ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.».- Թուրքիոյ պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Դեկտեմբեր 1ին հաղորդեց, թէ Անգարայի իշխանութիւնները Պոլսոյ ատեաններէն մէկուն միջոցաւ ձերբակալութեան հրահանգ արձակած են «Սի.Այ.Էյ.»ի Ազգային ապահովութեան խորհուրդի նախկին փոխտնօրէն Կրեհըմ Ֆուլըրի դէմ՝ զայն մեղսակից նկատելով 2016ի պետական հարուածի կազմակերպման մէջ։
Ֆուլըր նաեւ կ՛ամբաստանուի երկրին «սահմանադրական կարգերը խախտելու» յանցանքով։