ԵՐԵՒԱՆ.- Շահամիրեանի թիւ 8 եւ 9 շէնքերու եւ յարակից տուներու շուրջ 58 ընտանիքներ այսուհետեւ նոր բնակարաններու մէջ պիտի ապրին: Միքայէլ եւ Կարէն Վարդանեանները 1.7 միլիոն տոլար յատկացուցած են այս ընտանիքներուն՝ նոր տուն գնելու համար:
Նախապէս այս ընտանիքները կ՛ապրէին մէկ թաղամասի մէջ, ուր կենցաղի համար անհրաժեշտ ոչ մէկ պայման կար: Տուները քանդուած պատերով ու փլուզուող առաստաղներով էին, չունէին պէտքարան, ո՛չ ալ խոհանոց: Ջրագիծերն ու կոյուղին թաղամասի միւս ծայրն էին: Նման պայմաններու մէջ կ՛ապրէին շուրջ 148 անձեր, որոնցմէ 22ը՝ անչափահաս երեխաներ:
Երեւանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով բարերարներու շնորհիւ ամբողջ թաղամասի մը բնակիչներուն հնարաւորութիւն ընձեռուած է դուրս գալու 4րդ կարգի վթարային, կեանքի եւ առողջութեան համար վտանգաւոր շինութիւններէ ու բնակելու արժանավայել կենցաղային պայմաններու մէջ: