Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան շրջանին կազմակերպութեամբ, Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ, Մայիս 11 եւ 12, 2018ին տեղի պիտի ունենայ գիտաժողով մը, որուն պիտի մասնակցին մասնագէտ նշանաւոր փրոֆեսէօրներ:
Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած այս գիտաժողովը կը հովանաւորեն «Քոլոմպիա» համալսարանի հայկական ամպիոնը, Հայկական նիւթերու ուսումնասիրութեան եւ հետազօտութեան ազգային հիմնարկը (NAASR) եւ «Արմինիըն Ռիվիու» (Armenian Review) շաբաթերթը:
Այս գիտաժողովին պիտի մասնակցին Լոս Անճելըսէն՝ փրոֆեսէօր Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Ֆրանսայէն՝ փրոֆեսէօրներ Անահիտ Տէր Միանասեան եւ Քլեր Մուրատեան, Հայաստանէն՝ փրոֆեսէօր Աշոտ Մելքոնեան, Պէյրութէն՝ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան, ինչպէս նաեւ կարգ մը ուրիշ հանրածանօթ մտաւորականներ եւ հայագէտներ:
Ըստ գիտաժողովի ատենապետ Անդրանիկ Գասպարեանի՝ բացման նիստը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ երեկոյեան, մասնակցութեամբ բոլոր դասախօսներուն, «Առաջին Հանրապետութիւնը հարիւր տարի ետք» նիւթով: Շաբաթ օրը տեղի պիտի ունենան զանազան նիստեր հայերէնով եւ անգլերէնով:
Շաբաթ օրուան կէսօրուան նիստին, փրոֆ. Յովհաննէսեանի դասախօսութեան նիւթն է՝ «Յիսնամեայ գիտական ուսումնասիրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան մասին»: Նշենք, թէ այս գիտաժողովը մաս կը կազմէ 2018ին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տեղի ունենալիք Ա. Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն: