ՔԱՆՈԿԱ ՓԱՐՔ.- Շաբաթ, Նոյեմբեր 18ին, ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի ճատրակի դասարանը մասնակցեցաւ ճատրակի 42րդ «Սթէյսըր» մրցաշարքին, Ըրվայնի «Կրէյ»չ հանրապարտէզին մէջ, գլխաւորութեամբ՝ ուսուցիչ-մարզիչ Արթուր Աղաջանեանի:
Մասնակից շուրջ 300 աշակերտներուն մէջ, որոնք եկած էին Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարբեր քաղաքներէ, Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 15 մասնակիցներուն մեծ մասը արժանացաւ պարգեւներու:
Մինչեւ 8րդ կարգի աշակերտները մրցեցան երկու տարբեր ծրագիրներով, մէկը՝ տարիքային, իսկ միւսը՝ ըստ վարկանիշի:
Սանդրօ Բեգլարեան (3րդ դասարան) գրաւեց առաջնութիւնը՝ մինչեւ 500 վարկանիշի մրցումներուն: Սեւակ Հալպուրեան ստացաւ 5րդ դիրքի բաժակը՝ նոյն դասակարգին մէջ: Յիշատակելի էին նաեւ Յարութ Խոջումեանի, Նարեկ Արեգ Աւագեանի, Տանիէլ Փամպուքեանի եւ Արմանտ Մանսուրեանի խաղարկութիւնները:
Տարիքային մրցումներուն, Սէմ Սունգուլեան գրաւեց առաջին տեղը՝ առաջին դասարանցիներուն մէջ, իսկ Քոլէթ Բեգլարեան՝ 3րդ տեղը երկրորդ դասարանցիներուն մէջ:
Նաեւ, հինգերորդ դասարանէն Անտրէ Գէորգեան թէեւ մրցանակի չարժանացաւ, բայց մրցեցաւ բարձր վարկանիշի մրցումներուն:
Քաջալերական էին նաեւ մր-ցումները Սարօ Առաքելեանի, Ալեքսանդր Փամպուքեանի, Աշոտ Գրիգորեանի, Էյտըն եւ Պրենտըն Նաճարեաններու եւ Սեւակ Վաքեանի:
Ընդհանուր առմամբ, գրեթէ բոլոր աշակերտները իրենց վարկանիշը բարձրացուցին: Անոնք այժմ կը պատրաստուին յաջորդ մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Մայիս 2018ին, Թենըսիի մէջ, Նեշվիլ:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)