ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Շիրակի մարզի գիւղական 7 բնակավայրերու 8 անօթեւան ընտանիքներու դրամական աջակցութիւն կը տրամադրուի՝ բնակարանային հարցի լուծման նպատակով: Աջակցութիւնը տրամադրուած է կառավարութեան որոշումով՝ մարզպետարանի խնայողութիւններու հաշուոյն:
«Այսօրուայ դրութեամբ մենք ունենք մօտ 160 ընտանիք, որոնք դեռեւս դրամական փոխհատուցում չեն ստացել: Ես ուզում եմ յստակ նշել, որ այն միտքը, թէ պետութիւնը ձեռքերը լուանում է անօթեւանութեան խնդրի լուծման առումով, բացարձակապէս իրականութեանը չի համապատասխանում: Հնարաւորութիւնների սահմաններում կրկին միջոցներ են ուղղուելու այս խնդրի կարգաւորման համար», յայտնեց Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեան:
Շիրակի մարզպետը շնորհաւորեց բնակիչները, անոնց յաջողութիւններ մաղթեց եւ յյայտնեց, թէ կը յուսայ որ անոնք արագ կերպով նոր բնակարաններ ձեռք կը բերեն:
Նշենք, թէ 8 ընտանիքներուն տրամադրուած է 32 միլիոն 324 հազար դրամ: