ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեանի, եղբայրական հանդիպում մը ունեցան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հետ, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ՝ Պըրպենք։
Հանդիպման ընթացքին Շահան արք. Սարգիսեան տեղեկութիւններ փոխանցեց սուրիահայութեան այժմու կացութեան, երկրի ապահովական վիճակին եւ վերականգնումի ու վերաշխուժացման ծրագիրներուն մասին։
Հանդիպման աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրերը յաջողութիւն մաղթեցին Շահան սրբազանին եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն։