ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Լեռնագոգ գիւղին մօտակայքը հնագէտները նոր բացայայտում կատարած են: «Լեռնագոգ-1» հնավայրին մէջ բացայայտուած է տարածք մը, որ կը թուագրուի Ն.Ք. 8րդ հազարամեակի վերջով եւ 7րդ հազարամեակի սկիզբով: Այս մասին լրագրողներու հետ տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին ըսաւ ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեան:
«Առաջին անգամ այս տարածաշրջանին մէջ արձանագրած ենք կայուն բնակատեղի, որուն ստորին շերտերը կը թուագրուին Ն.Ք. 8րդ հազարամեակի վերջով եւ 7րդ հազարամեակի սկիզբով: Մինչ այդ Հայաստանի տարածքին հնագոյն բնակատեղիներու շերտերը առաւելագոյնը, որ կրնայինք թուագրել Ն.Ք. 6րդ հազարամեակի առաջին քառորդն էր: Ասիկա 2017ի հիմնարար հետազօտութիւններու փայլուն արդիւնքներէն է», յայտնեց Պաւել Աւետիսեան:
Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ բնակատեղիին մէջ ապրող հասարակութիւնը տիրապետած է որոշ ճարտարապետական հմտութիւններու: Ըստ ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող Արթուր Պետրոսեանի՝ այդ հատուածին մէջ գտնուած են կաւէ շինութեան հետքեր: