ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի ոստիկանութեան հայկական խորհրդատու մարմինը ծնունդ առած է աւելի քան 15 տարի առաջ եւ կը բաղկանայ Փասատինայի մէջ գործող յարանուանութեանց եկեղեցիներու, կուսակցական մարմիններու, դպրոցներու եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներէ։ Այս մարմինին նպատակն է կամուրջ մը հաստատել Փասատինայի հայութեան եւ ոստիկանութեան միջեւ, որպէսզի գաղութը մտահոգող հարցերը յանձնուին ոստիկանութեան նկատողութեան եւ՝ փոխադարձաբար:
Անկախ վերոյիշեալ առաքելութենէն, այս մարմինը կը կազմակերպէ նաեւ նուէրներու հաւաք մը (toy drive) ի նպաստ շրջանի չքաւոր ընտանիքներու զաւակներուն. հաւաքը տեղի կ՛ունենայ ամէն տարուան Դեկտեմբեր ամսուն: Նուէրներու հաւաքին կը մասնակցին գաղութի չորս դպրոցները, եկեղեցիներն ու մշակութային միութիւնները:
Այս տարի, նուէրներու բաշխումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14ի առաւօտեան, Փասատինայի ոստիկանութեան կեդրոնին մէջ: Խօսք առին Փասատինայի ոստիկանապետ Ֆիլիփ Սանչեզ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան եւ վերապատուելի Ճօ Մաթոսեան:
Հաւաքուած նուէրները կը բաշխուին օտար բարեսիրական կազմակերպութեանց, որոնք, իրենց կարգին, զանոնք կը յանձնեն չքաւոր ընտանիքներու երեխաներուն: