Ս. Ծնունդը շաբաթավերջին աւանդական մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ մեր համայնքէն ներս: Եթէ ամէն տարի առաւելագոյն խանդավառութիւն կը տիրէր Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ապա այս տարի այդ առանցքը յարաբերաբար թեքուած էր կեդրոնէն: Մեր հայահոծ թաղերուն եւ միւս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մեր ժողովուրդը խանդավառ մասնակցութիւն բերաւ տաղաւարի Ս. պատարագներուն: Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի արարողութիւններուն հանդիսապետեց տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեան: Ս. պատարագը մատոյց եւ օրուան պատգամը տուաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան: Ս. Պատարագի յաջորդած ջրօրհնէքին եւ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած տնօրհնէքին ալ նախագահեց Սահակ եպս. Մաշալեան:
Յետմիջօրէին, պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընդունելութիւնը: Թէեւ հաւաքոյթը աւանդական էր, սակայն անոր մթնոլորտը բաւական հեռու էր տօնական աւանդական հրճուանքը, մանաւանդ միասնականութիւնը ցոլացնելէ:
Դժբախտաբար, լարուածութիւններ յառաջացան պատրիարքական ընտրութեան հարցին բերումով: Կարգ մը աշխարհական վարիչներ մեղադրեցին բարձրաստիճան հոգեւորականները: Իրենց հերթին, բարձրաստիճան հոգեւորականներն ալ տօնական օրով պարտաւորուեցան աշխարհական վարիչներուն յիշեցնելու՝ անոնց համագործակցութեան ոգիի տկարացման հետեւանքով մեր համայնքի դիմագրաւած ձախողութիւնները: Կարճ խօսքով, անհամ ու տհաճ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ:
Ս. Ծննդեան ընդունելութեան ընթացքին, տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան օրհնութեան գիր մը յանձնեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին: Այս օրհնութեան գիրը շնորհուած էր Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած իրաքահայ եւ սուրիահայ գաղթականներուն ի նպաստ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ վերջին տարիներուն ցուցաբերուած հետեւողական զօրակցութեան համար: Սրբազանին օրհնութեան գիրը ընթերցեց Տրդատ քհնյ. Ուզունեան, որ Շահէն քհնյ. Օհանեանի հետ կը համակարգէ գաղթականներուն ի նպաստ ծրագրերը: Օրհնութեան գիրը ստանալէ ետք Պետրոս Շիրինօղլուն ալ ունեցաւ հակիրճ ելոյթ մը, որուն ընթացքին վրդովմունքով անդրադարձաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին դէմ ընկերային ցանցերու վրայ սանձազերծուած հակաքարոզչական դիտումնաւոր արշաւներուն:
Հարկ է նշել, որ այդ օրը պատրիարքարանին մէջ Ս. Ծննդեան առթիւ կը հիւրընկալուին քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները եւ հասարակական գործիչներ:
«ԺԱՄԱՆԱԿ»