ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երեսփոխան Կարօ Փայլան Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին ելոյթ մը ունեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս՝ դիտել տալով, որ Թուրքիոյ պատմութեան ընթացքին մարդիկ կը յարգէին իրարու տօները, եւ օսմանեան շրջանին խորհրդարանն իսկ կը յարգէր քրիստոնեաներու Ս. Ծնունդը եւ Յունուար 6ին չէր գործեր, մինչդեռ այսօր ատելութեան պատգամներ կը հռչակուին։
Փայլան յիշեց նաեւ կրթական նախարարութեան կամ կրօնից տեսչութեան կողմէ Ամանորի վերաբերեալ յայտարարուած արգելիչ հրահանգները՝ նշելով, որ Ամանորը բոլորին համար նոր տարի կը նշանակէ եւ կապ չունի Ս. Ծնունդին հետ։ Ապա, ան իր ելոյթը աւարտեց հայերէն արտասանելով՝ «Քրիստոս ծնաւ ու յայտնեցաւ. ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս»։