ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Յունուար 10ին դարձեալ պնդած է, որ Արցախի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի ծիրէն ներս։
«Ատրպէյճանի արդար դիրքորոշումը՝ այդ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով, հիմնուած է միջազգային իրաւունքին վրայ: Միջազգային հանրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղը կը ճանչնայ իբրեւ Ատրպէյճանի անքակտելի մաս», աւելցուցած է Ալիեւ՝ ելոյթ ունենալով կառավարութեան մէկ նիստին ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ անցած տարեվերջին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած էր. «Ղարաբաղեան հարցում միջազգային հանրութիւնն ու Հայաստանը խօսում են գրեթէ նոյն լեզուով»:
Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի նախագահները, իբրեւ ապացոյց կը մատնանշեն միջազգային փաստաթուղթերը, որոնք հիմնականին մէջ առաջ կը քշեն հարցին կարգաւորման երեք սկզբունքներ՝ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ուժի չկիրառում: Հայկական կողմը շեշտը կը դնէ ազգերու ինքնորոշման իրաւուքնին վրայ, իսկ Պաքուն՝ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին վրայ:
Յունուար 10ի իր ծաւալուն ելոյթին ընթացքին, Ալիեւ նաեւ յայտարարած է, թէ երկիրը կը պատրաստուի ժամանակակից ռազմական արհեստագիտութեան տիրանալու՝ պնդելով, որ երկրին բանակը արդէն իսկ կը հանդիսանայ «աշխարհի ամենհզօր բանակներէն մէկը»:
Սթոքհոլմի մէջ գործող Խաղաղութեան հարցերու ուսումնասիրութեան հիմնարկին համաձայն՝ 2011-2016ին, Ատրպէյճանը Հայաստանէն 20 անգամ աւելի շատ զէնք ներածած է, մեծամասնութեամբ՝ Ռուսիայէն: