ՊՈՆՆ.- Պոննի Փոփոխութեան միջազգային կեդրոնը (BICC) հրապարակած է Մաքս Մուչլըրի ուսումնասիրութեամբ՝ համաշխարհային ռազմականացման իր տարեկան զեկոյցը եւ աշխարհի ամենառազմականացած երկիրներու ցանկը։
2017ի ցանկին վրայ (ուր նկատի կ՛առնուին 2016ի տուեալները), Հայաստան յատկանշական ոստում մը կատարած է՝ նախորդ տարուան արդիւնքներուն բաղդատած, 21րդ դիրքէն 3րդ դիրքի բարձրանալով, մինչ Ատրպէյճան նախորդ տարուան 6րդ դիրքէն իջած է 11րդ դիրքի։ Վրաստան կը գրաւէ 55րդ դիրքը։
Հայաստան կը հանդիսանայ Եւրոպայի ամենառազմականացած երկիրը, իսկ Թուրքիա կը գրաւէ 25րդ դիրքը։
Ուսումնասիրութեան մէջ կը շեշտուի, որ յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ, Օմանի, Պահրէյնի եւ Ատրպէյճանի պարագային, քարիւղի միջազգային գինի անկումը պատճառ դարձած է, որ ռազմական մարզին տրամադրուող գումարները համեմատաբար նուազին։ Հոն նաեւ նշուած է, որ Արցախի ձգձգուող հակամարտութեան պատճառով՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը շարունակեն հսկայ գումարներ տրամադրել ռազմական մարզին։
Կեդրոնը ամենառազմականացուած պետութիւնը նկատած է Իսրայէլը, իսկ ցանկին վրայ երկրորդ տեղը գրաւած է Սինկափուրը: Առաջատարներու տասնեակը կ՛ամբողջացնեն Հայաստանը, Ռուսիան, Հարաւային Քորէան, Քուէյթը, Յորդանանը, Կիպրոսը, Յունաստանն ու Պրունէյը: Միացեալ Նահանգները կը գրաւէ 31րդ դիրքը եւ կը հանդիսանայ աշխարհի տարածքին ռազմական մեծագոյն ամավարկը ունեցող երկիրը՝ 611 միլիառ տոլարով, ինչ որ ռազմական նպատակներու համար տրամադրուող համաշխարհային ընդհանուր գումարին 39 տոկոսն է։
«Միջին Արեւելքի ամենառազմականացած երկիրները» ցանկին վրայ, Իսրայէլին, Քուէյթին եւ Յորդանանին կը յաջորդեն՝ Օմանը (13րդ), Պահրէյնը (15րդ), Սէուտական Արաբիան (17րդ), Լիբանանը (20րդ), Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները (21րդ), Իրանը (22րդ) եւ Եգիպտոսը (28րդ)։
Ցանկը պատրաստելու ընթացքին նկատի կ՛առնուին 151 երկիրներու մէջ ռազմական մարզին համար ծախսուած գումարները, Տեղական ընդհանուր արտադրութիւնը (GDP), բնակչութեան թիւը եւ շարք մը այլ ազդակներ։ Կեդրոնը այս հետազօտութիւնները կը կատարէ 1990էն սկսեալ: Անոր համար կ՛օգտագործուին Սթոքհոլմի Համաշխարհային տագնապներու հետազօտման հիմնարկի, Դրամական միջազգային հիմնադրամի, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ շարք մը այլ տուեալներ:
Այս եւ ասոր նման ուսումնասիրութիւններ սխալ կը նկատենք: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ նկատի կ’առնէ երկրին տեղական ընդհանուր արտադրութիւնը (GDP): Տարբեր ուսումնասիրութեան մը պարագային, (GDP) նկատի առնել կարելի էր, բայց ոջ այս պարագային: Ամերիկա 31րդ տեղը կը գրաւէ 611 միլիառ տոլար յատկացնելովյ կարելի է բաղդատել Հայաստանի թանի մը միլիառ ծախսելուն հետ: Ազրպէյճանը քարիւղով եւ Թրքական օժանդակութեւմբ, Հայաստանէն ետեւ կը մնայ: Հաւատացողներ ալ կրնան ըլլալ այս սխալ անտրամաբանական ուսումնասիրութեան: