«Հայերն Այսօր».- Յայտնի արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էռնեկեան կը պատրաստուի իր գործարարութեան կառավարումը զարմիկին՝ Մարտին Էռնեկեանին փոխանցելու: Այս մասին ան յայտնեց «Պլումպըրկ» լրատուական ընկերութեան (Bloomberg) հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Գործարարը կը պատրաստուի Յունուարի վերջաւորութեան վաճառել Corporacion America Airports SA ընկերակցութեան բաժնետոմսերը։ Անոր կը պատկանի աշխարհի մէջ 51 օդակայաններու կառավարման պայմանագիրը (մենաշնորհ-Հ.Ա): Բաժնետոմսերու արժէքը 750 միլիոն տոլար է: Անոր 39ամեայ զարմիկը պիտի զբաղի վաճառքով եւ պիտի կանգնի Էռնեկեանի գործառնութեան ղեկին: «Ես այս գործարքին կը հետեւիմ այս ամիս, եւ օդակայաններուն մէջ իմ գործը կ՛աւարտի», յայտարարեց Է. Էռնեկեան:
Բաժնետոմսերու վաճառքը Էռնեկեանի համար նոր փուլի մը սկիզբը կը նշէ: «Սակայն 85ամեայ ձեռներէցը, որ կ՛ըսէ, թէ ինք դեռեւս ամէն օր կը լողայ եւ եոկայով կը զբաղի, տեսադաշտէն չ՛անհետանար: Որդին հայ գաղթականներու, որոնք փախած էին 20րդ դարասկիզբի Ցեղասպանութենէն, կը նշէ, որ ամէնօրեայ պարտականութիւններու փոխանցումը զինք կ՛ազատէ գործարարութեան նոր ուղղութիւնները ուսումնասիրելու համար», ըստ «Նիուզ»ի՝ նշուած է յօդուածին մէջ: