ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաթի, Դեկտեմբեր 4ի առաւօտեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Վեհարանի դահլիճին մէջ ընթացք առաւ Ազգային Ընդհանուր ժողովը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8: Քառօրեայ ժողովին կը մասնակցին թեմակալ առաջնորդներ, շուրջ հարիւր պատգամաւորներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:
Բացման նիստին իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց վեհափառ հայրապետը, որ առաջին հերթին դիտել տուաւ, թէ սոյն ժողովը կենդանի վկայութիւն մըն է հայ եկեղեցւոյ հարազատ դիմագիծին, որ յատկանշական է հայկական եկեղեցիին՝ ժողովուրդին եկեղեցի ըլլալուն մէջ. «Առ այդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը բնորոշուի որպէս հաւատքի, առաքելութեան եւ ազգային ծառայութեան եկեղեցի», նշեց հայրապետը, շարունակելով, որ պատմութեան ընթացքին հայ եկեղեցին կանգուն մնացած է փոթորիկներուն դիմաց, որովհետեւ հաւատարիմ եղած է երկնային ճշմարտութիւններն ու արժէքները աշխարհ տանելու եւ ժողովուրդին ծառայելու քրիստոսատուր պատգամին։
Խօսելով Սփիւռքի ներկայ իրավիճակին մասին՝ վեհափառ հայրապետը ընդգծեց. «Իմաստութիւնը ու քաջութիւնը պէտք է ունենանք մեզ շրջապատող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու՝ մեր հաւաքական կեանքը վերանորոգելու ու վերակազմակերպելու նպատակասլաց յանձնառութեամբ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ըլլալ զգօն եւ համապատասխան մօտեցումներ ճշդել այնպիսի մտածելակերպերու, գործելակերպերու ու կենցաղակերպերու նկատմամբ, որոնք կրնան մեր ինքնութեան արմատները կրծել ու մեր արժէքները խաթարել: Միաժամանակ, անհրաժեշտ է ըլլալ իրատես ու հեռատես, հինը նորով ընդելուզելու ու հարստացնելու, աւանդականը՝ արդիականով, անցեալը՝ ներկայով եւ տեղականը՝ համահայկականով, որպէսզի մեր նոր սերունդները կապենք մեր կեանքին ու կարենանք քայլ պահել ներկայ աշխարհի զարգացումներուն հետ»: Այս մեկնակէտով, հայրապետը ժողովին յանձնարարեց յաջորդ քառամեայ գործունէութիւնը ծաւալել հիմնականօրէն կեդրոնանալով հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման, կրօնական դաստիարակութեան ու ծառայութեան մարզերուն ամրապնդման, հայկական իրականութեան մէջ հայ երիտասարդութեան դերակատարութեան արժեւորման եւ անոնց՝ մեր գործունէութեան մէջ ներառման, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի պահանջատիրական ծիրերուն եւ Սփիւռքի վերակազմաւորման ու վերանորոգման հրամայականին վրայ:
Կաթողիկոսը ժողովին տրամադրութեան տակ դրաւ վերոնշեալ թեմաներուն նկատմամբ իր ունեցած մտահոգութիւնները: Ան ըսաւ, որ ժողովուրդի կեանքին մէջ նուազած է հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման հրամայականը, որուն պատճառով ժողովուրդը կը զգայ այս արժէքներուն պակասը իր առօրեային մէջ: Այս առնչութեամբ, հայրապետը կոչ ուղղեց վերանորոգել Հայ եկեղեցւոյ ու Աստուածաշունչին փոխանցման ձեւերը եւ մեթոտները: Շարունակելով՝ վեհափառը յայտնեց, թէ կրօնական դաստիարակութեան առընթեր, ծառայութիւնը հիմնական առաքելութիւն մըն է եկեղեցւոյ, եւ որուն աշխատանքները պէտք չէ սահմանափակել մարդասիրական աշխատանքներով, այլ ըլլալ կազմակերպուած ու մասնագիտական եւ այժմէական աշխատանք տանիլ այս ծիրին մէջ:
Անդրադառնալով երիտասարդ ուժին, որուն մասին բազմիցս բարձրաձայնած է վեհափառ հայրապետը, ան ըսաւ. «Մեր երիտասարդութեան ու մեր կառոյցներուն եւ ընդհանրապէս մեր համայնքային կեանքին միջեւ սկսած են խրամատներ գոյանալու: Մեր երիտասարդութիւնը սկսած է դառնալու անտարբեր մեր կեանքը յուզող խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ: Լօզունքներ արձակելով ու քննադատական կամ յուսահատական արտայայտութիւններ ունենալով՝ ներկայ մտահոգիչ կացութիւնը չենք կրնար բարելաւել, այլ աւելի՛ կը հեռացնենք մեր երիտասարդները մեր շրջապատէն: Պէտք է խօսինք մեր երիտասարդներուն հետ, լսենք անոնց մտահոգութիւնները ու սպասումները, եւ մեր կեանքին դռները լայն բանանք անոնց առջեւ՝ ոչ «մենք»ի եւ «դուք»ի մօտեցումով, այլ հաւաքական «մենք»ի մէջ կարեւոր պատասխանատուութիւն տալով անոնց»: Ան ընդծեց նաեւ, թէ երիտասարդ մարդուժն է, որ կենսունակութիւն, վերանորոգում ու յառաջդիմութիւն պիտի ապահովէ:
Պատգամին աւարտին, Արամ Ա. վեհափառը խօսեցաւ Ս. Աթոռին առաքելութեան ամէնէն կարեւոր մարզերէն մէկուն մասին, որն է պահանջատիրութիւնը, եւ ընդգծեց, թէ Հայ Դատի աշխատանքները ճանաչումէն պահանջատիրութեան հանգրուան անցած են, ինչ որ կը յատկանշէ Սիսի դարաւոր կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով կաթողիկոսութեան բացած դատը Թուրքիոյ դէմ։
Հայրապետը յայտնեց, որ այս քայլը առաջին վճռական քայլն է: Ան ժողովին ուշադրութեան յանձնեց, որ հետեւողական ու տքնաջան աշխատանքներէ ետք, դատը ներկայիս կը գտնուի իրաւաքաղաքական ճնշումներու տակ, «հակառակ այս կացութեան, մեր Ս. Աթոռը պէտք է շարունակէ իրաւական գործընթացը», եզրափակեց կաթողիկոսը:
Սփիւռքի վերանորոգման մասին խօսելով՝ հայրապետը առաջնահերթութիւն համարեց թեմերուն վերակազմակերպումն ու վերանորոգումը, մանաւանդ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100ամեակի սեմին, որուն առիթով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ համահայկական համագումար պիտի գումարուի եւ կոթող պիտի բարձրացուի Մայրավանքի շրջափակը՝ ի յիշատակ անկախութեան ճակատամարտերուն նահատակուած եւ անկախութեան համար զոհուած հերոսներուն:
Եզրափակելով իր խօսքը՝ կաթողիկոսը ըսաւ. «Հաւատարիմ մեր պատգամին եւ ընդհանուր ուղենիշ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան, կարեւորութեամբ կ՛ուզենք վերյիշեցնել, թէ կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող որեւէ աշխատանք եւ իրագործուող որեւէ ծրագիր մէկ հասցէ ունի՝ մեր ժողովո՛ւրդը, եւ մէկ նպատակ՝ ժողովուրդին ծառայութի՛ւնը»: