ՀՐԱՆԴ ԹԱԹԱՐԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Յունիս 6, 1936ին, Երեւան, Հայաստան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Հրանդ Թաթարեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2017ին։
Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2017ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2017ին, կէսօրուան ժամը 12ին, վերոյիշեալ մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Դուստրը՝ Նայիրա եւ Սաֆի Նաբի
Թոռները՝ Դէյվիդ եւ Նայիրի
Զաւակը՝ Յարութ Թաթարեան
Քոյրը՝ Անիցա Թաթարեան
Եղբայրը՝ Սմբատ եւ Իսկուհի Թաթարեան եւ զաւակները
Եղբայրը՝ Գրիգոր եւ Քնար Թաթարեան եւ զաւակները
Բլիքեան ընտանիք
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Armenia Fund-ին, Արցախի համար:
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի «Անուշ» սրահին մէջ, 1320 W. Glenoaks Blvd.:
Հանգուցեալի մահուան եօթնօրեակին առիթով, այցելութիւն եւ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, Դեկտեմբեր 10, 2017ին, առաւօտեան ժամը 11ին, հանգուցեալի շիրիմին մօտ, ապա հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Metropol սրահին մէջ, 701 S. Central Ave., Glendale։