ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կիրակի երեկոյեան տեղի ունեցած «Կոլտըն Կլոպ»ի մրցանակաբաշխութեան հանդէսի կազմակերպողներն ու մասնակիցները հանրութեան պատգամ մը փոխանցելու յատուկ ճիգ թափեցին:
Սկսելով մրցանակաբաշխութեան բացումը ազդարարող Սեթ Մայըրզի «Մարուանան (թմրանիւթ) վերջապէս կը թոյլատրուի, իսկ սեռային ոտնձգութիւնները՝ ոչ» յայտարարութենէն, հասնելով մինչեւ քանի մը մրցանակակիր կիներու ուղղած խօսքերը, կին հանդիսականներու սեւ հագուկապը եւ, անշո՛ւշտ, երեկոյի ամէնէն ազդու ելոյթը՝ Օփրա Ուինֆրիի ճառը՝ ընկերային արդարութեան պայքարին մէջ պատասխանատուութիւն վերցնելու յանձնառութեան դրսեւորումներ էին:
Պէտք է ողջունել, անշուշտ, հասարակական սուր հարցերու հանդէպ կրաւորական դիրքէ դուրս գալու եւ լայն հանրութեան հասնելու պահը կեցուածքի փոխանցման ծառայեցնելու դերասանական աշխարհի յայտնիներու վարքագիծը: Սեռերու միջեւ հաւասարութիւն, կիներու դէմ բռնութեանց անհանդուրժողութիւն եւ ցեղային խտրականութեան մերժում… յայտարարելով այս սկզբունքներուն կարեւորութիւնը՝ արուեստագէտները իրենց ժողովրդականութիւնն է որ ի սպաս կը դնեն վեհ նպատակներու հանդէպ զգայնութիւն յառաջացնելու դատին:
Մեր միջավայրը, մեր իրականութիւնը, դժբախտաբար, բազմաթիւ փաստերով կ՛ապացուցէ, որ վաղուց պատմութեան գիրկը անցնելու դատապարտուած մարդկային ախտանիշներ, ինչպիսիք են սեռային ու ցեղային խտրականութիւնը, իրենց տգեղ դէմքը դարձեալ ու դարձեալ ցոյց կու տան առօրեայ յարաբերութիւններու մէջ: Այս իրողութիւնը կը թելադրէ, որ այդ ախտանիշներուն դէմ պայքար պէտք է տանիլ ամէ՛ն օր, ամէ՛ն ձեւով, օգտագործելով քարոզչական ու դաստիարակչական բոլոր միջոցները, բոլոր բեմերը, բոլոր առիթները:
Այսօր, երբ այս երկրին մէջ պաշտօնական ամպիոնները կը նպաստեն մթնոլորտը առաւել սրելու, արուեստի աշխարհի դրական ու ներգործօն միջամտութեան կարիքը աւելի՛ եւս կը շեշտուի: