ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թուրքիոյ օդային գիծերու ընկերութեան («Թըրքիշ Էրլայնզ») վարչութեան պետ Իլքեր Այճը Նոյեմբեր 24ին «Անատոլու» լրատու գործակալութեան բացատրութիւններ տուաւ ընկերութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Ան ըսաւ, որ այս տարի նպատակադրած են 69 միլիոն ուղեւորներ փոխադրել: «Պոլսոյ երրորդ օդակայանի բացումով յաղթահարած պիտի ըլլանք տարողութեան խնդիրները եւ դիւրաւ պիտի հասնինք տարեկան հարիւր միլիոն ուղեւորներ փոխադրելու սահմանին: Յառաջիկայ շրջանին, դէպի Յորդանան, Ռուսիա եւ Սիէրա Լիոն յաւելեալ թռիչքներ պիտի կատարուին», նշեց ան:
Այճը այս ցանկին աւելցուց նաեւ դէպի Հայաստան կատարուելիք թռիչքները:
Յիշեցնենք, որ թրքական «Փեկասուս» օդանաւային ճամբորդութեանց ընկերութիւնը եւս յայտարարած էր դէպի Հայաստան թռիչքներ իրականացնելու մասին, որոնք սկզբունքով պիտի սկսէին այս տարուան Յունիսի 1ին, սակայն աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, թէ հայկական շուկայ մուտք գործելու այդ ծրագիրը «անորոշ ժամանակով յետաձգուած է»: