ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Յոբելենական հեւքոտ իրադարձութիւններու տարի մը կը թեւակոխենք: Մայիս 28ի անկախութեան հռչակման ու պետականութեան կառուցման 100ամեակ, ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 100ամեակ, Համազգայինի 90ամեակ, Ղարաբաղեան շարժումի 30ամեակ եւ ի լրումն ամենայնի ու այս բոլորին վկայ՝ «Ասպարէզ» օրաթերթի 110ամեակ:
Ահա մօտաւոր բովանդակութիւնը «Ասպարէզ»ի խմբագիրէն՝ ընկ. Աբօ Պողիկեանէն ստացուած ել-նամակին, որով կ՛առաջարկէր ան մասնակցիլ թերթի ամանօրեայ բացառիկին՝ վերի նիւթերու շրջանակին վերաբերող յօդուածով մը: Նոյնանման ուրիշ ել-նամակ մը «Ազդակ»էն՝ նոյն առաջարկով:
Կ՛երեւի մոռացումով զանց առնուած էին տեղի ունենալիք երկու այլ իրադարձութիւններ, մէկը՝ Երեւանի հիմնադրութեան 2800ամեակի տօնակատարութիւնը, իսկ երկրորդը՝ ափրիկեան, ասիական, եւրոպական ու ամերիկեան ցամաքամասերէ ֆրանսախօս համարուող բազմաթիւ երկիրներու (francophone) համաժողովն է, որ, ըստ այս յօդուածագիրին, ամէնէն ծանրակշիռն ու օգտակար իրադրութիւնը կարելի է նկատել հայրենիքին համար, քանի որ անիկա առիթը պիտի ունենայ մայրաքաղաքին մէջ հիւրընկալելու քաղաքական, ակադեմական թէ գիտական շրջանակներէ շուրջ 90 կարկառուն ու ազդեցիկ ժողովականներ: Եզակի պատեհութիւն մը Երեւանին, որ աշխոյժ բացուածք կատարէ, դիւանագիտական ինքնավստահութիւն ցուցաբերէ, մասնակից երկիրներուն համակրանքին արժանանայ եւ իբրեւ անոնց իրաւահաւասարը՝ ինքզինք վերահաստատէ: Բայց ասիկա արդէն ուրիշ թեմա է եւ առնչութիւն չունի յոբելեաններուն հետ:
Ինչ կը վերաբերի յօդուածի մը առաջարկին, կարճ խորհրդածութիւն մը բաւ է, որ շուար վիճակի մատնուի ոեւէ յօդուածագիր, երբ մանաւանդ արհեստավարժ չէ ան: Ինչի՞ կը միտի յոբելենականներու այս «հեւքոտ» հրմշտուկը, աւելի ճիշդ՝ խաչաձեւումը, քանի որ յոբելենական նշանակալից թուականի մը հռչակումը առհասարակ կը նպատակադրէ լուսարձակը բանալ, մարդոց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել յոբելեար կազմակերպութեան վաստակին ու յառաջիկայ ծրագիրներուն վրայ եւ անոնցմով դրոշմել հանրութիւնը՝ տարուան մը կտրուածքով: Ներկայ պարագային, ամեակներու զուգադիպութեան այս շարանին մէջ, հասարակութեան սեւեռումը պիտի կեդրոնանայ իր տարողութեա՛մբն ու պատմակշիռ ծանրութեա՛մբը ըստ ամենայնի անբաղդատելի եւ է՛ապէս ազգային մեր մեծագոյն տօնին՝ անկախութեան հռչակման 100ամեակին վրայ, իսկ միւսները պէտք է նկատել անոր իտէալներէն ներշնչուող, այդ իտէալները տարածող եւ ամրացնող ածանցեալ գործօններ:
Դաշնակցականի մը փոքր ու ներելի փառասիրութիւնը թոյլ կու տայ արձանագրելու, որ վերոյիշեալներէն «Ասպարէզ» օրաթերթ, ՀՄԸՄ ու Համազգային՝ հիմնադրութեան թուականէն սկսեալ՝ 8-11 տասնամեակներու վրայ ծաւալած իրենց գործունէութիւնը կենսաւորեցին անցեալին, ինչպէս ներկայիս ալ կը վայելեն հայ զանգուածներու անվերապահ վստահութիւնը՝ շնորհիւ Դաշնակցութեան, որուն բազմամակարդակ օրակարգին մէջ ՀՄԸՄին ու Համազգայինին կարեւոր տեղ յատկացուած է արդէն եւ որ զանոնք կը նկատէ իր մարզական եւ մշակութային թեւերը: Կը զօրակցի անոնց գործնապէս՝ մարդուժով ու բարոյական նեցուկով: Ամէն աջակցութիւն կու տայ անոնց, որպէսզի արժանաւորապէս տէր դառնան հայ կեանքին մէջ իրենց վիճակուած առաքելութեան: Իսկ «Ասպարէզ»ի պարագային աւելորդ է յիշեցնել անոր կուսակցական պատկանելիութիւնը, ինչպէս նաեւ աւելորդ է անդրադառնալ «Ասպարէզ»ի մեծ վաստակին ու նախախնամական դերակատարութեան՝ յատկապէս ամերիկահայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ…:
Գալով Ղարաբաղեան շարժումի 30ամեակին, դաշնակցականի փոքր այդ փառասիրութիւնը նոյնպէս իրաւունք կու տայ ըսելու, որ անկախ հանրապետութեան (1918-1920) շրջանին, հակառակ տիրող խառնաշփոթ պայմաններու դժուարութեանց, Դաշնակցութիւնը պահանջատէր եղաւ, որ Ղարաբաղը Հայաստանին անբաժան մասը կազմէ եւ անզիջող մնաց իր այդ պահանջքին մէջ: Հետագային, համայնավար վարչակարգի տարիներուն եւ մինչեւ 1988, այդ պահանջքը մշտապէս արծարծ պահողը, բարձրաձայնողը եւ Սփիւռքի սերունդը անով վարակողը ի՛նքն էր՝ ՀՅԴն: Եւ երբ ղարաբաղեան համաժողովրդային պոռթկումը զինեալ բախումներու յանգեցաւ, ի՛նքն էր դարձեալ, որ առաջին օրերէն կռուողներուն օգնութեան հասաւ զէնքով ու անմնացորդ ազատամարտիկներով: Պատահական չէ, որ այդ թէժ տարիներուն, նախագահութեան դաշնակցական թեկնածուն՝ եղերաբախտ Արթիւր Մկրտիչեան նախագահ ընտրուեցաւ Արցախի նորակազմ Ազգային խորհուրդին…:
Եւ հիմա՝ 100ամեակը 1918ի, որուն իրագործումը, իր եզակի տարողութեամբ, մեծագործութիւն մըն է, որուն նմանը չկայ մեր պատմութեան մէջ:
Թագաւորական անկախ ժամանակաշրջաններ, հերոսական հրաշապատումներ, կայսերական տարածումներ, նոյնիսկ օտար հողի վրայ՝ հզօր Բիւզանդիոնէն Կիլիկիան խլելով հոն պետութիւն հաստատելու խիզախութիւնը ունեցած ենք անշուշտ, բայց 1918ի պետականութեան շնորհիւ էր, որ հայկական անդիմագիծ հասարակութիւնը մուտք գործեց ժամանակակից քաղաքակրթական դարպասէն ներս, պաշտօնապէս ու միջազգայնօրէն ճանաչում ստացաւ անիկա՝ իբրեւ ազգային ինքնուրոյն միաւոր եւ պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով եւ անշրջելի կնիքով կերտուեցաւ հայ քաղաքացին:
Սարդարապատէն մինչեւ հայրենիքի համայնավարացում ու յատկապէս անկէ ետք, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայ կեանքի հպարտառիթ ու տխուր իրադարձութեանց մասին լաւ ու վատ շատ բան ըսուած-գրուած է ու բացառուած չէ, որ տակաւին շատ բան ըսուի ու գրուի: Որեւէ պարագայի սակայն, կարելի չէ ուրանալ, որ 1918ին սահմանագծուցաւ հայրենիքի այն փոքր շերտը, զոր ունինք: Կարելի չէ ուրանալ, որ այդ թուականէն՝ հայ մարդը հոգիով ու մտածողութեամբ հիմնովին փոխուեցաւ, անոր մէջ ամրապնդուեցաւ հայրենիքի ու անկախութեան գաղափարը եւ իրաւունքի գիտակցութիւնը…:
Եւ մինչեւ Հայաստանի վերանկախացումը, Դաշնակցութեան ներշնչումով ու առաջնորդութեամբ էր միայն, որ ուղեկից-գործակից կազմակերպութիւններ եւ ազատատենչ հայ զանգուածներ յամառօրէն կառչած մնացին անկախութեան գաղափարին, պանծացուցին տօնը, վառ պահեցին եռագոյնին փառքը եւ անոնցմով խորհրդանշուած հպարտութիւնն ու ձգտումները ներարկեցին յաջորդական սերունդներու հոգիներուն մէջ: Այդ կառչածութիւնն էր, որ յատկապէս Սփիւռքի սերունդը եւ անուղղակի՝ հայրենաբնակ հայութիւնը փրկեց գնչուի հոգեբանութեամբ անհեռանկար կեանք ապրելու դժբախտ ճակատագիրէն: Եւ իբրեւ անհեթեթ հակադարձութիւն այդ կառչածութեան, թէ՛ Հայաստանի համայնավար իշխանութիւնները, թէ՛ անոնց ձայնակցող սփիւռքեան որոշ հատուածներ, նոյնքան անհեթեթ մերժումով ազգային այս մեծագոյն իրագործումը Դաշնակցութեան սեփականութիւնը համարեցին: Մինչդեռ ան երբեւիցէ ոչ կուսակցական շրջանակի մէջ եւ ոչ ալ հանրութեան առջեւ սեփականացուցած է տօնը: Միշտ յայտարարած է, թէ անիկա ամբողջ հայութեան մեծագործութիւնն է, հակառակ պատմականօրէն հաստատուած այն իրողութեան, որ անկախութեան հռչակումին եւ պետականութեան կառուցման ազգակերտ գործին մղիչ ուժն ու գլխաւոր դերակատարը ի՛նք եղած ըլլայ:
Ինչո՞ւ այսքան կառչածութիւն պետականութեան ու անկախութեան գաղափարին: Պարզապէս անոր համար, որ ազգի կազմակերպուածութեան գերագոյն մակարդակն է, վերջնագոյն հանգրուանն է անկախ պետականութիւնը, որ ամենալայն իմաստով պիտի ապահովէ սեփական ժողովուրդին կեանքը: Պիտի ապահովէ հայրենիքի սահմանները, երկրի զարգացման յառաջընթացն ու տնտեսական աճը: Պիտի ապահովէ քաղաքացիներուն բարօրութիւնը, արդարութեան ու իրաւունքի գերակայութիւնը: Կարճ՝ պիտի ապահովէ ու ամրապնդէ ժողովրդավարութիւնը, որ փոխադարձաբար կ՛ապահովէ պետութեան ամրացումը: Պետութիւնը եթէ չհետամտի ասոնց իրացման, կ՛օտարուի ժողովուրդէն եւ կը վերածուի պերճանքի՝ իշխանաւորներուն քմայքները բաւարարող եւ անոնց կողմէ շահագործուող:
Հայաստանի վերանկախացումը հայրենաբնակ թէ Սփիւռքի հայ մարդուն շնորհեց աննախընթաց ցնծութիւն՝ ոգեւորելով, որ ան պիտի իրականացնէ մեր անկատար տենչերը: Եւ իրապէս ալ, առաջին տարիներուն «արութեան մեծ գործեր կատարուեցան՝ արժանի գրի ու յիշատակութեան…»: Սակայն «արութեան» գործերու երկունքէն ետք, վերելքին յաջորդեց վայրէջքն ու յուսախաբութիւնը: Ոչ ոքի միտքէն կ՛անցնէր, թէ պետութեան ղեկին վրայ՝ իշխանաւորներու ընչաքաղցութիւնն ու ապիկարութիւնը պատճառ պիտի դառնային, որ երկիրը գալարուէր համատարած խաթարուածութեան մէջ, բնակչութիւնը օտարուէր սեփական պետութենէն, ազգի հոգեկերտուածքը դարերով յաւերժացնող գաղափարներու վեհութիւնը տժգունէր ու ծայր առնէր արտագաղթի անհակակշռելի հոսանք մը:
Պարզամիտ մարդոց միտքերուն մէջ ակամայ հարց կը ծագի, թէ անկախութիւնն ու պետութի՞ւնն են ստեղծուած կացութեան պատճառը: Պատասխանը միանշանակ է, շեշտ ու գլխագիր՝ Ո՛Չ: Շատ հին տարիներէն, 5րդ դարէն մեր մատենագիրը յստակացուցած է, թէ երկաթը կարելի է գործածել բարի կամ չար նպատակներու: Երկու պարագաներուն ալ դերակատարը օգտագործող մա՛րդն է, ոչ թէ օգտագործուող երկաթը…:
Անցնինք:
Վերանկախացումին՝ արութեան գործերու ազդանշանը սկիզբէն տրուեցաւ, երբ վճռականօրէն յայտարարուեցաւ, որ ազգային ներկայ պետութիւնը շարունակութիւնն է 1918ին հիմնադրուած հանրապետութեան եւ միաժամանակ որդեգրուեցան անոր խորհրդանիշերը՝ դրօշը, ոգերգը, զինանշանը (հակառակ որոշ շրջանակներու կռկռոցին ու ընդդիմութեան):
Եւ ներկայիս, Հայաստանի մէջ կազմուած է արդէն կառավարական յանձնաժողով, որպէսզի արժանաւոր տօնակատարութիւններով պանծացուի 1918ի փառքն ու 100ամեակը:
Համազգային ակնկալութիւն պիտի ըլլայ, որ այդ տօնակատարութիւնները մեծագործութեան մը 100ամեակը նշելու արարողակարգային ընթացիկին մէջ չսահմանափակուին, այլ իրապէս անոնք նշանակեն 1918ի նպատակները վերակենդանացնելու, անոր ձգտումներով առաջնորդուելու, անոր ոգիով նոր սկիզբ մը դնելու յանձառութիւն:
Ա՛յս է արդէն յոբելենական տարի հռչակելու իմաստը:
Համազգային ակնկալութիւն է, որ չկասի արութեան գործը:
Այս յանձնառութեամբ ու համապատասխան միջոցառումներով միայն կարելի ըլլայ թերեւս քիչ մը մեղմացնել իշխանաւորներուն յանցանքին ծանրութիւնը անցնող տարիներու վայրէջքին համար՝ ատիկա համարելով համայնավար հին վարչակարգին վրայ նո՛րը կառուցելու գործընթացի մը խարխափումներու հետեւանքը:
Կասկած չկայ, որ 100ամեակը հայօճախներու մէջ եւս արժանաւորապէս, փառքով ու պատիւով պիտի պանծացուի, հոգիները պիտի լեցուին յուզումի ալիքներով ու հպարտութեամբ: Ոգեշունչ ճառեր ալ պիտի արտասանուին ու լսուին: Բայց այդ բոլորը պիտի խթանե՞ն, որ Սփիւռքը իր վրայէն թօթափէ կամակոր կրաւորականութիւնը եւ վերագտնէ՛, վերակենդանացնէ՛ քաղաքական իր ջիղն ու պայքարունակութիւնը:
Քաղաքական ամուր ջիղ եւ պայքարունակութի՜ւն. հի՛մքը՝ դաշնակցական դաստիարակութեան:
Նոր Տարին Յոյսերով Ու Բարիքներով Լի Տարի Մը Ըլլայ
Սամուրգաշեան
Զարեհ եւ Յասմիկ
Արմէն եւ Րաֆֆի
2018 տարին, որ մեզի համար կարեւոր
ամեակներու տարին է, իր կարգին,
թող պատմական դառնայ՝
ազգային մեր նուաճումներով։
Ադրինէ Սարաճեան
Ակնաբոյժ Տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան
Կը Շնորհաւորէ Համայն Հայութեան
Նոր Տարին Եւ Սուրբ Ծնունդը
Ֆերահեան Ազգային երկրորդական վարժարանի, Մարի Գապայեան Նախակրթարանի եւ ՀՕՄի «Աշխէն Փիլաւճեան» Մանկամսուրի տօրէնութիւնը, պատասխանատու մարմիններն ու անձնակազմը, սրտանց կը շնորհաւորեն վարժարանի ծնողները, համակիրները, ազնուասէր բարերաները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհատարած ողջ հայութեան Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, մաղթելով բոլորին հայօրէն ապրելու աննկուն կամք, Հայ Դատի յարատեւ յաղթական երթ, հայութեան անկատար տենչերու իրականացում, ինչպէս նաեւ բարեբեր եւ օրհնեալ տարի մը: