
«Տեւական կանգառի պայմաններում, ընկերութիւնը, ցաւօք, չի կարող ներկայ շուրջ 1200 աշխատողներին ապահովել բաւարար ծանրաբեռնուածութեամբ աշխատանքով ու համապատասխան վաստակով՝ նախկին ծաւալներով: Աւելին, չունենալով դրամական միջոցների այնպիսի աղբիւր, ինչպիսին թողարկուող արտադրանքի իրացումից ստացուող եկամուտներն են, ընկերութիւնը, ստիպուած, կայացրել է դժուարին, սակայն ներկայ պայմաններում միակ հնարաւոր որոշումը՝ ՀՀ աշխատանքային օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով ու պայմաններով՝ գործատուի նախաձեռնութեամբ, լուծել աշխատողների մեծամասնութեան հետ կնքուած աշխատանքային պայմանագրերը: Այս օրերին աշխատանքային յարաբերութիւնները օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով՝ հաստիքների եւ աշխատողների թուաքանակի կրճատման հիմքով երկու ամիս յետոյ լուծելու վերաբերեալ ծանուցումներ են ստանում ընկերութեան գրեթէ բոլոր աշխատակիցները: Այդ մասին սահմանուած կարգով տեղեկացուել են նաեւ պետական իրաւասու մարմինները», իր յայտարարութեան մէջ կը տեղեկացնէ «Վալլեքս»ը: