Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու 29 Նոյեմբերին յայտարարեց, որ Անգարայի մէջ հանդիպեցաւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի անդամներուն եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասփըրչիքի հետ:
Անդրադառնալով այդ հանդիպման՝ Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան «Արցախփրէս»ին յայտնեց, որ, պէտք է խոստովանիլ մէկ բան. Թուրքիա միշտ ներգրաւուած է ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գործընթացին մէջ:
«Այդ ներգրաւուածութիւնը բացասական է, եւ ասիկա բոլորին համար ակնյայտ է: Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը բացայայտօրէն ուղղուած է հայոց պետականութեան դէմ, որ կը դրսեւորուի ո՛չ միայն Ատրպէյճանին սատարելով, զայն յարձակման դրդելով եւ հովանաւորելով զայն, այլ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումով, անոր ճանաչման պահանջին դէմ հակահայկական զանազան ծրագիրներ իրականացնելով», ըսաւ Դ. Բաբայեան՝ աւելցնելով, որ այսպիսի հանդիպումներով, անշուշտ, չի նշանակեր, որ Թուրքիա պաշտօնապէս պէտք է դառնայ հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդներէն մէկը, որ հնարաւոր չէ եւ պարզապէս անթոյլատրելի է:
Դ. Բաբայեան ընդգծեց, որ վերջին շրջանին, թրքական կողմի աշխուժութիւնը արցախեան հիմնահարցի գործին մէջ ակնյայտ է, եւ այդպիսի հանդիպումներու ընթացքին ԵԱՀԿ Մինսկի համանախագահները հաւանաբար Թուրքիոյ կը հասկցնեն, որ չանցնի «կարմիր գիծ»ը: