ՊՈԼԻՍ.- Բրիտանական «Պի.Պի. Սի.» լրատու գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ 2006-2016 թուականներուն, աշխարհի մէջ մամլոյ եւ խօսքի ազատութիւնը ամէնէն աւելի ոտնակոխուած է Թուրքիոյ մէջ, եւ Թուրքիա այս մարզին մէջ նոր «մրցանիշ» մը հաստատած է։ Այս եզրակացութեան հասած է մարդկային իրաւունքներու հարցերով զբաղող «Արթիքըլ 19» եւ «Վ. Տեմ» ընկերաքաղաքական կառոյցներու հետազօտութիւնը, որ կատարուած է 172 երկիրներու մէջ՝ իշխանամէտ լրասփիւռներու, օրէնքի խախտումներու, համացանցի սահմանափակումներու, դատական եւ լրագրողներու դէմ գործադրուած ճնշումներու, հասարակական խաւերու եւ սեռերու միջեւ անհաւասարութեան ու նմանօրինակ այլ ոլորտներու ուսումնասիրութեան հիման վրայ։
Այս ուսումնասիրութեան մէջ նշուած է. «Ընդդիմադիրներ կը պնդեն, որ Ապրիլ 2017ին, Թուրքիոյ մէջ կային բանտարկեալ 152 լրագրողներ։ Յուլիս 2016ի զինուորական հարուածի փորձէն ետք, ընդհանուր առմամբ փակուած են աւելի քան 170 լրատուամիջոցներ, որոնց կարգին՝ թերթեր, համացանցային թերթեր, հեռատեսիլի կայաններ եւ լրատու գործակալութիւններ։ Նաեւ պաշտօնազրկուած են 2500 լրագրողներ»։
Ըստ տեղեկագիրին՝ 2006էն 2016 տարիներուն, արտայայտուելու ազատութեան ոտնակոխումները սաստկացած են նաեւ Պրազիլի, Պուրունտիի, Եգիպտոսի, Լեհաստանի, Վենեզուէլլայի ու Պանկլատեշի մէջ։