ԱՍԹԱՆԱ, «Ռոյթըրզ».- Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ միջսուրիական յաջորդ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Սոչիի մէջ՝ Յունուար 29-30ին:
Նախարարութիւնը նշեց, որ միջազգային խորհրդաժողովի մը համար Ասթանա գտնուող՝ Սուրիոյ մէջ զինադադարին երաշխաւոր երկիրները՝ Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան, համաձայնութիւն գոյացուցած են Սոչիի խորհրդաժողովի մասնակիցներու ցանկին շուրջ:
Սակայն, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ընդդիմացող շարք մը կազմակերպութիւններ յայտարարեցին, թէ պիտի չմասնակցին Ռուսիոյ մէջ կայանալիք միջսուրիական յաջորդ խորհրդաժողովին, որովհետեւ Մոսկուան կը նկատեն Սուրիոյ տագնապին «նախայարձակ» կողմերէն մէկը, եւ մտահոգութիւն ունին, որ Սոչիի խորհրդաժողովը կրնայ վնաս հասցնել ՄԱԿի հովանիին տակ Ժընեւի մէջ կայացող խաղաղութեան գործընթացին։
Նշենք, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յայտնած է, թէ Ռուսիոյ ջանքերով գումարուող Սոչիի խորհրդաժողովը պիտի արժեւորուի Ժընեւի խաղաղութեան գործընթացին վրայ անոր ունենալիք ազդեցութեամբ։