Այժու Թուրքիոյ տարածքին գտնուող պատմական Կարս եւ Հայաստանի Գիւմրի քաղաքներու նոյնաման մշակոյթին ու խոհանոցային աւանդոյթներուն մասին պատմող «Միասին քի՞չ հաց ու աղ կերած ենք» նախագիծը, որ մեկնարկած է Թուրքիոյ մէջ՝ ֆիլմի եւ գիրքի տեսքով, վերջերս ներկայացուեցաւ «Օքսֆորտ» համալսարանին կազմակերպած «Ուտելիքն ու խոհարարութիւնը» գիտաժողովին:
Ըստ «Ակօս»ի՝ նախագիծի ղեկավարներն են Իհսան Քարայազ եւ Արմինէ Աւետիսեան:
Խումբը նաեւ համագործակցած է Թուրքիոյ մէջ յայտնի գրող Թագուհի Թովմասեանի հետ, որ «Ձեր Սեղանը Թող Միշտ Շէն Ըլլայ» գիրքի հեղինակն է:
«Ես շուրջ 10 տարի ապրած եմ Կարս: ՄԱԿի տարածաշրջանային զբօսաշրջութեան ծրագիրին մասնակցելէ ետք սկսայ հետաքրքրուելու տեղական մշակոյթով: Կարսի՝ այդ ժամանակուան իշխանութիւնները սահմանէն այն կողմ համագործակցութեան հարցով շատ լաւ տրամադրուած էին, ամէն տարի փառատօն կը կազմակերպուէր, Հայաստանէն մարդիկ կու գային, ես ալ սկսայ այդ ժամանակ Հայաստան երթալ-գալու», ըստ «Թեր»չի՝ պատմած է Քարայազը:
Իր խումբին հետ միասին թուրք բանահաւաքը նոյն կերպով ուսումնասիրած է ե՛ւ Կարսի, ե՛ւ Գիւմրիի կանանց պատրաստած ճաշերը, անոնց շուրջ հիւսուող պատմութիւններն ու ընդհանրութիւնները: Սահմանի երկու կողմը եւ իրարու հետ կապ չունենալով ապրող այս մարդիկ աւելի ուշ կարելիութիւնը ունեցած են հանդիպելու մէկ սեղանի շուրջ՝ Կարսի մէջ: