Պատմակշիռ իրադարձութիւններու յոբելենական տարի մը կը մտնենք. իրերայաջորդ տօնակատարութեանց հեւքոտ ժամանակաշրջան մը մեզ կը սպասէ:
Ոչ մէկ կասկած կայ, որ բոլոր տօները պիտի նշուին պատշաճօրէն, փառք ու պսակով, ժողովրդական ու պաշտօնական հանդէսներով ու հանդիսութիւններով, գիտաժողովներով ու խորհրդաժողովներով, խնճոյքներով ու հրավառութեամբ:
Տօները, անշուշտ, պարզապէս քէֆի ու խրախճանքի առիթներ չեն: Անոնք պէտք է ծառայեն անցեալի արժեւորումով եւ գնահատումով ժողովուրդը ապագային հանդէպ նոր յոյսերով ներշնչելու, լիցքաւորելու անոր հոգին ու զայն առաւել ոգեւորութեամբ, մարտունակութեամբ եւ խանդով ուղղորդելու դէպի պայծառ հորիզոններ:
Հայաստանի անկախութեան հարիւրամեակի պետական ու համազգային տօնակատարութիւնները մեզ ազգովին պէտք է տրամադրեն, որ վերստին անկախացած մեր հանրապետութիւնը օժտենք ընկերային արդարութեան վրայ խարսխուած պետական համակարգով, աշխարահատարած իր զաւակները իր գիրկը կանչող նուիրական հայրենիքի բոլոր յատկանիշներով:
Անկախութեան հարիւրամեակը պէտք է դարձնենք հայրենիքի հանդէպ մեր պարտաւորութիւններու, յաւելեալ պատասխանատուութիւններու ստանձնման ուխտի առիթ: Նոր հարիւրամեակը սկիզբէն իսկ պէտք է Հայաստանի ու ընդհանրապէս հայ ժողոովուրդին համար դառնայ բարգաւաճման, հզօրացման բարձունքներու ձգտելու եւ հասնելու շրջան:
Անցեալ տարիներու դառն փորձառութեանց ծնած թերահաւատութիւնը թօթափելով, լաւատեսութեան հիմքերը իրական զոհաբերութիւններու ու անշահախնդիր ծառայութեան սկզբունքներու վրայ դնելով՝ պիտի ստեղծենք մեր երազած երկիրը, մեր երազի երկիրը:
Արդ, կիսատ-պռատ նուաճումները պիտի չգոհացնեն մեզ, մասնակի յաջողութիւնները պիտի չմխիթարեն մեզ: Դարերու զրկանքներու, հալածանքներու, նախճիրներու բովէն անցած մեր տառապեալ ժողովուրդը արժանի է իր ստեղծագործ տաղանդը անխափան կենսագործելու հնարաւորութիւն ունենալու, խաղաղ, ապահով երկինքի տակ ապրելու՝ ամուր երաշխիքներով:
Տենդով, վճռական նուիրումով այդ երկիրը պիտի կառուցենք: Այդ է Հայաստանի անկախութեան հարիւրամեակի յոբելենական մեր խոստումը, մեր ուխտը:
Միւս յոբելեաններն ալ՝ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄի) հարիւրամեակ, Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութեան 90ամեակ, պէտք է դիտել նոյն չափանիշներով, նոյն պահանջկոտութեամբ, նոյն պատասխանատուութեամբ: Այս օղակները, իւրաքանչիւրը ծառայութեան իր առաքելութեամբ՝ նուիրուած է սփիւռքեան ամէնէն դժուարին պայմաններու մէջ նոր սերունդին մէջ ազգային գիտակցութիւն սերմանելու եւ այդ ճամբով հայ երիտասարդը ազգին ու հայրենիքին կապելու գործին:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան աջակցութեամբ ու ներշնչումով ստեղծուած, անոր գաղափարական սկզբունքներով ղեկավարուող ու անոր զօրակցութիւնը մշտապէս վայելող այս կազմակերպութիւնները պատուաբեր յաջողութիւններով լեցուցին սփիւռքահայ տարեգրութիւնը:
Փառք իրենց կտրած ճանապարհին: Փառք իրենց հսկայական վաստակին: Փառք իրենց առաքելութիւնը շարունակելու պատրաստակամութեան ու նուիրումին:
Այս երկու կազմակերպութիւններէն ալ մեր ակնկալիքները մեծ են, ու հաւանաբար ճիշդ կ՛ըլլայ, որ յոբելենական այս տարին անոնց համար ալ դառնայ ոստումներ արձանագրելու անկիւնադարձ:
Մեծագոյն մարտահրաւէրը թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ, լարուած աշխատելու յանձնառութիւնը ամէնօրեայ իրողութեան վերածելը պիտի ըլլայ: Ափսոս, որ այդպէս չէ եղած անցեալին: Բայց եւ այնպէս, չբաւարարուինք ափսոսալով, այլ խոստանանք, որ այս յոբելենական տարին մեկնակէտ պիտի ըլլայ նոր սկիզբի, նոր ոստումներու՝ մեր բոլոր միութիւններուն, բոլոր կազմակերպութիւններուն համար, յոբելենական տարի դիմաւորեն անոնք կամ ոչ:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի
Կեդրոնական Կոմիտէն
Կը Շնորհաւորէ Համայն Հայութեան
ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ
Նորանոր Յաղթանակներ Մաղթելով
Հայ Դատի Հետապնդման Ճանապարհին
Յաջողութիւնն ու նորանոր յաղթանակները միշտ ընկերակցի մեզ:
Ձեր Կենացը
Լաւ Մարդու կենացը
Շնորհաւոր Նոր Տարի