ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Իրանի մէջ ընթացող ցոյցերուն պետական մակարդակի հակազդեցութիւնը, յատկապէս ցուցարարներու գործողութիւններուն գնահատումը՝ ուսանելի՛ իւրայատկութիւն մը կը դրսեւորէ:
Ակնկալելի հակազդեցութիւնը, այսպիսի պարագաներու, արտաքին միջամտութիւններու եւ արտաքին ուժերու գործակցող տեղական լրտեսական կամ գործակալական ցանցերու վրայ մեղքը բարդել կ՛ըլլայ՝ գրգռիչ ու դաւաճանական, հակապետական տարրերու դատապարտումներով ողողելով քարոզչական ու լրատուական դաշտը:
Այս բոլորը եղա՛ն անշուշտ, սակայն յատկանշականը այն էր, որ պետական բարձր դիրքերու վրայ գտնուող պաշտօնեաներ իրենց գնահատումներուն մէջ նաեւ անդրադարձան երկրին մէջ առկայ ընկերային ու մանաւանդ տնտեսական դժուարութիւններուն, որոնք նկատուեցան ցոյցերուն տուն տուող կարեւոր ազդակներու շարքին:
Ահա՛, օրինակ, Իրանի նախագահ դոկտ. Հասան Ռոհանին, վերջին օրերու դէպքերը նկատած է «մարտահրաւէրներ», «որոնք անհրաժեշտ է առիթի վերածել»:
Երէկուան «Ասպարէզ»ին մէջ, քաղելով Թեհրանի մեր պաշտօնակից «Ալիք»էն՝ տեղեկագրած էինք, որ նախագահ Ռոհանին նկատած էր, թէ ընկերային-տնտեսական պահանջներէն բացի՝ ժողովուրդը կը պահանջէ նաեւ աւելի ազատականացնել երկրի մթնոլորտը: Նախագահը նշած էր, որ «բողոքի արարքների բոլոր մասնակիցները չէ՛, որ ուղղորդւում են արտասահմանից: Նրանց մեծ մասն իրենց խնդիրների եւ դժուարութիւնների համար են փողոց դուրս եկել»: Նախագահը նաեւ խոստովանած էր, որ կան որոշ խնդիրներ, որոնց լուծումը վե՛ր է կառավարութեան հնարաւորութիւններէն եւ ժամանակ կը պահանջեն:
Մէկ այլ օրինակ. Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառավարութեան խօսնակ Մոհամմատ Պաղեր Նոպախտի՝ Յունուար 2ին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին արտայայտած խօսքը. «Քաղաքացիական իրաւունքի դիտանկիւնէն՝ կառավարութեան դէմ բողոքը յարգելի է: Բողոքը կրնայ տեղի ունենալ օրէնքի շրջանակէն ներս, եւ կառավարութիւնն ալ փաստած է իր հաւատարմութիւնը՝ այդ իրաւունքի գոյացման նկատմամբ»:
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Ժորժիկ Աբրահամեան եւս ընդգծած է «Ժողովրդի հետ անկաշկանդ ու անկեղծ երկխօսութիւն ծաւալելու»ն անհրաժեշտութիւնը: «Խանէ Մելլա»չ լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին, հայ պատգամաւորը ըսած է. «Վերջին օրերի ընթացքում կազմակերպուած զանգուածային բողոքի արարքները ժողովրդի արդարացի պահանջների կուտակման եւ դրանց անուշադրութեան մատնելու արդիւնք են, որոնք դրսեւորւում են այսօ՛ր»:
Այս մօտեցումը, ժողովուրդի արդար պահանջներուն հանդէպ այս զգայնութիւնը, կը հաւատանք, որ աւելի՛ ճիշդ ճանապարհ պիտի ցոյց տայ Իրանի ղեկավարներուն՝ դիմագրաւելու համար ցոյցերու մարտահրաւէրը եւ ապահովելու երկրի կայունութիւնն ու զարգացումը: Ամէն ինչ արտաքին դաւադրութեանց ու մութ ուժերու գործակալներուն վերագրելու մարտավարութիւնը կրնայ նպատակայարմար ըլլալ միա՛յն այն ուժերուն համար, որոնք հակուած չեն որեւէ ձեւով լուծելու ժողովուրդին իրական խնդիրները: