ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ, միաբան հայրերու ու հիւրերու ներկայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց Վերոնիք Կարեւորեանը:
Նախքան պարգեւատրումը, ֆրանսերէնով կարդացուեցաւ Վերոնիք Կարեւորեանի ողբացեալ ամուսնոյն՝ տոքթ. Յարութիւն Կարեւորեանի կենսագրութիւնը ու յատկապէս անոր բերած նպաստը հայ գրականութեան ու մշակոյթին: Ապա, նոյնպէս ֆրանսերէնով խօսք առնելով՝ կաթողիկոսը յիշեց, թէ հայ մշակոյթը տիրական ներկայութիւն եղած է տոքթ. Կարեւորեանին, ինչպէս նաեւ Վերոնիքի կեանքին մէջ, հակառակ ֆրանսացի ըլլալուն: Ան յայտնեց, որ որպէս յիշատակ իր ամուսնոյն, տիկ. Վերոնիք 750,000 ամերիկեան տոլարի գումարով հիմնադրամ մը հաստատած է կաթողիկոսարանէն ներս, որուն նպատակը պիտի ըլլայ քաջալերել հայ-ֆրանսական մշակութային յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէնի ուսուցման առնչուած ծրագիրներուն:
Յայտնենք, որ սոյն հիմնադրամի յանձնախումբին մաս կը կազմեն Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Վերոնիք Կարեւորեան եւ Միմի Եոզկաթեան: