ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իտալական մամուլի աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ «Մանչեսթեր Եունայթըտ»ի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան կրնայ ըլլալ տեղափոխուի Միլանի «Ինթեր» խումբ:
«Մանչեսթեր Եունայթըտ»ի գլխաւոր մարզիչ Խոզէ Մորինիօ հետաքրքրուած կը թուի ըլլալ «Ինթեր»ի փորթուկալցի կիսապաշտպան Ժոաօ Մարիույի ծառայութիւններով եւ պատրաստ է անոր փոխարէն առաջարկել Խուան Մատան:
Իր հերթին, ըստ նոյն աղբիւնրերուն, «Ինթեր»ը հետաքրքրուած է ոչ թէ սպանացի կիսապաշտպանի, այլ Հենրիկ Մխիթարեանի ծառայութիւններով: