ՏՈՔԹ. ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ
Նախքան նախորդիւ խոստացած անտառէս ներս մուտք գործելնիս, վայրկեան մը կանգ առնենք, նայինք մենք մեզի, ճանչնանք զմեզ: «Ծանի՛ր զքեզ»: Ընդհանուր առմամբ, արմատներով, մտածելակերպով, կեցուածքով իրարու շատ ենք նման:
Դարերով մենք անպաշտօն սրբացած ենք, այո՛, որպէս անսայթաք հայ պահակները Տիրոջ տասը պատուիրաններուն: Չենք սպաննած, չենք գողցած, սուտ վկայութիւններ չենք տուած, ընչաքաղց կամ անբարոյ չենք եղած, եւ այլն, եւ այլն: Աւելի՛ն: Կը կարծենք նաեւ վայելած ըլլալ յաւելեալ շատ մը բարեմասնութիւններ: Խելացի ու հնարամիտ ենք: Չարքաշ, քրտնաջան աշխատող, ինքնաբաւ եւ հպարտ, հաւատացեալ եւ անբասիր, ընտանեսէր, ընկերասէր եւ բարեսէր, եւ այլն եղած ենք… կ՛ուզենք տակաւին մնացած ըլլալ: Լռելեայն, երբեմն ալ բարձրաձայն ինքնագնահատման այդ բոլորին՝ ճշմարտութեան շատ մեծ բաժին կ՛իյնայ ընդհանրապէս: Ինչպէ՞ս:
Հայը, այր թէ կին, բազում դարերով ապրեցաւ գիւղի շրջապատին մէջ, հիմնականին մէջ մեկուսացած մեծ աշխարհէն, որ իրեն համար շատ չէր անցներ սահմանը մօտակայ քանի մը նման գիւղերուն, ուր ան ոտք կը դնէր կամ իր բերքը վաճառելու կամ հարսնիքի մը ներկայ ըլլալու համար: Նոյնիսկ հազուադէպ այցելելով քիչ մը աւելի հեռակայ գիւղաքաղաք մը, ան իր հարազատ գիւղէն զգալիօրէն տարբեր մթնոլորտ մը պիտի չգտնէր:
Այսպէս, քաղաքի ընհանրապէս մրցակցային, շահադիտական ու անձնակեդրոն, նոյնիսկ խաթարող միջավայրէն հեռու՝ հայ այրը ամէնօրեայ տքնաջան քրտինք պիտի թափէր հողէն բարիք քաղելու համար, կինը՝ տունը կարգին ու շէն պահելու: Նախապէս իր հայ աւատապետերուն, ապա մանաւանդ պետութիւնը կորսնցնելէ ետք, հայուն առօրեան պարտաւոր էր նաեւ գլխիկոր համակերպիլ տիրակալներուն ընչաքաղց, կեղեքող, անողոք ամէն կարգի քմահաճոյքներուն: Այս բոլորը գիւղացիները անզգալիօրէն կը պահէր իրարու շատ մօտ, կը տանէր համերաշխութեան, բեռն ու ցաւը միասին բաժնելու ու թեթեւցնելու բնական մղումով սիրալիր ու անկեղծ գործակցութեան եւ մէկզմէկու նուիրուածութեան: Ան, որ ճնշումին չէր դիմանար կամ կենցաղի այդ մաքրութեան անհարազատ կը զգար՝ կը գաղթէր, կը կորսուէր: Բնական զտում:
Ապրելակերպի եւ հասկացողութեանց այս պարզունակ ու անմեղ մշակոյթին հակասող կամ զայն խանգարող ոչինչ կար գիւղէն ներս թէ դուրս: Նոր սերունդի կրթութիւնը ժառանգաբար կու գար նախ տան հօրմէն, ապա մօրմէն ու վերջապէս՝ գիւղի երէցէն: Անոնց խօսքը, ցուցմունքը վերջնական, անվիճելի եւ միահեծան էին: Կեանքի տեղական փորձառութիւնները կը լրացնէին մնացածը: Դիմակալող, կասկած յարուցանող ոչ մէկ ազդակ:
Լայն աշխարհէն անտեղեակ ու մեկուսացած, իր սահմանափակման մէջ վճիտ ու զուլալ մնացած անմեղ այդ կենցաղն է, որ Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեանց ահաւոր մրրիկէն արմատախիլ եղաւ իր հարազատ ու բազմադարեան հողէն: Արտասահմանի ու Հայաստանի մեր ծննդավայրերու այլազան միջավայրերէն ներս վերազետեղուած գտանք զայն: Միջավայրերը սակայն, համերաշխ չէին ու չեն դարաւոր այդ կենցաղը պահած բնականին:
Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու դուրսերը ապաստան գտած բեկորուած սերունդը ստեղծեց ոչ միայն որպէս սոսկ անհատներ, այլ իբրեւ հայ հաւաքականութիւն գոյատեւելու միջոցները: Չսպասեց հոգեբոյժներու, որպիսիքն են այս օրերու այլազան ազգի, կարգի ու երկրի աղէտեալներուն աճապարանօք հասնողները: Ողորմութիւն ակնկալող ձեռք չմեկնեց ասոր կամ անոր, պետական օգնութեան ակընկալութիւնը չունեցաւ: Կը յիշեմ, Գահիրէի մեր հայ գաղութին ծանօթ գուցէ միայն երեք, առաւելագոյնը չորս, ցնցոտիապատ ու մարմնապէս տխեղծ այրերը, որոնք բախտախաղի տոմսեր կը վաճառէին Կիրակի օրերը, եկեղեցիին բակը, բայց ձեռք չէին երկարեր: Իսկ կարիքաւոր կիները լուացքի կ՛երթային հայ տուները, ամբողջ օրը ձեռքերնին տաք ու պաղ ջուրի եւ օճառի մէջ կ՛անցընէին:
Բոլորը, բոլո՛րը՝ իրենց հայրենի գիւղէն ու տունէն մնացած կենցաղի հպարտութիւնը, մաքրութիւնը եւ պարզութիւնը որպէս անխոստվանելի սրբութիւն ամուր պահեցին: Իրենց դժբախտութեան իսկ պատճառ՝ թուրք պետութիւնը հազուադէպ նզովեցին:
Նաւաբեկ մեր այդ սերունդը «Ոսկի Սերունդը» կ՛անուանեմ ես: Ձեռնարկեցին այլազան արհեստներու, փոքր գործերու, անտրտունջ, մեզ՝ ամէն կարգի եւ բարձրագոյն կրթութեան տէր արհեստավարժ մասնագէտներու արտասահմանեան առաջին սերունդը հասցուցին: Զարմանալի՛: Մեր պահանջատիրութեան նախանձախնդիր, ճահիճէն անոնք կերտեցին Այնճար, քաղաքներէն ձեւեցին հայահոծ թաղեր, բացին ազգապահպան մեհեան եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ ճեմարաններ, հրատարակեցին թերթեր ու գիրքեր, հաւաքուեցան ՀԲԸՄի, ՀՄԸՄի եւ ՀՕՄի նման գոյութիւն ունեցող ամրակերտ տիտան կազմակերպութեանց շուրջ, կառչեցան քաղաքական գործօն եւ եռուն կուսակցութեանց: Ծաղկող ծառ, հարուստ՝ ճիւղաւորումով, պտղաբերումով: Մնացած հայկական փոքր հողին վրայ գոյութիւն առած իրերայաջորդ երկու պետական կառոյցները, իւրաքանչիւրը իր մեծ ու փոքր թերիներով հանդերձ, ծառը թէ՛ ուղղակի եւ թէ անուղղակի ուռճացուցին յոյսով եւ լաւատեսութեամբ: Հայրենի հողին վրայ շնչող մեր ազգակիցներուն հետ կամաց զարգացող կապերը դուրսի մեր այդ ծառին կենարար յաւելեալ ջերմութիւն տուին, իսկ ներսիններուն ոտքի տակ հողին ալ՝ ջուր: Սա բոլորը չմոռնա՛նք: Անոնց խոր գիտակի՛ց մնանք:
Ոսկի՛ սերունդ, հրա՛շք սերունդ, մաքո՛ւր սերունդ եղաւ անիկա: Բայց:
Ծառին արմատները որդեր սկսան կրծելու:
Ոմանք բնական տեղական, ոմանք արտաքուստ ներթափանցած: Յաջորդող երկու-երեք սերունդներուն այժմ աւանդ մնացած տոհմիկ անմեղունակութեան եւ մաքրութեան հիւսքին վրայ ճեղքեր սկսան գոյանալու, տակաւ խորանալու: Ամենակործանարար որդը՝ ազգային ձոյլ ու անաղարտ հպարտութիւնը հպարտազօծ բառահեղեղով մը այլակերպողն է սակայն: Հիմա ահա ծառին ճիւղերը ցանցառ, տերեւները դեղնորակ, պտուղները բաւական անհամ են: Մենք անմեղ չենք այլեւս, բայց մեղաւո՞ր ենք: Հակասակա՞ն: Պատրաստ չենք ներխուժող իրականութիւնը դիմակալելու: Մատնուած ենք ահի եւ շփոթի, կարծես նոյնիսկ խուճապի՞:
Դարմա՞նը: Դարմա՜նը…: Սպասենք անտառի մեր եկող արշաւէն:
Օ՛ն: Քալենք, որոնենք, պեղենք, շօշափենք, կշռենք, ի հարկին շրջադարձեր իսկ կատարենք, բայց կողմնացոյցի վստահելի սլաքանշումով ընթանանք յառաջ:
shavarsh_chr@msn.com