ԹՈՒԱՅՆԱՑՆԵԼ ԵՒ ՄԻԱՒՈՐԵԼ
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, այս օրերուն, քաղաքիս մէջ կը կազմակերպուին շարք մը քննարկումներ, որոնց ընթացքին արծարծուած նիւթերը այժմէական բնոյթ կը կրեն հայութեան մշակութային օրակարգին վրայ: Սփիւռքները թուային արխիւով մը միաւորելու գաղափարը զանազան երեսակներով կը շօշափուի սոյն քննարկումներուն ծիրէն ներս: Թուային արխիւայնացումն ու թուային գրադարանները կ՛առնուին խոշորացոյցի տակ: Թուայնացնելու եւ այդպիսով միաւորելու ուղղեալ աշխատանքները հերթական անգամ կը դառնան հետաքրքրութեան առարկայ:
Այս օրերու քննարկումներուն համար «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ Իսթանպուլ հրաւիրուած են Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրման կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: Այս երկու հեղինակաւոր մտաւորականները մինչեւ շաբաթավերջ կը մնան քաղաքիս մէջ: Երէկ (Չորեքշաբթի, 10 Յունուար), հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Տիգրան Զարգարեանն ու դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը, որոնց հետ ունեցանք հաճելի զրոյց:
Անոնք «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագրատունը այցելեցին՝ ուղեկցութեամբ «Հրանդ Տինք» հիմնարկէն Վահագն Քէշիշեանի եւ Մեհմետ Փոլատէլի:
Տիգրան Զարգարեան աւելի առաջ այցելած էր Իսթանպուլ, սակայն մեզի համար ուրախառիթ էր Երեւանի մէջ իր կողմէ քանիցս հիւրընկալուելէ վերջ, այս անգամ զինք հիւրընկալել խմբագրատանս երդիքին տակ: Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան առաջին անգամ կ՛այցելէ Իսթանպուլ եւ այս օրերուն կը ջանայ տարրական պատկերացում մը կազմել մեր համայնքին մասին՝ տեղւոյն վրայ շնչելով մթնոլորտը: Ան սերած է ընտանիքէ մը, որուն արմատները կը հասնին Հաճըն:
Անմիջական զրոյցին տեւողութեան հիւրերը ամփոփ բացատրութիւններ տուին իրենց ղեկավարած գիտամշակութային կառոյցներու ներկայ աշխատանքին շուրջ, իսկ մեզմէ լսեցին «Ժամանակ»ի գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ եւ թրքահայ համայնքային իրադարձութիւններու վերաբերեալ դիտարկումներու մեկնաբանութիւններ:
Անդրանիկ Տագէսեան մեզի նուիրեց իր հեղինակած գիրքերէն մին, որ լոյս տեսած է Հայկազեան համալսարանի հրատարակութիւններու շարքէն: Զրոյցի տեւողութեան հիւրերը հետաքրքրուեցան նաեւ «Ժամանակ» օրաթերթի ներկայ 110ամեայ յոբելեանով՝ յղելով բարեմաղթութիւններ եւ յարատեւութեան մաղթանքներ:
Տիգրան Զարգարեան ընդգծեց, որ Երեւանի նորահաստատ Գրատպութեան թանգարանէն ներս կողք-կողքի զետեղուած են «Ժամանակ» օրաթերթի բացառիկ համարները՝ հայ գրատպութեան 400 եւ 500ամեայ յոբելեաններուն առթիւ: «Կը մաղթեմ, որ թերթը ողջունէ նաեւ 600ամեակը», ըսաւ ան:
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Միւս կողմէ, «Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Հաւաք» սրահի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան (Չորեքշաբթի, 10 Յունուար) շահեկան բանախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայոց ներկայութեան, լիբանանահայութեան պատմութեան ու ներկային: Երեկոյթի սկիզբը ողջոյնի խօսք արտասանեց Այշէ Իճլալ Քիւչիւքքըրճա, որ կը համակարգէ նախաձեռնարկ հիմնարկի պատմական բնոյթով ծրագիրները:
Անդրանիկ Տագէսեան դասախօսութեան ընթացքին ներկաներուն մատուցեց նաեւ հետաքրքրական տեսողական առարկաներ: Ան ընդհանուր առմամբ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայոց ներկայութեան եւ գաղութի կեանքին: 1915էն առաջ շուրջ երկու հազար հայ կ՛ապրէր Լիբանանի մէջ: Օսմանեան շրջանին հայազգի կառավարիչներ կը պաշտօնավարէին այնտեղ: Ատենախօսը մատնանշեց, որ Զմմառի մէջ կաթողիկէ հայերը հաստատած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնը եւ հայ աւետարանականներն ալ ապահոված էին ներկայութիւն մը:
Ի շարունակութիւն պատմական ներկայութեան՝ Անդրանիկ Տագէսեան բացատրեց, որ 1915էն վերջ հայերը ինչպէս կուտակուած, համախմբուած էին Լիբանանի մէջ: Նոյն ժամանակահատուածին զուգադիպած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վերահաստատումը Անթիլիասի մէջ: 1920ական թուականներէն սկսեալ իրադարձութիւնները ժամանակագրական կարգով մը յիշեցուց Անդրանիկ Տագէսեան, որ խօսեցաւ 1938 թուականի իրադարձութիւններուն եւ Հաթայի Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ յայտնուելուն, 1940ականներուն դէպի Սովետական Հայաստան ներգաղթին, Պաղ պատերազմի տարիներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարաբերութիւններուն, 1958 թուականի հայկական կուսակցու-թիւններու ներքին բախումներուն եւ անոնց հետեւանքով զոհուած երիտասարդներուն:
Այս ամբողջին մէջ Անդրանիկ Տագէսեան ընդգծեց, որ 1960-70ականներուն Պէյրութի մեծագոյն քրիստոնեայ համայնքը կը կազմէին հայերը:
Պատմական տեղեկութիւններ փոխանցելու ժամանակ Անդրանիկ Տագէսեան Պոլսոյ եւ Պէյրութի հայութեանց շփումներուն մասին ալ խօսեցաւ: Տարբեր ժամանակներու մէջ Պոլիսէն Պէյրութ հաստատուած դէմքերու շարքին ան առանձնացուց երգիծանկարիչ Տիրան Աճէմեանն ու դերասան Պերճ Ֆազլըեանը:
Նորագոյն ժամանակներու իրադարձութիւններու մասին խօսելով՝ Անդրանիկ Տագէսեան բացատրեց, թէ արցախեան շարժման շրջանին ինչպիսի արձագանգ մը ստեղծուած էր Լիբանանի մէջ: Պարքովիզիոնի վրայ ան ներկայացուց հետաքրքրական դրուագներ՝ գերեզմանաքարերէ սկսեալ մինչեւ լիբանանահայոց կողմէ կատարուած հրատարակութիւններու կողքեր եւ ընկերային կեանքի վառ պահեր: Ատենախօսը լիբանանահայութեան առօրեան մանրամասնելու ժամանակ բազմակողմանի բացատրութիւններ տուաւ ընկերատնտեսական ու մշակութային իրավիճակի մասին:
Հուսկ, Տագէսեան բացատրեց, որ Լիբանան համայնքներու երկիր մըն է եւ այնտեղ եւս հայութիւնը կը դիմագրաւէ նոր սերունդի խառն ամուսնութիւններու եւ արաբախօսութեան նման մարտահրաւէրներ:
Դասախօսութեան աւարտին Անդրանիկ Տագէսեան պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն:
«ԺԱՄԱՆԱԿ»