Թառահար Միքայէլ Ոսկանեան հանրութեան կը ներկայացնէ «Արեւմտեան Հայաստան» ստեղծագործութիւնը: Երաժշտութեան հեղինակը Խաչիկ Եղոյեանն է, գործիքաւորումը կատարած է Վահան Նահապետեան: Ստեղծագործութիւնը արդէն հասանելի է «ԵուԹիւպ»ի վրայ (YouTube.com):
«Երաժշտութեան նիւթը շատոնց յղացած էի, եւ միտքերս կիսուեցի գործիքաւորող Վահան Նահապետեանի հետ: Վերջերս շատ կը լսեմ Միքայէլ Ոսկանեանի կատարումները, եւ միտք յղացաւ նման ստեղծագործութիւն պատրաստել իրեն համար: Միքայէլը սիրով նուագեց այս գործը», ըստ «irates.am»ի՝ կը փոխանցէ Yeghoyan Production-ի տնօրէն Խաչիկ Եղոյեան:
Նշենք, որ վերջինս 2015ին այցելած էր Արեւմտեան Հայաստան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած «100 դուռ» նախագիծի ծիրին մէջ լուսանկարելու նաեւ տեղւոյն եկեղեցիները: Ցուցահանդէսի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքին Խաչիկ Եղոյեան կ՛ունկնդրէր Միքայէլ Ոսկանեանի երաժշտութիւնը, իսկ ցուցահանդէսի օրը պատրաստած էր փոքրիկ վաւերագրական ֆիլմ մը՝ դարձեալ Ոսկանեանի երաժշտութեամբ:
«Անոր թառը Արեւմտեան Հայաստանի կորսնցուցած հողերուն վրայ գտնուելու յուզական ապրումներու ուղեկիցը կարծես ըլլար: Եւ երբ արդէն որոշուած էր, որ իմ ստեղծագործութիւնը պէտք է թառով ներկայացուի, աչքիս առջեւ յայտնուեցան մեր հողերն ու եկեղեցիները, եւ ծնաւ ստեղծագործութեան վերնագիրը: Կը յուսամ, որ ստեղծագործութեան տեսահոլովակը նկարահանուի այնտեղ», յայտնեց Խաչիկ Եղոյեան: