– Բնական աղէտներու պատճառով, 2017ին աւելի քան 11,000 հոգի մահացած է, իսկ նոյն պատճառով արձանագրուած տնտեսական վնասներուն գումարը աճած է 63 տոկոսով՝ հասնելով 306 միլիառ տոլարի։
– Մարաշի քաղաքապետանին կողմէ սկսած են բանելու միայն կիներու յատուկ հանրակառքեր։ Նախապէս այսպիսի հանրակառքեր սկսած էին գործելու նաեւ Մալաթիոյ ու Պուրսայի մէջ, սակայն արժանացած էին բուռն քննադատութիւններու՝ սեռային խտրականութեան օրինակ նկատուելով։
– Մինչ ապօրինի վայրերու մէջ ինքնաշարժներ կանգնեցնելու համար ՄԱԿի մօտ Հիւսիսային Քորէայի դեսպանատունը 152,505 տոլար պարտական է Նիւ Եորք քաղաքի ոստիկանութեան, այդ գումարը 1,989,554 տոլար է Եգիպտոսի դեսպանատան պարագային։
– 1755էն ի վեր Գերմանիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով անցեալ Սեպտեմբերին տեսնուած վայրի ցուլ մը, իր բացայայտումէն միայն 5 ժամ ետք որսորդի մը զոհ գացած է։