Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան նախատեսուածէն աւելի՝ լրացուցիչ մարզումներ կը կատարէ:
Manchester Evening News-ը կը հաղորդէ, որ «28ամեայ կիսապաշտպանը յաւելեալ կերպով կ՛աշխատի մարզասրահին մէջ՝ խումբին մէջ իր տեղը վերադարձնելու համար: Մխիթարեան յաւելեալ ժամեր կը յատկացնէ մարզասրահին մէջ՝ Քարինկթընի մարզային կեդրոնէն հեռու»: Մխիթարեան «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի վերջին 4 խաղերէն 3ին չմասնակցեցաւ, իսկ մէկուն՝ դուրս եկաւ փոխարինման՝ խաղալով միայն 20 վայրկեան: