ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Սփիւռքի կարողականութեան ահագնութեան մասին ենթադրութիւններ կ՛ընենք: Այդ կարողականութիւնը դէպի ազգային կեանք ուղղորդե՛լն է, անշուշտ, մարտահրաւէրներուն մարտահրաւէրը: Եթէ կարենայինք գտնել Սփիւռքի կազմակերպումը որակապէս նոր, աւելի՛ արդիւնաւէտ, աւելի՛ ընդգրկուն մակարդակի բարձրացնելու բանաձեւը, կամ՝ այդ ուղղութեամբ գործնական ու շօշափելի քայլեր եթէ կարենայինք իրականացնել, ապա այսօր մենք բոլորովին այլ պայմաններ ստեղծած կրնայինք ըլլալ մեր պետութեան ու ազգին համար. համազգային իտէալներու հետապնդման մեր օրակարգն իսկ յաջողութեամբ պսակելու հեռանկարը աւելի հասանելի պիտի դառնար:
Չունի՛նք այդ բանաձեւը: Հայաստանի կառավարութիւնը, Սփիւռքի նախարարութեան եւ նոր առաջարկուած համահայկական խորհուրդին ճամբով կը փորձէ կազմակերպել Սփիւռքը: Անշուշտ կարծիք կայ, որ կառավարութիւնը ոչ թէ կը փորձէ այդ ահարկու կարողականութեան ետեւէն երթալ, այլ՝ պարզապէս Սփիւռքը կառավարելու եւ իր հակակշիռին տակ առնելու լծակներ ստեղծել:
Եթէ Հայաստանի կառավարութեան վարկն ու հեղինակութիւնը բարձր ըլլային Սփիւռքի մէջ, եթէ անքննելի ըլլար անոր ազգային ու պետական վարքագիծը, եթէ ան շահած ըլլար հայկական կեանքի մէջ գործօն հատուածին վստահութիւնը, ապա, վստահ ենք, որ այդ հատուածը սիրով ինքզինք պիտի դնէր կառավարութեան առաջադրած որեւէ կառոյցի հակակշիռին տակ:
Ներկայ անվստահութեան մթնոլորտին մէջ, Սփիւռքը կազմակերպելու Հայաստանի կառավարութեան առաջադրանքները բնականաբար ընդդիմութեան պիտի հանդիպին: Հասկնալի է, որ անտեսելով այս ընդդիմութիւնը՝ կառավարութիւնը պիտի պնդէ համահայկական խորհուրդի մասին իր առաջարկած ձեւաչափի իրականացման վրայ: Խորհրդատուական այս մարմինը Սփիւռքի կազմակերպման մէջ օգտակար դեր չի կրնար ունենալ: Եթէ բախտաւոր ըլլանք, կրնայ գոնէ չվնասել այսօրուան եղածին: