ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
100 տարի առաջ, ճիշդ այս օրերուն, երբ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն հետ հայութիւնն ալ կը թեւակոխէր 1918 տարին, չէր գիտեր, որ քանի մը ամիս ետք, Կովկասի շրջանը եռեւեփող իրադարձութիւնները պիտի ստանային այնպիսի ընթացք, որ պատմական Հայաստանի մէկ փոքր հողաշերտին վրայ պիտի բացուէր մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն լուսաւոր էջը, ծնունդ պիտի առնէր Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը…
Եւ ահա, 2018ին հետ կը թեւակոխենք Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդի հարիւրամեակի տարին, նախաքայլեր առած ենք արժանաւորապէս տօնելու այս տարեդարձը, ինչպէս որ երեք տարի առաջ, 2015ին, նշեցինք Ցեղասպանութեան 100րդ տարեդարձը եւ նոր մղում տուինք մեր պահանջատիրական պայքարին։
Ամեակները զգացական տօնակատրութիւններէ անդին չեն անցնիր, եթէ չիմաստաւորուին ԳՈՐԾՈՎ։ Այսինքն, եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան 100րդ տարեդարձը պիտի կարենանք վերածել պատմական հանգրուանի, անհրաժեշտ է, որ ազգովին՝ պետական, կուսակցական, դիւանագիտական, մտաւորական, մարզական, յարանուանական-մշակութային եւ մեր կեանքը բաղկացնող բոլոր ոլորտներուն մէջ ճամբայ հանենք նոր գործեր եւ նախաձեռնութիւններ, որոնք պիտի իմաստաւորեն այս տարեդարձը, զայն պիտի չթողուն հրապարակային հանդէսներու, տողանցքներու եւ արարողական ձեռնարկներու սահմաններուն մէջ։ Այլ խօսքով, 100ամեակը պէտք է վերածենք քաղաքական-դիւանագիտական-մշակութային եւ կարելի բոլոր ոլորտներուն մէջ նոր փուլի մը սկիզբին, որուն գլխաւոր խորագիրը ըլլայ իրականացնել 1918ի Մայիս 28ին բացուած նոր էջէն, բայց մանաւանդ անկէ տարի մը ետք, Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած պատմական հռչակագիրէն մեզի ժառանգ հասած պատգամը՝ ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ մարմնաւորումը։
***
Թէեւ շատ բան գրուած է ու խօսուած՝ 28 Մայիս 2018ին ծնունդ առած Հայաստանի Հանրապետութեան ու անոր կարճատեւ կեանքին մասին, սակայն այդ օրերու, ու մանաւանդ յաջորդ տասնամեակներու կարգ մը իրադարձութիւնները, յատկապէս համայնավար եւ ուղեկից քարոզչութիւնը պատճառ դարձած են, որ պատմական իրագործումը աղարտում ապրի ու շփոթներու դուռ բանայ, մինչեւ այսօր ալ տարակուսանքի ու սխալ ենթադրութիւններու մատնելով շատեր։ Հետեւաբար, կ՛արժէ, որ 100ամեակին առիթով, պահ մը վերաքաղը ընենք եւ փոշին վանենք պատմական կարճատեւ փուլին վրայէն, ձերբազատինք ստապատիր քարոզչութեան յամեցող հետքերէն, որպէսզի միանգամընդմիշտ ճանչնանք եւ լիարժէքօրէն գնահատենք մեր անցեալը, բոլորիս հասարակ յայտարա՛ր անցեալը, հաշտուինք անոր հետ, ու մեր յաջորդ քայլերը առնենք մեր ոտքերը ազատագրելով մեզ անիմաստ ու անտեղի կերպով կաշկանդող «թափօններէն», շինծու ջլատումներէն։
Ամէն բանէ առաջ պէտք է ընդունինք ու վերահաստատենք, որ 1918ի Մայիս 28ի անկախութեան հռչակագիրը ողջ հայութեան իրագործումն էր, հետեւաբար, զայն տօնելը իրաւունքն է ողջ հայութեան, առանց հատուածական ու աշխարհագրական տարբերութեան։ Այս հաստատումը կ՛ընենք, յիշելու եւ յիշեցնելու համար, որ անկախ հանրապետութեան ծնունդը արդիւնք էր հայութեան միահամուռ պայքարին, կենաց-մահու ճակատումներուն, որոնք մղուեցան Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի եւ այլ ճակատներու վրայ, եւ սա՝ անկախ այն իրադարձութիւններէն, որոնք նոյն ժամակաշրջանին պարուրած էին Կովկասն ու ամբողջ աշխարհը։ Ճիշդ է, որ այդ ճակատամարտերը, ապա նաեւ անկախ հանրապետութեան կեանքը առաջնորդող ուժը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն էր, կուսակցութիւն մը՝ որ իր գործով ու զոհաբերութեամբ՝ 19րդ դարու վերջերէն սկսեալ, այսինքն՝ մեր ազատագրական պայքարի հասունացումէն ետք, իրողապէս տիրապետող ուժ էր հայութեան կեանքին մէջ, սակայն այս կուսակցութիւնը երբեւիցէ իր մենաշնորհին չէ վերածած հերոսամարտերուն արդիւնքը՝ թրքական բանակներուն վրայ տարուած յաղթանակը, ապա նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումն ու կառավարումը, հակառակ անոնց մէջ իր յառաջամարտիկի դերին։ Փաստօրէն, մեր անդրանիկ հանրապետութեան պետական վարչամեքեան առաջին իսկ օրէն եղաւ հայելին իսկական ժողովրդավարութեան, որովհետեւ հայութեան ու Հայաստանի կեանքին մէջ դեր ու գործ ունեցող կուսակցական ուժեր, տարբեր ազգութիւններու ներկայացուցիչներ մաս կազմեցին խորհրդարանին, որուն հովանիին տակ գործեցին գործադիր մարմինները։ Յետոյ էր որ արտաքին միջամտութիւններու եւ ճնշումներու հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնները ստեղծեցին համապատասխան հարկադրանքներ ու հակամիջոցներ, իսկ աւելի ուշ, անկախութեան կորուստէն ու Դաշնակցութեան ու հայկական ազգային կուսակցութեանց հայրենիքէն վտարումէն ետք, համայնավար Մոսկուայի կամակատարութիւնը յանձն առած իշխանաւորները «հատուածականացուցին» 1918ի անկախութիւնը, զայն հռչակելով «դաշնակներու հանրապետութիւն», նոյն ճակատագիրին մատնելով անոր խորհրդանիշները՝ դրօշակը, զինանշանը, քայլերգը եւ այլն։
Դաշնակցութիւնը չմոռցաւ, այսօր ալ գիտէ, որ ինք ունի իր սեփական դրօշը՝ իր զինանշանը կրող կարմիր դրօշակը, որուն վրայ յաճախ գրուած է «Ազատութիւն կամ Մահ» նշանաբանը, իր զինանշանը տարբեր է Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանէն, ու անկէ աւելի հին է, իր քայլերգը՝ «Մշակ, բանուոր…»ն ալ տարբեր է Հայաստանի Հանրապետութեան «Մեր հայրենիք…»էն, սակայն այդ տարբերութիւնները ոչ մէկ ատեն Դաշնակցութեան կամ դաշնակցականին միտքին մէջ ստեղծած են մէկը միւսէն գերադաս կամ ստորադաս սեպելու մտածումը։ Ընդհակառակը, Դաշնակցութիւնը հանրապետութեան այս արժէքներն ու խորհրդանիշները նկատած է սրբութիւններ, անկախութեան կորուստէն ետք զանոնք պահպանած է ու սերունդէ սերունդ փոխանցած՝ կարելի բոլոր միջոցներով, հաւատալով, որ անոնք ուշ կամ կանուխ պիտի վերահաստատուին հայրենի հողին վրայ, ինչպէս որ եղաւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն անմիջապէս ետք։ Ու երբ դաշնակցականը յեղափոխական երգին տողերուն մէջ կ՛արտասանէ «…փառք Դաշնակցութեան» բառերը, գիտէ, որ Դաշնակցութիւնը ծնած է, գործած է ու փառք կերտած՝ ի խնդիր Հայաստանին ու մեր ժողովուրդին։ Դաշնակցութիւնը այսպէ՛ս ապրած է ու դաստիարակած՝ իրեն նայող պատանին ու երիտասարդը, հոգ չէ թէ համայնավարները խորհրդային Հայաստանի մէջ ատեն մը սովորութեան վերածած էին Դաշնակցութեան յուղարկաւորութեան կազմակերպումը-քարոզչութիւնը, փորձած էին քուրջի վերածել Եռագոյնը, արհամարհանքի առարկայ դարձուցած՝ Զինանշանն ու այլ խորհրդանիշներ, յայտարարելով, որ անոնք կը պատկանին «դաշնակներ»ուն, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք՝ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ կը կոչէին «դաշնակներու Հայաստան», մինչդեռ համայնավարութիւնը կը խորշէր ազգային բոլոր արժէքներէն, կ՛ուզէր, որ ապազգային-միջազգայնական ու յաճախ շինծու-մակերեսային արժէքներ դրօշի վերածուէին հայութեան ու Մոսկուայի կարմիր մականին ենթակայ երկիրներուն-ժողովուրդներուն կեանքին մէջ։ Ու այդ տարիներէն՝ մեր պատմութեան մէջ ստեղծուեցաւ տարօրինակ «մրցակցութիւն» մը, ուր սեփական անկախ պետականութեան տօնը հակադրեց անկախութեան կորուստի եւ համայնավար կայսրութեան ենթակայութիւն խորհրդանշող թուականին, մտածողութիւն՝ որ մինչեւ օրս ալ կը պարուրէ հայ քաղաքական միտքի կարգ մը արտայայտիչներուն մտածողութիւնը։ Խորհրդային տարիներուն արձանագրուած դրական ու բացասական զարգացումներն ու իրագործումները չեն կրնար ջնջել այն ամրագրուած իրականութիւնը, որ 70 տարիները եղան օտարի լուծին ուղղակի ենթակայութեան տասնամեակներ, տուինք մարդկային մեծաթիւ զոհեր, ապրեցան նկարագրային որոշ նահանջներ, հետեւաբար, ազգային տրամաբանութեան հիմամբ, անհեթեթութիւն է Մայիս 28ը համեմատութեան դնել խորհրդայնացման խորհրդանիշ դարձած՝ 29 Նոյեմբերին հետ։ Սա չի նշանակեր, որ հայութիւնը ուրացած է, թէ Պարսկաստանի, Բիւզանդիոնի, արաբական, ռուսական ու մինչեւ անգամ թրքական տիրապետութեանց օրերուն, հայն ու Հայաստանը նուաճումներ ալ արձանագրած են…
Խորհրդային տարիներու դժ-բախտ իրականութիւններէն մէկն ալ այն էր, որ համայանվարներու յիշեալ «տրամաբանութիւնը» իր մականին ենթակայ դարձուցած էր Դաշնակցութեան հակադրուած կազմակերպութիւններ ու խմբաւորումներ, որոնք մինչեւ իսկ Արցախեան Շարժումի առաջին օրերուն, անկախութեան վերահաստատումէն շուրջ 3 տարի առաջ, կը շարունակէին քմծիծաղով դիտել Օփերայի հրապարակին ծածանող Եռագոյնը, որ 1918էն ասդին շարունակած էր ծածանիլ իր հայրենի աւանդական արժէքներուն հաւատարիմ հայութեան հոգիներուն մէջ…
***
Հայաստանի անկախ պետականութեան վերահաստատումը առիթ ընծայեց, որ շատ բան սրբագրուի մեր հայրենիքին ու ժողովուրդի միտքին մէջ. Եռագոյնն ու Զինանշանը, Քայլերգին հետ միասին, վերագտան իրենց արդար պատուանդանները՝ հրապարակներու վրայ թէ հոգիներուն մէջ, սակայն խորհրդային տարիներէն որոշ «թափօններ» կը յամենան շատերու գիտակիցին ու անգիտակիցին մէջ, յաճախ՝ պատմական ճշմարտութեանց իրազեկ չըլլալու կամ, սնանկացած հաշուարկներով՝ անոնց դիտումնաւոր անտեսումին հետեւանքով։ Ահա թէ ինչո՛ւ կարեւոր է արմատական վերաքաղը ընել մեր պատմութեան էջերուն, լիարժէքօրէն ճանչնալ իրականութիւնները, հաշտուիլ անցեալին հետ ու ճամբայ բանալ նոր դարաշրջանին։ Ճշմարտութեանց ճանաչում ու անցեալին հետ հաշտութիւն կը նշանակէ նա՛եւ թօթափել բոլոր այն վատ ու յոռի «հաւատալիքները», որոնք կապուած կը մնան 20ական, 30ական, 50ական եւ աւելի ուշ տասնամեակներու տխրահռչակ իրադարձութեանց, կը նշանակէ հոգիով եւ ուղեղով բեռնաթափուիլ համայնավարութեան թողած բոլոր հետքերէն, ներառեալ փտածութիւնը պահպանելու ընթացքէն, որպէսզի մեր յառաջիկայ պատմութեան կերտումը շարունակուի պետական, կուսակցական, քաղաքական ու այլ տեսակի միաւորներու ձեռքերու միացումով։ Այս հաստատումը ընելով՝ ջատագովը չենք միաբեւեռ մտածողութեան, որովհետեւ ատիկա պիտի նշանակէր վերապրեցնել համայնավարներու այլամերժ դրութիւնն ու միակուսակցական տրամաբանութիւնը, այլ կը նշանակէ բազմակարծութեան բարիքները ի սպաս դնել մեր հայրենիքին ու անոր նայող հայութեան։
Համայնավարներու այլանդակ ժառանգութենէն բեռնաթափուիլ՝ տակաւին՝ կ՛ենթադրէ իրենց արդար պատուանդանին կանգնեցնել Սարդարապատի ու միւս հերոսամարտերու կերտիչները, Հանրապետութեան հիմնադիրներն ու պետական կառոյցները ձեւաւորողները։ Երեւանի, այլ քաղաքներու ու աւաններու, Արցախի, ինչո՞ւ չէ նաեւ սփիւռքեան օճախներու մէջ այսօրուան ու վաղուան սերունդներուն աչքերուն դիմաց պէտք է կանգնել զօրավարներ Նազարբեկեանի, Սիլիկեանի, Արարատեանի ու տակաւին բազմաթիւ այլ հրամանատարներու արձանները, Արամ Մանուկեանի, Խատիսեանի, Քաջազնունիի, Շանթի, Վրացեանի եւ անոնց սերնդակից՝ որեւէ կուսակցութեան անդամի յուշակոթողները, առանց մոռնալու Սարդարապատի «Ղեւոնդ Երէց»ը՝ Գարեգին Եպսկ. Յովսէփեանցն ու նմանները, որպէսզի մեր պատմութեան փառաւոր էջերը, հոգ չէ թէ տխուր իրադարձութիւններով տժգունած՝ ապրող դասատուները ըլլան այսօրուան ու վաղուան պատանիին ու երիտասարդին։
Հայը պէտք է հպարտութեամբ սորվի ու վերյիշէ, որ վերանկախացած Հայաստանը 1991ին ծնունդ չէ առած, այլ ունի հարիւրամեայ հարուստ ժառանգութիւն, որուն տէրն է ամբողջ հայութիւնը, եւ ոչ թէ առանձնապէս այս կամ այն կուսակցութիւնը՝ Դաշնակցութիւնը, Ռամկավարը, Հնչակեանը, Հանրապետականը, Բարգաւաճ Հայաստանն ու մեր քաղաքական կեանքը բաղկացնող միաւորները, տակաւին՝ առաքելականը, կաթողիկէն կամ աւետարանականը։ Իսկ եթէ ուզենք կարկինը տարածել նաեւ 100ամեայ հանրապետութեան ժամանակաշրջանէն քիչ մը դուրս, մեր արդարահատոյցները՝ Թալէաթներն ու Պեհաէտտինները զգետնող հերոսներն ալ արդար սպասումը ունին իրենց արդար պատուանդանները ունենալու մայր հայրենիքին մէջ ու այլուր, որպէսզի Ֆրեզնոյի մէջ Թեհլիրեանի շիրիմին վրայ կանգնած յուշակոթողն ու Պէյրութի Ճեմարանին մէջ իրենց տեղը գտած կիսանդրիները չմնան որբ յուշարձաններ։
***
Հայրենի հողին վրայ անկախ պետականութեան՝ հանրապետական վարչաձեւի հաստատման 100ամեակը բաց հրաւէր է բոլորիս՝ հայութեան բոլոր զաւակներուս, որպէսզի անցեալ տասնամեակներու՝ խորհրդային թէ յետ-խորհրդային տարիներու արդար հաշուեկշիռը ընենք եւ ըստ այնմ թեւակոխենք յառաջիկայ փուլը։ Այս ընելու համար, անհրաժեշտ է ազատագրուիլ անցեալի «հալածախտերէն», ու թեւակոխել բազմազանութեան մէջ միասնութիւն իրականացնելու շրջանը, Արդարութեան հիմամբ դէպի զարգացում ընթացող ամբողջական Հայաստանի արարումը։
Անդրանիկ Հանրապետութեան վերարժեւորումը, ի շարս բազմաթիւ թելադրանքներու, ունի անժամանցելի պատգամ մը, որ կը խտանայ հետեւեալ ճշմարտութեամբ. երբեք մտահան չընել այն իրողական պայմանները, շրջանային թէ միջազգային գործօնները, որոնց մէջ կ՛ապրի մեր հայրենիքը, որ վճռած է գոյատեւել եւ ընդարձակել իր սահմանները, վերականգնել իր հողային ու ազգային բոլոր իրաւունքները։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատմագրողներէն եւ այդ օրերու վարչապետներէն Սիմոն Վրացեանի արձանագրած մէկ պատկերը պերճախօս վկայութիւն է այն իրողական ու հոգեբանական վիճակին, որուն մէջ ծնունդ առաւ մեր հանրապետութիւնը. «Հիւանդ երեխայ ծնած մօր վիճակ…»։ Թրքական եաթաղանը՝ մէկ կողմէ, կարմիր Ռուսիան՝ միւս կողմէ, ու տակաւին՝ քողարկեալ կամ բացայայտ թշնամական դիրք որդեգրած այլ դրացիներ՝ այլ կողմերէ, Հայաստանը մատնած էին անտանելի վիճակի. Արեւմտեան Հայաստանէն բռնագաղթուածներու ստեղծած ճնշումը, շրջափակումը, պատերազմական վիճակն ու այլ պատուհասներ մղեցին Վրացեանը՝ նորածին հանրապետութիւնը համեմատելու հիւանդ երեխայ ծնած մօր կացութեան, սակայն մօր համար նորածինը անգին է ու անփոխարինելի, որքան ալ որ հիւանդ կամ մինչեւ իսկ խեղանդամ ըլլայ ան. մայրը կանգ չ՛առներ որեւէ արգելքի ու զոհողութեան առջեւ, փրկելու եւ ըստ կարելւոյն բնականոն կեանք շնորհելու իր նորածինին։ Հանրապետութեան կարճատեւ կեանքին վրայ ամէնէն հպանցիկ ակնարկն իսկ մեզ կը հասցնէ այն եզրակացութեան, որ Հայաստանին ու հայութեան հաւատարիմ մեր ժողովուրդն ու ղեկավարութիւնը ա՛յդ մօտեցումն ու գուրգուրանքը ցուցաբերեցին մանուկ հանրապետութեան, հակառակ անոր որ նոյնինքն Վրացեանի բառերով՝ ան ինկած էր «թրքական սալին ու պոլշեւիկեան մուրճին միջեւ…»
Այսօր, մեր վերանկախացած հայրենիքին ներքին ու արտաքին իրականութիւնները համեմատելի շատ բան ունին 1918ի Հայաստանին հետ, սակայն հիմնական տարբերութիւնն ու մեծագոյն դրամագլուխը այն է, որ այսօրուան հայը՝ իշխանութեան դիրքերու վրայ կանգնողը, ժողովուրդն ու հայրենիքի սահմաններէն դուրս ապրողները, իրավիճակը դիտելու եւ գնահատելու շատ աւելի ձեռնտու պայմաններ կը վայելեն, ձեռք բերած են տասնամեակներու փորձ, քան ինչ որ վիճակուած էր Մայիս 28ը կերտողներուն, թէեւ կը դիմագրաւենք շրջափակումի, թշնամական յարձակումներու եւ քաղաքական անբարենպաստ տրամադրութիւններու հետեւանքները։ Ու երբ կ՛ուզենք մեր ապագան կերտել այս «դրամագլուխ»ին ընծայած առաւելութիւններով, սա ինքնաբերաբար կը նշանակէ, որ պարտինք արդար ու անաչառ աչքերով դիտել ներկան ու նախատեսելի ապագան՝ վաղն ու աւելի հեռուն։
Շրջանային ու միջազգային պայմանները ունին նպաստաւոր ու աննպաստ բազմաթիւ գիծեր։ Կարելի չէ անտեսել այն իրագործումներն ու ձեռքբերումները, որոնք 1991էն ասդին դանդաղ կամ հետզհետէ արագացող քայլերով կու գան գումարուելու անցեալ հարիւրամեակի նուաճումներուն վրայ։ Սկսելով Արցախի իրողական վերամիացումէն, հողի ու իրաւունքի համար պայքարի տարբեր միջոցներու ձեռնարկելու կամքի վերականգնումէն, ու հասնելով մինչեւ շրջանային ու միջազգային քաղաքական-դիւանագիտական բեմերուն վրայ արձանագրուած մեծ ու փոքր յաղթանակներուն. այս բոլորը մեզ կը դնեն ապագան աւելի՛ ինքնավստահութեամբ ու լաւատեսութեամբ դիտողի դիրքին մէջ։ Մասնաւորաբար Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի անփառունակ ընթացքներուն դէմ հայրենի պետութեան ու Հայ Դատի սպասարկուներուն արձանագրած նուաճումները չենք կրնար անտեսել, իրաւունք չունինք անտեսելու, որովհետեւ անոնք ըստ էութեան կ՛արձանագրուին այն ոգիով ու կամքով, որոնք մեզի հասած են անդրանիկ Հանրապետութեան օրերէն, այսինքն՝ այդ նուաճումները իբրեւ Հայաստանին ու ամբողջ հայութեան յաղթանակները ընդունելու տրամաբանութենէն։ Այս դիտանկիւնէն պէտք է տեսնել Էրտողանի շահատակութեանց ու Ալիեւի խաղքութեանց բացայայտման մէջ հայութեան յառաջխաղացքները։
Հայրենիքի բարելաւման նախանձախնդրութիւնը մեզ կը դնէ նաեւ այլ պարտաւորութիւններու դէմ յանդիման. նախանձախնդրութիւն՝ մշակութային եւ այլ գետիններու վրայ արձանագրուող նահանջներու եւ անտարբերութեանց դարմանումի. մասնաւորապէս ի մտի ունինք լեզուի, երգ-երաժշտութեան, ապա նաեւ զանգուածներու ընկերային-տնտեսական վիճակը տեղքայլի ու նահանջի մատնող իրականութեանց ջնջումը…
***
Հետեւաբար, նոյնքան կարեւոր են ներքին ճակատին վրայ բարեփոխութեանց հետամտութիւնն ու անցեալի «թափօններէն» ձերբազատումի կամքին ամրագրումը։ Ընդհանրապէս հայութեան կեանքին, ու մասնաւորաբար մեր մայր հայրենիքին մէջ առկայ են շահամոլութեան, դիրքերու չարաշահութեան ու ընկերային անարդար վիճակի շարունակման փաստերը։
Արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրները պէտք չէ շփոթել իրարու հետ, սակայն նաեւ պէտք է հրաժարիլ մէկը միւսին նոխազ դարձնելու ընթացքէն։ Հայաստանի ապահովութեան, անկախութեան ու հողերուն պաշտպանութեան պայքարները պատճառ չեն, որ մեր աչքերը փակենք անարդարութեան փաստերուն վրայ, որքան ալ որ նախընտրելի է խուսափիլ անոնց մասին խօսելէ ու սնանկ քննարկումներէ։ Առողջ ու շինիչ քննադատութիւնը արդար իրաւունք է ու պէտք է զայն կիրարկել՝ համապատասխան մշակոյթի ձեւաւորումով, դատարկաբանութիւններէ ու աժան սրամտութիւններէ հեռու կանգնելու տրամաբանութեամբ, աչքի մէջ շիւղ կամ գերան տեսնելու անհաւասարակշիռ դատումներով։
Ամէնէն ցաւցնող վէրքը կը մնայ այն, որ Հայաստանը ծանօթ ախտերէ զերծումը, վերանկախացումէն աւելի քան 25 տարի ետք, չէ գտած այնպիսի դարմաններ, չէ ցուցաբերած դարմանումի շօշափելի նախանշաններ, որոնք կասեցնէին հայրենիքը արնաքամ ընող արտագաղթը։ Ամէնէն մակերեսային ուսումնասիրութիւնն անգամ պիտի գար մեզ համոզելու, որ մինչեւ իսկ տարապայման վիճակներ ապրող երկիրներու բնակչութիւնը մեծ կամ փոքր աճ կ՛արձանագրէ տարուէ տարի (ի մտի չունինք սուրիացիին, եմէնցիին կամ ափրիկեան այս ու այն երկրին պարտադրուած ահաւոր պատերազմները, որոնք դարձած են լայնածաւալ արտագաղթերու ազդակ), մինչդեռ Հայաստանի բնակչութեան թիւը կը մնայ տեղքայլի ու մինչեւ իսկ նահանջի մէջ, արտագաղթողներ ընդհանրապէս կը հեռանան չվերադառնալու մտածումով. այլ երկինքներու տակ ծնող ու հասակ առնող զաւակներու՝ հայրենիքի պայմաններուն ծանօթ չըլլալը կը վերածուի պատրուակ-դրօշի։ Նման պայմաններու մէջ, ալ ի՜նչ խօսք ա՛յլապէս բաղձալի հայրենադարձութեան ալիքներու մասին, վտանգուած գաղութներու զաւակներուն հայեացքը Հայաստան ուղղորդելու մասին, երբ հայրենիքը կը թուի անկարող ըլլալ պահպանելու իր զաւակները, ապրուստի տարրական պայմաններ ստեղծելու անոնց համար, պատանիին ու երիտասարդին յոյս ներշնչելու՝ որ կարենայ իրեն համար տանելի ապագայ տեսնել սեփական ու անկախ հայրենիքին մէջ։ Շահամոլ, մենաշնորհներ ստեղծող ու փտածութիւն տարածող փոքրամասնութիւն մը իրողապէս կը շարունակէ բռնանալ ու նորօրեայ աւատապետութիւն կիրարկել մեր հայրենիքին մէջ. սա անընդունելի իրականութիւն է, այդ մասին խօսինք կամ ոչ…
Հայրենասիրութիւն, Հայաստանի շահերուն պաշտպանութիւն չեն նշանակեր կոյր ու մունջ ձեւանալ մեզ մաշեցնող ախտերուն դիմաց։ Հայրենասիրութիւն կը նշանակէ ճակատէն դիմագրաւել դառն ճշմարտութիւններն ու գործնական քայլերու դիմել անոնց չէզոքացման, դարմանումին ու կացութեան բարեշրջման նպատակով։ Արդար մօտեցումով շինիչ քննադատութիւնը բարիք կը բերէ, կը վանէ չարիքը։
***
Անիւը հնարած պիտի չըլլանք, եթէ հազարերորդ անգամն ըլլալով արձանագրենք, որ Հայաստանի ու հայութեան բարւոքումը կը կարօտի պատմութեան ու ազգային արժէքներու, անդրանիկ Հանրապետութենէն մեզի ժառանգ հասած պատգամներու պահպանումին ու վերակենսաւորման։
Եւ այս առաքելութեան մէջ, ամբողջ հայութիւնը, մեր ժողովուրդը բաղկացնող բոլոր հատուածներն ու միաւորները ունին պատասխանատուութեան բաժին։
100ամեակէն անդին նայող Հայաստանը խաղաղ ու ապահով պիտի ապրի ու զարգանայ իր բոլոր զաւակներուն միացեալ ճիգերով, ինչպէս որ հայութեան միացեալ ճիգերով կերտուեցան Սարդապատն ու անդրանիկ Հանրապետութիւնը։ Պատասխանատուութիւնը հաւասարապէս կը ծանրանայ իշխանաւորին, ընդդիմադիրին եւ «անկողմ»-կրաւորականին ուսերուն։
Հայաստանի մէջ ու Արցախի՝ հայութիւնը արդար ու հաւասար ակնկալութիւններ ունի թէ՛ իշխանաւորէն, թէ՛ ընդդիմադիրէն։ Եթէ իշխանաւորը պարտի վարել երկիրը՝ իր պաշտպանական, տնտեսական-ընկերային, մշակութային ու այս խորագիրներուն ենթաբաժանումները կազմող ոլորտներուն մէջ, ընդդիմադրութեան դերը կը կայանայ ո՛չ միայն իշխանութեան-իշխանաւորներու թերութիւններն ու շահատակութիւնները հրապարակելու ու ձաղկելու մէջ, այլ ակնկալելի է, որ անիկա դառնայ իսկական ընդդիմադրութիւն, դառնայ իշխանութեան իրողական մրցակիցը, որպէսզի իշխանաւորները իրենց ուսերուն ետին զգան ու տեսնեն արդարութիւն հետապնդող աչք ու ձեռք։ Ընդդիմադիրը պարտի ի՛ր ծրագիրներով ու նախագիծերով ճնշում բանեցնել երկրի վարիչներուն վրայ, որպէսզի սանձարձակութիւնները վերջ գտնեն ու տագնապներն ու դժուարութիւնները դարմանուին, եւ ոչ թէ ինք եւս վերածուի խմբաւորումի՝ որ իշխանութան հասնելու պարագային պիտի կրկնէր տուեալ իշխանութեան շահատակութիւններն ու թերութիւնները։ Ընդդիմադիր ըլլալու համար, չի բաւեր մնալ իշխանութենէ դուրս, այլ կարելի է նոյնքան օգտակար ընդդիմադրութիւն խաղալ՝ մասնակից դառնալով իշխանութեան։
Ահաւասիկ մարտահրաւէր մը, որ հայ պետական-քաղաքական միտքին դիմաց կը կանգնի 100ամեակի տարիէն սկսեալ, երբ կը յաւակնինք ու կը ձգտինք թեւակոխել խորհրդարանական վարչաձեւի դարաշրջանը։
***
Չունինք այն երազատեսութիւնը, թէ որեւէ երկիր ու պետական կառոյց կրնայ անթերի ըլլալ։ Մանաւանդ այսօրուան աշխարհը մեր դիմաց կը պարզէ բաց տօնավաճառ մը, ուր պետական մարդոց՝ նախագահներու, վարչապետներտու, խորհրդարանականներու, նախարարներու, մինչեւ իսկ ամէնահամեստ սպասարկուներուն աշխատանքի առօրեան ծանրաբեռնուած է ահաւոր ախտերով, անուղղայութիւններով ու թերութիւններով։ Կը թուի թէ տխմարութիւնն ու չարաշահութիւնը սկսած են իրենք զիրենք պարտադրելու իբրեւ նոր դարաշրջանի արտառոց չափանիշեր, ուր փոքրամասնութեան մը անհակակշիռ շահամոլութիւնը կը նսեմացնէ աւատապետական ամէնէն դաժան դարաշրջաններու պայմանները, որոնց ենթակայ եղած են լայն զանգուածներ։ «Աշխարհը այսպէ՛ս է. Հայաստանի պէս երկիրներ ինչպէ՞ս կրնան հեռու մնալ նման վիճակէ, դէմ դնել այլասեռող-այլափոխող ալիքներու» բացատրութիւնը ոչ մէկ ձեւով արդարացում է կամ ինքնարդարացում։ Եթէ հզօր ու նուազ հզօր երկիրներ աւազակներով ու բարոյականէ զուրկ կիսամարդերով կը կառավարուին, պայման չէ, որ մեր հայրենիքն ու նմանները կռնկակոխ կապկեն զանոնք, որքան ալ որ իրատեսութիւնը կը թելադրէ մեր ոտքերը չկտրել իրական աշխարհէն։
Հայրենապահպանութիւնն ու հայրենակերտումը ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ աւելի՝ կը հարկադրեն հայրենիքը դնել գաղափարական ամուր հողի վրայ, գաղափարականութիւն, որ կրնայ խորտակել մասնակի մտածողութիւնն ու անոր հետապնդած՝ փոքրամասնութեան մը շահերը։ Գաղափարին կորուստն ու նսեմացումը մեր աշխարհի մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկն է, զայն ընդունինք կամ ոչ։ Երկրի մը ապահովութեան ու հաւասարակշռութեան ամէնէն կարեւոր յենարանները՝ անոր բոլոր զաւակներուն միջեւ արդարութիւն հաստատելու մղումն ու առաջադրանքը չեն կրնար զուրկ ըլլալ գաղափարներու այն հարստութենէն, որ դասակարգերու միջեւ որոշ հաւասարակշռութիւն հաստատելու ձգտումով հարստացած է պատմութեան նոր դարաշրջանը սկզբնաւորող Զարթօնքի օրերէն ասդին, շօշափելի բարեփոխութիւններ բերելով հին Հռոմի ժողովրդավարութեան մէջ ու աստիճանաբար բիւրեղացնելով 19րդ ու 20րդ դարերու ընկերային գաղափարաբանութիւնները։ Հոս ալ պէտք է խուսափիլ անուանական ու իսկական արդարութիւն խոստացող գաղափարաբանութեանց նոյնացումէն։
Սա չի նշանակեր, որ ընկերութեան բոլոր անհատներուն միջեւ կարելի է բացարձակ հաւասարութիւն հաստատել, Եութոփիա ստեղծել. միշտ ալ պիտի ըլլան նիւթապէս աւելի կամ նուազ բարեկեցիկներ, սակայն երկիր մը չի կրնար գոյատեւել, անոր զաւակները չեն կրնար սեփական հայրենիքի մէջ ապագայ կերտել, եթէ փոքրամասնութիւն մը կազմէ գեր-հարուստներու «դասակարգ» մը, մինչդեռ զանգուածները՝ գիւղերու եւ քաղաքներու բնակչութեան մեծամասնութիւնը հետզհետէ աւելի՛ կախեալ ըլլայ այդ «դասակարգէն» ու անոր քմահաճութիւններէն, այնքան մը, որ հարկադրուի հրաժարիլ ամէն տեսակի սեփականութենէ, կորսնցնէ զայն ու ափ առնէ գաղթականի ցուպը (միջին դարերէն ի վեր, մեր գրականութիւնը հարստացած է գաղթականներու եւ պանդուխտներու երգերով, սակայն այդ դարերուն, ստրկացնողն ու հարստահարողը արտաքին բռնադատողներ էին…)։ Ցանկալի բարեփոխումի համար, կարելի չէ ու պէ՛տք չէ բաւականանալ հաւաստելով, որ Հայաստանի բնակչութեան թիւը մօտաւորապէս տասնամեակ մը ետք պիտի հասցնենք չորս միլիոնի։ Ամէնէն տարրական բարեփոխութիւններն անգամ կրնան երաշխաւորել յայտարարուած ժամանակամիջոցին կտրուկ կրճատումը, արտաքին օժանդակութեանց ճամբով գործի նոր կարելիութիւնները դարձնել ապրող իրականութիւն։
Այս ընդհանուր պատկերին մէջ, հայկական սփիւռքը ունի իր անփոխարինելի տեղն ու դերը։ Փաստօրէն, աչքերը հայրենիքին յառած սփիւռքահայը, ան ըլլայ դրամատէր, գործատէր թէ աւելի համեստ պայմաններու տէր հայորդի, երէկ, այսօր ու միշտ պատրաստակամ է եղած, պէ՛տք է ըլլայ իր կարելիութիւնները ի սպաս դնելու արդարութեան հիմերու վրայ կառավարուող Հայաստանին։ Անշուշտ Սփիւռքի համար կան այլ իրական մարտահրաւէներ, որոնք կը համախմբուին ոտքի տակ հայրենի հող չունենալու յայտարարին վրայ…
***
Սարդարապատն ու անկէ ծնունդ առած Հայաստանի հանրապետութիւնը անժամանցելի այլ դաս մը, խորքին մէջ՝ յուշարար մըն ալ են։ Մեր վերջին աւելի քան հազար տարիներու պատմութիւնը յաճախ հաստատած ու վերահաստատած է այս ճշմարտութիւնը, սկսեալ այն օրերէն, երբ սկսանք ապաւինիլ եւ յոյս կապել Խաչակիրներուն, օժանդակութիւն հայցող մեր ձեռքերը երկարեցինք արեւմտեան-եւրոպական ուժերու, յետոյ նաեւ հիւսիսի «քեռի»ին։ Արտաքին աջակցութիւնները անտեսելի չեն, սակայն եթէ սեփական ուժի յենարանը կը պակսի, հայցողն ու ակնկալողը ուշ կամ կանուխ կը դառնան խոստացողին խաղալիքն ու կամակատարը…։ Դրացի կամ մօտակայ ու հեռաւոր բարեկամներ ոչ մէկ ատեն պատրաստակամ եղած են կամ պիտի ըլլան նուազագոյն զոհողութիւնը ընելու ի խնդիր մեր հայրենիքի բարւոքումին, ապահովութեան։ Իսկ բարգաւաճման խոստումով որեւէ նպաստ անպայման որ մեծ կամ փոքր գին մը ունի։
Սարդարապատի յաղթանակն ու Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդը արդիւնք էին հայութեան միացեալ ու սեփական ուժերուն, կարողութիւններու մէկտեղումին։
1918ին ծնունդ առած փոքրիկ Հայաստամը շուտով սահմաններու ընդարձակում ապրեցաւ՝ նմա՛նապէս սեփական բազկի ուժով։
Վերանկախացած մեր հայրենիքը այսօր իրողապէս իր տարածքը ընդարձակած է Արցախեան Պայքարին շնորհիւ, որ կերտուեցաւ մեր նորօրեայ ֆետայիներուն ու բանակայիններուն արիւնով։ Չենք ձերբազատած մեր գլուխին վերաւ կախուած «Դամոկլեան Սուրեր»էն…
Եթէ Հայաստանի հանրապետութեան հողերու ընդարձակման փաստերը, անցեալին ու ներկայիս, դիտենք իրենց իսկական արժէքով ու չարհամարհենք սեփական միացեալ ուժի հնարաւորութիւնները, պատճառ չունինք արհարմարհելու Ազատ Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի վերականգնումի տեսիլքը, որքան ալ որ մեծ ըլլան մեր դիմաց այսօր կանգնող դժուարութիւնները, միջազգային արգելակող պայմանները։ Իսկ հոն հասնելու համար, 100ամեակը առիթ է սկզբնաւորելու ազգային համապարփակ ծրագիր մը, մշակելու անոր իրականացման հանգրուանային մարտավարութիւն մը եւ մեր բազմակողմանի կարողութիւններն ու հնարաւորութիւննրը լծելու այդ ծրագիրներուն իրականացման։ «Մանանեխի չափ հաւատք ունեցողը կրնայ լեռներ շարժել» խօսքը ճշմարիտ է նաեւ այսօրուան քաղաքական աշխարհին մէջ, իրաւատենչ ազգերու եւ երկիրներու համար։
Մեր արդարատենչութիւնը՝ անսակարկելի իրաւունքներուն վերահաստատման կամքը իրականութիւն է, զայն պէտք է իրականացնենք Սարդարապատէն ծնած պետականութեան ու Արցախի մէջ վերահաստատուած փաստին յենելով։
Ամանոր, 2018
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ
ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէութիւն,
Ս. Խաչ Մայր Տաճարի
Հոգեւոր Հովիւ ու Հոգաբարձութիւն,
Մեսրոպեան Ազգ. Վարժարան,
ՀՕՄի «Նայիր» Մասնաճիւղ,
ՀՕՄի «ԱնԻ» Մասնաճիւղ,
ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի Մասնաճիւղ,
ՀԵԴ «Վահան Գարտաշեան» Ուխտ,
ՀՅԴ «Վահան Գարտաշեան»
Պատանեկան Միութիւն
Նոր Տարին Թեւակոխե՛նք՝
Իրականացած Տեսնելով
Պահանջատէր Հայութեան
Անկատար Տենչերը