ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կիրակի, Դեկտեմբեր 24ին, Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի եւ առաջին մարտիրոսի տօնին առիթով, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ սուրբի կեանքէն ներշնչուած պատգամ մը ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին՝ օրհնելով եկեղեցւոյ ծառայող սարկաւագները, դպրաց դասի անդամներն ու Ս. խորանին ծառայողները, նկատի ունենալով, որ այս տօնը նուիրուած է բոլոր սարկաւագներուն։ Պատարագ մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան։
Այս տօնին առիթով, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, նախքան օրուան քարոզը երգուեցաւ «Ստեփանոս Քաղցրիկ Տատրակ» շարականը։ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, այս շարականի պահուն, սարկաւագները, մոմեր ի ձեռին՝ Ս. խորան բարձրացան եւ առաջնորդին առջեւ ծնրադրելով՝ ստացան անոր օրհնութիւնները։
Իր պատգամին մէջ առաջնորդը շնորհաւորեց սարկաւագներն ու եկեղեցւոյ ծառայողները, եւ յայտնեց, թէ օր մը առաջ, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած էր թեմի սարկաւագներու միօրեայ համագումարը, որ ծառայական ուխտի վերանորոգումի առիթ էր։
Շարունակելով իր խօսքը՝ ան վեր առաւ քրիստոնէութեան համար առաջին նահատակին՝ Ս. Ստեփանոսի առաքինութիւնները, յիշեցնելով, որ ան իմաստութեամբ լեցուն էր, բարի համբաւ կը վայելէր ու մանաւանդ Ս. Հոգիին շնորհքներով լի՝ օրինակելի եւ մաքուր կեանք մը կը վարէր. ան քաջաբար դէմ կանգնեցաւ զինք քննադատողներուն, հաւատքի վկայութիւնը կատարեց եւ նահատակութեամբ արժանացաւ մարտիրոսութեան լուսապսակին։ Առաջնորդ սրբազանը սարկաւագներն ու եկեղեցւոյ ծառայողները յորդորեց հետեւիլ սուրբի օրինակին, ըլլալ խոնարհ, աղօթող, քաջ, ծառայասէր, Ս. Գիրքը ի ձեռին ունենալ ամէն օր, ընթերցել զայն ու ապրիլ աստուածահաճոյ կեանք մը։