ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Լրագրող Աստղիկ Բեդեւեան կը հաղորդէ, որ ըստ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի՝ երբ պարզ չէ, թէ Ապրիլէն ետք ո՞վ պիտի դառնայ Հայաստանի վարչապետ, կամ նախագահ, անորոշ վիճակ կը ստեղծուի, եւ այդ մէկը բացասաբար կ՛ազդէ գործարարութեան եւ տնտեսութեան վրայ:
Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարութիւնը կ՛աւարտի 9 Ապրիլին։ Նախագահը մինչեւ այս պահը չէ յստակացուցած իր քաղաքական ապագայ ծրագիրները:
«168 Ժամ» թերթի տնտեսական մեկնաբան Բաբկէն Թունեանի հետ զրոյցի մը ընթացքին վարչապետը յորդորած է փակել թեման, աւելցնելով, որ շատ յստակ ձեւակերպուած է, որ Ապրիլ 9ին իշխող կուսակցութիւնը՝ իր դաշնակիցին (ՀՅԴին) հետ, որոշում պիտի կայացնէ, թէ ով ինչ պաշտօն կը գրաւէ:
«Անորոշ վիճակը բացասաբար չի՞ ազդում բիզնեսի եւ տնտեսութեան վրայ» լրագրողի հարցումին Կարապետեան արձագանգած է՝ ըսելով. «Ցաւօք սրտի, այդպէս է: Պէտք է ընդունենք, որ այդպէս է, եւ քայլ առ քայլ ձեւաւորելով իշխանութիւն, պէտք է բերենք նրան, որ այդ գործօնների հիման վրայ շատ սպասումներ չլինեն: Իսկ մօտեցումը՝ «եկէք սպասենք Երկուշաբթիին, որ տեսնենք՝ ինչ է լինում», իհարկէ, տնտեսութեան վրայ որոշ ազդեցութիւն ունենում է»:
Գնահատելով իր եւ իր խումբի այս տարուան աշխատանքը՝ վարչապետը ըսած է, որ իրենց այս տարուան համար ունեցած թիրախները բոլոր ցուցանիշներով աւելի բարձր են, քան այն, ինչը ծրագրած էին՝ կատարած ու գերակատարած են: Բայց, ըստ Կարապետեանի՝ իրենք բաւարարուած չեն: «Մենք պէտք է մի քանի տարի քրտնաջան աշխատենք, հիմքերը ստեղծենք՝ սա է ամբողջ «գաղտնիքը»», ըսաւ վարչապետը՝ աւելցնելով .«Սա, իհարկէ, չի նշանակում, որ մէկ տարում չենք կարող լուրջ թռիչք ունենալ աղքատութեան ցուցանիշի նուազեցման գծով, բայց հնարաւոր է՝ առաջին մէկ կամ երկու տարուայ ընթացքում էական բարելաւում չլինի»:
Ըստ Կարապետեանի՝ «բիզնես»ը անմիջապէս չարձագանգեր կատարուած քայլերուն, գործարարները դադար կը վերցնեն հասկնալու համար, թէ ինչ պիտի կատարուի: