
ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Էրմենիհապեր», «Մարմարա».- Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին, գերմանացի լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, ի միջի այլոց խօսած է նաեւ Եւրոմիութեան անդամակցելու Թուրքիոյ եւ Ուքրանիոյ ջանքերուն մասին:
Ըստ թրքական «Սէօզճու» կայքին՝ գերմանացի պաշտօնատարը ըսած է, թէ չի պատկերացներ, որ մօտիկ ապագային Թուրքիա եւ Ուքրանիա Եւրոմիութեան անդամ դառնան՝ այդ գործընթացը յատկապէս այդ երկու երկիրներուն համար «բաւական բարդ» բնութագրելով։ Լիիրաւ անդամակցութեան փոխարէն, ան առաջարկած է գործակցութեան այլ ձեւեր։
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, յատկապէս այս պահուն Եւրոմիութեան անդամակցելու Թուրքիոյ հաւանականութիւնը շատ փոքր է։ Ան յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ տակաւին բանտարկուած են գերմանացի լրագրողներ Տենիզ Եուճելն ու Մեշալէ Թոլը: Ըստ նախարարին՝ անոնց ազատ արձակումը դրական անդրադարձ պիտի ունենայ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ յարաբերութեանց վրայ։
Իր կարգին, Գերմանիոյ նախագահ Շթայնմայեր մտահոգութիւն յայտնած է՝ նշելով. «30 տարի առաջ Թուրքիա մեկնողը կը տեսնէր յետամնաց երկիր մը։ Մարդիկ աղքատ էին։ Միլիոնաւորներ կը լքէին երկիրը՝ աշխատանք գտնելու համար։ Ներկայ Թուրքիան տարբե՛ր է։ Մեծ վերելք ապրեցաւ, բարեփոխումներու փուլերէն անցաւ, միաժամանակ սկսաւ նաեւ Եւրոպայի հետ մերձեցման գործընթացի մը։ Գերմանիա խրախուսեց ու աջակցեցաւ բոլոր այդ գործընթացներուն, սակայն չենք կրնար գոհունակութեամբ նայիլ այսօրուան Թուրքիոյ։ Ես կոչ կ՛ընեմ նախագահ Էրտողանին, որ վտանգի չենթարկէ այդ ամէնը, ինչ կառուցուած է համատեղ ջանքերով։ Մի՛ խզէք կապերը անոնց հետ, որոնք կը փափաքին գործընկեր ըլլալ Թուրքիոյ։ Յարգեցէք օրէնքի գերակայութիւնը, մամլոյ ու լրագրողներու ազատութիւնը, եւ ազատ արձակեցէք Տենիզ Եուճելը»։
Աւստրիոյ նորընտիր վարչապետ Սեպասթիան Քուրց եւս անդրադարձած է Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան անդամակցութեան: Ըստ թրքական «Հապեր7» լրատուական կայքին, գերմանական «Պիլտ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Քուրց վերահաստատած է Թուրքիոյ մասին իր նախապէս կատարած յայտարարութիւններ՝ ըսելով, որ անիկա տեղ չունի Եւրոմիութեան մէջ:
Վերջերս Աւստրիոյ վարչապետ ընտրուած Քուրցը յայտնի է Թուրքիոյ եւրոպական համարկումի հարցով իր բացասական դիրքորոշումով, որուն մասին բազմիցս արտայայտուած է նաեւ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար եղած օրերուն:
