17-18 Յունուար 2018ին, Գահիրէի «Ազհար» իսլամական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը՝ «Ի պաշտպանութիւն Երուսաղէմին» ընդհանուր խորագիրով: Համագումարին հրաւիրուած էր իր խօսքը ուղղելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Վեհափառ հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ համագումարին՝ իրեն հետ ունենալով Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանը: Նկատի ունենալով յիշեալ համագումարին կարեւորութիւնը՝ «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթը յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ վեհափառին հետ, անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
«ՀԱՍԿ».- Վեհափա՛ռ տէր, ի՞նչ էր նպատակը Երուսաղէմի հարցին շուրջ Գահիրէի մէջ օրեր առաջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին:
ԱՐԱՄ Ա.- Երուսաղէմը միաստուածեան երեք կրօններու՝ հրէութեան, քրիստոնէութեան ու իսլամութեան համար սո՛ւրբ քաղաք նկատուած է: Հակառակ այն իրողութեան, որ Երուսաղէմը քաղաքական զանազան ուժերու ենթակայ եղած է պատմութեան ընթացքին, ան իր կրօնական նկարագիրը միշտ պահած է: Իսրայէլի ստեղծումէն ետք, Երուսաղէմը բաժնուեցաւ եւ ենթակայ դարձաւ իսրայէլեան ու յորդանանեան պետութեանց: Քրիստոնեաներն ու իսլամները մնացին յորդանանեան բաժինին մէջ. իսկ 1967ին, արաբ-իսրայէլեան պատերազմին, Երուսաղէմի յորդանանեան բաժինը եւս գրաւուեցաւ Իսրայէլի կողմէ, եւ Երուսաղէմը ամբողջութեամբ մնաց Իսրայէլի սահմաններէն ներս: Երուսաղէմի պատկանելիութեան հարցը նկատուած է միջազգային համայնքին ու յատկապէս Միջին Արեւելքի կարեւոր խնդիրներէն մէկը: Իսրայէլ միշտ շեշտած է Երուսաղէմի՝ Իսրայէլի պատկանելիութիւնը, իսկ պաղեստինցիները՝ ստեղծուելիք պաղեստինեան պետութեան պատկանելիութիւնը. երկու կողմերն ալ Երուսաղէմը նկատած են իրե՛նց պետութեան մայրաքաղաքը: Նկատի ունենալով Երուսաղէմի ներկայացուցած առանցքային կարեւորութիւնը՝ անոր պատկանելիութեան վերջնական որոշումը ձգուած է պաղեստինեան ու իսրայէլեան խաղաղութեան բանակցութիւններուն: Արդարեւ, վերջին քանի մը տասնամեակներու բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած է Երուսաղէմի հարցը, սակայն կողմերուն ունեցած տարբեր պատկերացումներուն միջեւ կարելի չէ եղած միջին լուծում մը գտնել: Ամերիկայի նախագահին՝ շուրջ ամիս մը առաջ կատարած յայտարարութիւնը՝ Երուսաղէմը նկատելու Իսրայէլի մայրաքաղաք, բնականաբար մեծ ուրախութեամբ ողջունուեցաւ Իսրայէլի կողմէ, սակայն սուր հակազդեցութիւն յառաջացուց թէ՛ քրիստոնէական եւ թէ իսլամական աշխարհէն ներս: Բողոքի ու դատապարտումի ալիքներ բարձրացան կրօնական եւ քաղաքական, իսլամ թէ քրիստոնեայ շրջանակներէն: «Ազհար»ին նախաձեռնութիւնը պէտք է դիտուի ա՛յս իսկ խորքին վրայ:
«ՀԱՍԿ».- Ինչո՞ւ «Ազհար»ի կողմէ եղած է նման նախաձեռնութիւն մը:
ԱՐԱՄ Ա.- Ինչպէս ըսինք, թէ՛ քրիստոնէական եւ թէ իսլամական կեդրոնները զօրեղ կերպով հակազդեցին Ամերիկայի նախագահի այս որոշման: Քրիստոնէական աշխարհին մէջ Վատիկանը, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը, եկեղեցիներ, նաեւ արեւմտեան երկիրներու պատասխանատուներ դատապարտեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահին միակողմանի որոշումը: Նոյն մօտեցումը ունեցան նաեւ իսլամական երկիրները: «Ազհար»ը նկատուած է կարեւոր կեդրոն մը սիւննի իսլամական աշխարհին մէջ՝ իր կրօնական համալսարանով եւ կրօնաքաղաքական խնդիրներու վերաբերեալ իր որդեգրած կեցուածքներով: Հետեւաբար, բնական էր, որ ան նման նախաձեռնութեան դիմէր:
«ՀԱՍԿ».- Վեհափա՛ռ տէր, կրնա՞ք որոշ տեղեկութիւններ տալ մասնակիցներուն մասին:
ԱՐԱՄ Ա.- Շուրջ երեք հարիւր մասնակիցներ ներկայ էին համագումարին: Մասնակիցներու կարգին կը գտնուէին նախկին նախագահներ, վարչապետներ, գործող նախարարներ, հոգեւոր պետեր, միջազգային կազմակերպութիւններու վերին պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ ակադեմական մարզի աչքառու ներկայացուցիչներ: Ներկաներուն մեծամասնութիւնը իսլամ երկիրներէ եկած էր. քրիստոնէական ներկայութիւնը յարաբերաբար ծաւալուն չէր: Երեք պատրիարքներ եւ տասնեակ մը եպիսկոպոսներ ներկայ էին, ինչպէս նաեւ՝ Վատիկանի ու Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ներկայացուցիչները: Ըստ երեւոյթին, յատուկ հրաւիրեալներ միայն ներկայ էին: Իսլամական աշխարհէն շիիներու ներկայութիւնը խորհրդանշական էր, առաւելաբար՝ քաղաքական պատճառներով: Հրաւիրուած էին Երուսաղէմի իսլամ ու քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը: Իսլամ կրօնական պատասխանատուներ ներկայ էին, սակայն քրիստոնեայ հոգեւոր պետեր բացակայ էին: Երուսաղէմէն եկած էին հրեայ օրթոտոքս խումբին պատկանող կրօնական ներկայացուցիչներ, որոնք խիստ քննադատութեան ենթարկեցին իսրայէլեան ներկայ իշխանութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը պաղեստինցիներուն նկատմամբ:
«ՀԱՍԿ».- Համագումարին ընթացքին տրուած զեկոյցներն ու կատարուած քննարկումները ի՞նչ ձեւով ընթացան։
ԱՐԱՄ Ա.- Երկու օրերու վրայ տարածուած համագումարը երկու բաժիններէ բաղկացած էր: Առաջին բաժինը բացման նիստ էր, որուն ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս, «Ազհար»ի նախագահ շէյխ Ահմատ Թայէպ, Վատիկանի ու ԵՀԽի ներկայացուցիչները եւ իսլամ քանի մը պետութիւններու կրօնական խորհուրդներու նախագահներ: Համագումարի երկրորդ բաժինը բաղկացած էր չորս ենթաբաժիններէ, իւրաքանչիւրը՝ Երուսաղէմի տարբեր երեսները լուսարձակի տակ բերող: Քննարկումներ տեղի չունեցան, այլ միայն զեկոյցներ ներկայացուեցան: Համագումարը կը վայելէր Եգիպտոսի եւ Պաղեստինի նախագահներուն հովանաւորութիւնը:
«ՀԱՍԿ».- Ի՞նչ մօտեցում որդեգրուեցաւ Երուսաղէմի գծով:
ԱՐԱՄ Ա.- Համագումարին նպատակը ըլլալով Երուսաղէմի պաշտպանութիւնը՝ ընդդէմ Իսրայէլի քաղաքականութեան ու Ամերիկայի նախագահի յայտարարութեան, բոլոր խօսքերը բնականաբար կեդրոնացան Երուսաղէմի վրայ՝ զայն նկատելով երեք միաստուածեան կրօններու քաղաքը, ինչպէս նաեւ՝ պաղեստինեան պետութեան մայրաքաղաքը: Կարեւորութեամբ կ՛ուզենք յայտնել, որ արտասանուած խօսքերն ու մօտեցումները ընդհանրապէս երկդիմի, միակողմանի ու անորոշ էին: Այսպէս, երբեմն միացեալ Երուսաղէմը կը նկատուէր պաղեստինեան մայրաքաղաք, երբեմն՝ միայն արեւելեան Երուսաղէմը. իսկ երբեմն ալ միացեալ Երուսաղէմի վրայ իսրայէլեան եւ պաղեստինեան միացեալ հովանաւորութեան մասին կը խօսուէր: Իսկ կրօնական գետնի վրայ, յատուկ կերպով կը շեշտուէր Երուսաղէմի քրիստոնէական, իսլամական ու արաբական նկարագիրը: Նաեւ, տեսակէտներու տարբերութիւն կար Երուսաղէմ այցելութեան հարցին շուրջ. այսպէս, Պաղեստինի նախագահը յաճախակի կերպով շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Երուսաղէմ այցելել եւ ուխտագնացութիւններ կազմակերպել՝ պատգամ մը տալու Իսրայէլին եւ համայն աշխարհին, թէ Երուսաղէմը միայն Իսրայէլին չի պատկանիր, եւ թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին վերջին որոշումը մեզ հեռու չի կրնար պահել Երուսաղէմէն: Ներկաներէն ոմանց մօտ, սակայն, կար այլ մօտեցում. այսպէս՝ հարկ է կեցուածք ճշդել Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող բոլոր փորձերուն դէմ, մերժելով Երուսաղէմ երթալ: Այս շփոթը, աւելի ճիշդը՝ հակասական տեսակէտները հետեւանք են ընդհանրապէս իսլամական ու յատկապէս արաբական աշխարհին պարզած ներքին պառակտումներուն ու բաժանումներուն:
«ՀԱՍԿ».- Վեհափա՛ռ տէր, որքանո՞վ զօրեղ էր քրիստոնէութեան ձայնը համագումարէն ներս:
ԱՐԱՄ Ա.- Ճիշդ է, որ թուային իմաստով քրիստոնեայ ներկայացուցիչները քիչ էին, սակայն քրիստոնէական ձայնը զօրեղ կերպով արձագանգեց համագումարի բոլոր նիստերուն: Նախ երեք հոգեւոր պետերը՝ ղըպտի, մարոնի եւ մենք, մեր խօսքերուն մէջ շեշտակիօրէն անդրադարձանք Երուսաղէմի քրիստոնէական նկարագիրին, քրիստոնէութեան ներկայութեան եւ իրաւունքներուն: Այս գծով նաեւ յաճախակի ակնարկութիւններ եղան իսլամներուն կողմէ՝ Պաղեստինի նախագահէն սկսեալ: Մեր զեկոյցին մէջ բաժին մը յատկացուցած էինք Երուսաղէմէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան: Կը խորհինք, որ այս ուղղութեամբ աւելի հետեւողական ու ծրագրուած աշխատանք պէտք է կատարուի քրիստոնէական կեդրոններուն ու յատկապէս Վատիկանի, ԵՀԽի եւ միջեկեղեցական կառոյցներուն կողմէ: Յայտնենք, որ մեր մատնանշած հարցերուն ու երեւոյթներուն մասին նաեւ անդրադարձանք մեր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին:
«ՀԱՍԿ».- Իմացանք, որ դուք ձեր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձած էք հայ եկեղեցւոյ ներկայութեան՝ Երուսաղէմի մէջ:
ԱՐԱՄ Ա.- Բնականաբա՛ր, մեր եկեղեցւոյ մասին պէտք էր արտայայտուէինք նման միջազգային համագումարէ ներս: Մեր մասնակցութեան առաջին ու հիմնական նպատակը ա՛յս էր: Չմոռնանք, որ մեր եկեղեցին 638 թուականէն սկսեալ ներկայութիւն եղած է Երուսաղէմի մէջ. ունեցած ենք եպիսկոպոս, եկեղեցիներ ու ուխտատեղիներ, ինչպէս նաեւ՝ համայնք: 1311ին, Երուսաղէմի հայոց եպիսկոպոսը Եգիպտոսի սուլթանին կողմէ ճանչցուած է իբրեւ պատրիարք, իսկ 1853ին, Օսմանեան կայսրութիւնը յոյն եւ լատին պատրիարքութիւններու կարգին նաեւ Հայ եկեղեցւոյ լայն իրաւասութիւն տուած է՝ սրբատեղիներու գծով: Երուսաղէմի մէջ ունեցած ենք կազմակերպուած համայնք՝ իր կրթական, մշակութային ու համայնքային կառոյցներով: Դժբախտաբար, քաղաքական պայմաններու բերումով մեր համայնքի զաւակներէն շատերը հեռացան Երուսաղէմէն: Համագումարի մեր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեցինք Երուսաղէմին նաեւ հայկակա՛ն նկարագիրը, մեր իրաւունքները եւ մեր ժողովուրդին ամուր կապուածութիւնը Երուսաղէմին:
«ՀԱՍԿ».- Մեր ժողովուրդն ու եկեղեցին ինչպէ՞ս կրնան Երուսաղէմի գծով իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտել։
ԱՐԱՄ Ա.- Ինչպէս գիտէք, Երուսաղէմը մեր նուիրապետական չորս աթոռներէն մէկն է. ան Հայ եկեղեցւոյ անքակտելի մասը կը կազմէ: Մեր եկեղեցին ազգային եկեղեցի ըլլալով, մեր ազգը՝ իր եկեղեցիով ու հայրենիքով, անհրաժեշտ է, որ յատուկ հոգածութիւն շարունակէ ցուցաբերել Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան նկատմամբ: Քաղաքական պայմաններու բերումով, Երուսաղէմը որոշ իմաստով մեկուսացած է: Ստեղծուած ներկայ կացութիւնը կրնայ նոր դժուարութիւններ յառաջացնել քաղաքէն ու ընդհանրապէս շրջանէն ներս: Հետեւաբար, հայկական Երուսաղէմի պաշտպանութիւնը պէտք է դառնայ համահայկական առաջնահերթութիւն: Զանազան առիթներով, թէ՛ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնը, թէ՛ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ թէ Հայաստանի պետութիւնը տարբեր կերպերով իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած են Երուսաղէմի պատրիարքութեան: Մեծապէս գնահատելի է, հակառակ դժուարութիւններուն, Երուսաղէմի պատրիարքութեան ամուր կապուածութիւնը ու հաւատարմութիւնը մեր սրբատեղիներուն առնչուած դարաւոր աւանդութիւններուն ու իրաւունքներուն: Արդ, հարկ է պաշտպանել ու առաւել ամրապնդել հայկական ներկայութիւնը Երուսաղէմէն ներս: Կրօնականին առընթեր, հայկական ներկայութիւնը Երուսաղէմէն ներս քաղաքական որոշակի նշանակութիւն եւս ունի: Երուսաղէմի մէջ գտնուող եկեղեցիներէն իւրաքանչիւրը պետական-քաղաքական յենարաններ ունի. այսպէս, Լատին պատրիարքութիւնը՝ Վատիկանը, Յոյն պատրիարքութիւնը՝ Յունաստանը եւ Կիպրոսը, Ղըպտի եկեղեցին՝ Եգիպտոսը, Լուտերական եկեղեցին՝ Գերմանիան, Անկլիքան եկեղեցին՝ Անգլիան, Ռուս եկեղեցին՝ Ռուսիան: Անհրաժեշտութեան պարագային, այս երկիրները կը միջամտեն Իսրայէլի, Պաղեստինի կամ Յորդանանի պատասխանատուներուն մօտ: Յիշեալ երկիրները պէտք է գիտնան, որ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը եւս առանձին չէ, իրեն նեցուկ ու պաշտպան ունի Հայաստանի պետութիւնը, Հայ եկեղեցին ու ողջ Սփիւռքը: Անհրաժեշտ է, հետեւաբար, որ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը իր համայնքով, իր կառոյցներով, կալուածներով ու իրաւասութիւններով պաշտպանելու նպատակով, համահայկական տարողութեամբ մնայուն յանձնախումբ մը յառաջացնել՝ Հայաստանի պետութեան եւ մեր եկեղեցւոյ ու կազմակերպութիւններուն մասնակցութեամբ, բնականաբար՝ Երուսաղէմի պատրիարքին հետ խորհրդակցաբար: Նման նախաձեռնութիւն մը կարեւոր յենարան ու լծակ կրնայ հանդիսանալ Երուսաղէմի պատրիարքութեան՝ դուրս գալու իր ինքնամփոփ վիճակէն եւ աւելի ինքնավստահութեամբ յարաբերութիւն մշակելու իր շրջապատին հետ: Կը խորհինք, որ յառաջիկային ստեղծուելիք համազգային խորհուրդը պէտք է նման համահայկական բնոյթ ունեցող հարցերով զբաղի: