ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
2018 թուականը պատմական մեծ իրադարձութեանց յոբելեաններու տարի մըն է մեր ազգին համար։ Արդարեւ, այս տարի ազգովին պիտի նշենք մեր պատմութեան ամէնէն փառահեղ տօնը՝ լոյսի, յոյսի ու յաւերժութեան տօնը, Հայաստանի անկախութեան եւ Ա. Հանրապետութեան 100ամեակը։ Հանրապետութիւն մը, որ ծնաւ մոխիրներու մէջէն եւ բոցի վերածուեցաւ՝ հերոս հայ զինուորի ու քաջ ֆետայիի սխրագործութիւններով եւ ազգի բոլոր զաւակներուն զոհաբերութեամբ: Թէեւ անիկա տառապած հայուն երազած հայրենիքի սահմանները չունեցաւ, սակայն եղաւ հիմքը մեր ապագայի անկախ ու միացեալ հայրենիքին: Եթէ անիկա չըլլար, ապա անոր յաջորդող խորհրդային Հայաստանն ալ գոյութիւն պիտի չունենար, նմանապէս նաեւ՝ մեր երրորդ հանրապետութիւնը: Փա՜ռք ու պատիւ բոլորին…
2018 թուականը նաեւ մեր փառքի ու յաղթանակի՝ Արցախեան ազատագրական շարժումի 30ամեակն է, մեր ազգի անկախ կամքին մարմնաւորումը, որ եղաւ մեր ժամանակակից պատմութեան ամենալուսաւոր եւ ամենափայլուն էջերէն մէկը: Արցախը ազատագրուեցաւ մեր ազգին կամքով, հայ ազատամարտիկներուն եւ կամաւորներուն հզօր բազուկներով ու թափած արիւնով: Արցախը եղաւ «լինելու կամ չլինելու» հարց, եւ քանի որ «չլինելը» տեղ չունի մեր ազգային պայքարի բառարանին մէջ՝ Արցախը աննկուն կամքով ազատագրուեցաւ՝ դառնալով բոլորին պարծանքը: 2018ին նաեւ պիտի նշուի «Էրեբունի-Երեւան»ի հիմնադրութեան 2800ամեակը, երբ անիկա բարձրաձայն պիտի գոռայ. «Էրտողա՛ն, Ալիե՛ւ, երբ ես հիմնուեցայ՝ ձեր պապերը ո՞ւր էին»… Այս հողերու անցեալի, ներկայի ու ապագայի տէրը ՀԱ՛Յն է:
Մեր այս պատմական ու ճակատագրական յոբելեաններուն հետ միաժամանակ, ազգային այլ տօներ եւս պիտի նշուին: Օրինակ, 2018ը ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 100ամեակն է, Միութիւն մը, որ հիմնուեցաւ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայ որբերուն ու պատանիներուն համար, տարածուեցաւ աշխարհով մէկ, դաստիարակեց եւ տակաւին կը դաստիարակէ հայ սերունդներ: Նաեւ, հայ մշակութասէր խաւին ու բոլո՛ր հայերուն համար Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Միութեան 90ամեակն է 2018ին, իսկ մեր ազգային հայ մամուլի աւագ օրաթերթ «Ասպարէզ»ին՝ 110ամեակը: Այս յոբելեանները, անտարակո՛յս, մեր ազգին ու հայրենիքին ծառայելու ուխտը վերահաստատելու առիթներ պիտի ըլլան, ինչպէս նաեւ՝ անոնց սպառնացող մարտահրաւէրներուն ու վտանգներուն դէմ յանդգնութեամբ եւ խիզախութեամբ կանգնելու նորոգուած դաշինք մը: Ուստի, 2018 տարին մեծ մարտահրաւէրներու տարի մըն է մեր ազգին համար:
Ներկայիս, մեր ազգային արժէքները նահանջի մէջ են. մեր ազգը կը դիմագրաւէ ազգային զանազան սպառնալիքներ, որոնցմէ գլխաւորներէն է Հայաստանի պարպումը։ Առկայ պայմաններուն մէջ, պէտք չէ՛ թոյլ տրուի, որ Հայաստանը պարպուի կամ Սփիւռքը մաշի: Հարկ է հզօ՛ր հայրենիք եւ հզօ՛ր Սփիւռք պահել ու միասին գործակցիլ: Նաեւ, Արցախը ազատգրուած է, այո՛, սակայն անհրաժեշտ է ուժե՛ղ պահել զայն: Իսկ գերութեան մէջ մնացած մեր պապենական հողերը՝ Արեւմտեան Հայաստանը, Ջաւախքը, Նախիջեւանը եւ միւս բոլոր հողերը, ուշ կամ կանուխ պէտք է Մայր հայրենիքին միացուին:
Հետեւաբար, մեր ազգային հինաւուրց սակայն մի՛շտ այժմէական գլխաւոր Դատը եւ մարտահրաւէրը կը մնայ՝ մեր պապենական հողերու պահանջումը։ «Հողը արիւնով կը պահեն», կ՛ըսէ հայ գուսանը. այդ հողերը ազատագրելու համար ալ արիւն պէտք է թափուի. սակայն, ներկայիս կը թուի, թէ ո՛չ մենք պատրաստ ենք, ո՛չ ալ միջազգային իրավիճակը կը ներէ զէնքով պայքար մղել: Հայաստանը՝ իբրեւ պետութիւն եւ ՄԱԿի անդամ, ներկայիս կաշկանդուած վիճակ կը պարզէ: Այդ եւ այլ պատճառներով, ռազմավարական որեւէ գործողութիւն այդ առումով անհնար կը թուի ըլլալ ներկայիս. այդպէս է նաեւ միլիոնաւոր սփիւռքահայերու համար։ Սակայն հայրենիքը եւ Սփիւռքը շա՛տ բան կրնան իրագործել՝ այլ միջոցներով եւ մօտեցումներով…
Թուրքիոյ մէջ ներկայիս միլիոնաւոր իսլամացուած հայեր կ՛ապրին, եւ հաւանական է որ աւելի շատ ըլլայ անոնց թիւը. անոնցմէ մաս մը սիւննի դաւանանքին կը հետեւի, իսկ մեծամասնութիւնը՝ ալաուիներ, որոնք քրտացած հայեր են: Ներկայիս, 16-20 միլիոն քիւրտ կայ Թուրքիոյ մէջ. անոնցմէ միլիոնաւորներ կ՛ապրին հայկական հողերու վրայ, ուր կը գոյատեւեն նաեւ Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ քրտացած հայեր: Քիւրտերը, երբ իրենց երազած հայրենիքին քարտէսը կը ներկայացնեն, անոր մէջ կ՛ընդգրկեն նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի մեծ մասը, մինչեւ իսկ՝ Արարատը: Կան նաեւ համշէնահայերը, որոնք այժմ մէկ միլիոն կը հաշուեն. շատերը իսլամացուած են, սակայն անոնց մէջ քրիստոնեաներ ալ կան, իսկ որոշ մաս մըն ալ պահպանած է իր հայկական բարբառը. ոմանք կապեր հաստատած են Հայաստանի հետ, այնուամենայնիւ, տակաւին շատ աշխատանք կայ տարուելիք այդ ուղղութեամբ: Մեր պապենական հողերուն վրայ ապրող իսլամացուած հայերը պէ՛տք է ազգին գիրկը վերադառնան եւ իրենց հողերուն վրայ հայրենի օճախը վառ պահեն: Զանոնք հարկ է պատրաստել ա՛յս ուղղութեամբ:
Աշխատանքները պէտք է ընդգրկեն բոլորը՝ անխտի՛ր. առաջին հերթին՝ մշակոյթի ճամբով, եւ այդ առումով արդէն իսկ կը տարուի նկատառելի աշխատանք, որ սակայն առաւել հաւաքական պէտք է ըլլայ։ Համացանցը, պատկերասփիւռը, ձայնասփիւռն ու այլ միջոցներ մեծ ազդեցութիւն կրնան ունենալ այս առումով: Հարկ է, զոր օրինակ, Ցեղասպանութեան մասին թրքերէնով եւ քրտերէնով տպուած նիւթեր, պարբերաթերթեր, գիրքեր, ֆիլմեր եւ զանազան տեղեկութիւններ մատչելի դարձնել իսլա-մացած հայերու խաւերուն. եթէ անոնց կապերը ամրապնդուին հայրենիքին հետ, եթէ հայկական մշակոյթը յաջողինք տարածել եւ հաստատել անոնց մէջ, ապա, շա՛տ հաւանաբար, Ցեղասպանութեան վիշտը պիտի աճի անոնց խիղճերուն մէջ, եւ անոնք պիտի դառնան իրենց արմատներուն՝ մէկ մասը կազմելով հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Ուստի եւ գլխաւորաբար՝ պարտինք կարգաւորուա՛ծ աշխատանք տանիլ, Թուրքիոյ պետութեան կասկածը փարատելու համար: Բոլոր աշխատանքները պէտք է տարուին լրջօրէն եւ լռելեայն: Զէնքը հնարաւոր չէ՛ որ հայու դրօշին տակ գտնուի ներկայիս, սակայն ինչո՞ւ չէ՝ կարելի է համագործակցիլ այդ պետութեան դէմ լարուած ուժերուն, ներառեալ՝ շրջանի քրտական ազատագրական շարժումներուն ու անոնց միացած քրտացած հայերուն հետ. իսկ երբ զանգերը ղօղանջեն, մենք արդէն պատրաստ մարտիկներ ունի՛նք…։
Միւս կողմէ չմոռնանք, որ մեր ակնկալած ապագայի յաղթանակին համար շատ ուրիշ միջոցներ ալ պէտք է ձեռք բերել. օրինակ՝ ելեկտրոնային պատերզմի դաշտը բաց է բոլորին համար. համացանցը աւերներ կրնայ գործել եւ մեծ վնասներ հասցնել թշնամիին: Դիւանագիտական եւ քաղաքական գործունէութիւնը եւս շատ կարեւոր է՝ բարեկամներու ու այլ պետութիւններու աջակցութիւնը ապահովելու նպատակով։ Համաշխարհային մակարդակով աւելի մեծ թիւով դիւանագէտներ ու իրաւագէտներ պատրաստելը հրամայակա՛ն գործօն է, իսկ այս բոլոր աշխատանքներուն նիւթական կարիքները ապահովելու ուղղութեամբ մե՛ծ ջանք պէտք է թափել: Մէկ խօսքով, իւրաքանչիւր հայ՝ հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի, ամէն տեսակէտով պէտք է պատրաստուած ըլլայ, երբ Սեւրի դաշնագիրը, կամ՝ «նոր Սեւր» մը, գործադրելու ժամանակը հասնի:
Վերջապէս, մենք ներկայիս, առանց յապաղումի, սուր կարիքը ունինք հայրենիքի մէջ Ծիծեռնակաբերդի նման՝ «Պահանջ եւ Վերականգնում»ի յուշակոթողի մը հաստատման՝ մեր Դա՛տը մարմնացնելու համար, նմանապէս նաեւ՝ «Պահանջի Օր» մը նշանակելու եւ զայն ամէն տարի նշելու պետական ու ժողովրդական մակարդակով, որպէսզի նոր սերունդը երբե՛ք չմոռնայ գերութեան մէջ մնացած մեր ԵՐԿԻՐԸ:
Լոս Անճելըս
Դեկտեմբեր 2017
Ձեզի կը մաղթենք նպատակներու իրագործման
բացառիկ առիթներով լեցուն տարի մը
Վահան եւ Արմինէ Կարպուշեան եւ Ընտանիք
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով
Տէր եւ Տիկ. Մինաս եւ Թալին
Հաշօլեաններ եւ զաւակը՝ Կարօ
Կը շնորհաւորեն իրենց հարազատներն
ու ընկերները, Մաղթելով Առողջութիւն եւ Յաջող Օրեր