ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջնահերթ ծրագիրներէն մէկը օրէնքի ուժ ստացաւ: Տուրքերը նուազեցնելու օրինագիծը վաւերացուեցաւ Քոնկրեսին կողմէ՝ բացառապէս Հանրապետական կուսակցութեան անդամներուն քուէով:
Երկրի քաղաքացիներուն Նոր Տարուան նուէր իբրեւ ներկայացուող սոյն օրինագիծը պիտի կարենա՞յ բարելաւել հասարակութեան լայն շերտերու տնտեսական վիճակը:
Նախագահն ու Հանրապետական կուսակցութեան տեսաբանները կը պնդեն, որ՝ այո՛, բոլոր խաւերը պիտի օգտուին այս նոր օրինագիծէն՝ աւելի քիչ հարկեր վճարելով: Մէկ բան յստակ է, որ մեծ ընկերութիւնները պիտի ըլլան ամէնէն շահաւորները. անոնց եկամտահարկը ներկայ 35 տոկոսէն պիտի իջնէ 21ի՝ պետական ամավարկին մէջ մեծ ճեղք մը ստեղծելու գնով:
Նախագահ Թրամփ եւ Հանրապետական կուսակցութիւնը համոզուած են, որ 1500 միլիառ տոլարի յաւելեալ պիւտճէական ճեղք ստեղծող հարկերու կրճատումով, տնտեսութիւնը նորոգուած շունչով ոստումներ պիտի արձանագրէ, եւ շա՛տ արագ այդ բացը կարելի պիտի ըլլայ փակել: Երանի՜…
Մինչ այդ, սակայն, գրեթէ վստահ ենք, որ լրջօրէն եւ անմիջականօրէն պիտի վտանգուին աղքատ եւ տարեց խաւի ընկերային ապահովութեան ու առողջապահութեան ծրագիրները՝ ճակատագիրի քմայքին թողնելով միլիոնաւոր մարդոց գոյատեւումը: Ոստումի կանխատեսումներու ձախողութեան պարագային, միջինէն վար խաւին վիճակը աւելի եւս պիտի վատանայ, նկատի ունենալով այն, որ պիւտճէին բացը հակակշռելի դարձնելու մտահոգութեամբ՝ ընկերային ապահովութեան յաւելեալ ծրագիրներ պիտի կրճատուին:
Յամենայնդէպս, ներկայ դրութեամբ կասկածելի կը մնայ նոյնիսկ միջին խաւին ստանալիք օգուտները:
Օրէնքը անցա՛ւ, եւ մինչեւ յառաջիկայ ընտրութիւններ եթէ չկարենանք ճիշդ գնահատել կատարուածը, ապա տնտեսական բարիքի յոյսերը չարիքի ճիրաններուն մէջ պիտի մնան բանտարկուած:
Վատահամբաւ Թրամփի վատահամբաւ տուրքերու օրէնքը արդէհ վնասեց ինծի: Medicare-ի համար 108 տոլար կը վճառէի տակաւին մինչեւ Դեկտեմբեր,: Այսօր նամակ մը ստացայ ուր կը տեղեկացնեն որ Յունուար ամիսէն սկսեալ պիտի վճառեմ 131 տոլար: Ահա ինչպէս կը կառավարուի Ամերիկան հարուստներու կուսակցութիւն ճանչցուած հանրապետականներու կողմէ: Եւ իմանալ որ միլիառտէրերը ինձմէ եւ ինծի պէսներէ պիտի խլեն մեր դրամը: Անիծեալ ըլլան::