Թիֆլիսի Կովկասեան տան մէջ, 8 Յունուարին տեղի ունեցաւ Սերգէյ Փարաճանովին նուիրուած ստեղծագործական մրցումին յաղթողներու պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը, զոր կազմակերպած են Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը եւ Վիրահայերու միութիւնը:
Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկին մասնակցեցան Վրաստանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Սադոյեան, Վրաստանի Հաշտեցման եւ քաղաքացիական հաւասարութեան նախարարի առաջին տեղակալ Լաշա Տարսալիան, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, վիրահայ համայնքի շարք մը ներկայացուցիչներ:
Դատակազմի որոշումով ստեղծագործական մրցումի «Ոսկէ դափնեկիր»ի կոչման արժանացաւ Տինատին Փուկիա, առաջին տեղը գրաւեց Եուլիա Ճալունելի, երկրորդ՝ Գոհար Յակոբեան, իսկ երրորդ՝ Լեւան Ցալուկելաշվիլի: