ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Քիչեր գիտէին, թէ այս «խոժոռ» դիմագիծով ընկերոջ հոգիին մէջ որքա՛ն ընկերական ջերմութիւն կար: Աւելի քիչեր գիտեն, թէ որքա՛ն նուիրում ու հաւատարմութիւն կար իր անձին մէջ: Հաւատարմութիւն՝ հայութեան շահերուն նկատմամբ, նուիրում՝ կազմակերպական-դաշնակցական սկզբունքներն ու որոշումները իրական կեանքի վերածելու ուղղութեամբ:
Իրեն ծանօթացած եմ ԼԵՄի հիմնադրութեան օրերուն. բայց՝ միայն ծանօթացած: Որքան գիտեմ, Արա Տէմիրճեան առնչուած էր առաջին Կեդրոնական վարչութեան, թերեւս ալ մաս կը կազմէր այդ խումբին:
Հետագային, 1977ին էր, որ երբ մաս կազմեցի ՀՅԴ Մամլոյ դիւանին ու ինք Բիւրոյի գրասենեակը կ՛աշխատէր (կարճ ատեն մը ետք՝ գործավար, Բենօ Թոնդեանէն ետք), աւելի մօտէն ճանչնալու առիթը ունեցայ իրեն:
Յաջորդող տարիներուն, ամէն քայլափոխի կը նկատէի, թէ որքա՛ն ուսանելի բաներ կային իր մէջ: Բնաւորութեամբ համեստ էր ու լռակեաց. այդպէս ալ մնաց մինչեւ վերջ, նոյնիսկ երբ տասնամեակներու թաւալումին հետ աւելի մտերմացանք, ինք մնաց նոյն լռակեացը: Մտերմիկ պահերուն, եթէ բան մը ըսաւ՝ ըսաւ, այլապէս հարցում ալ չէի հարցներ իրեն… Լիբանանի մէջ ներկայ եղած եմ բազմաթիւ Շրջանային ժողովներու, կը յիշեմ բազմաթիւ դրուագներ՝ թէ՛ ծանրակշիռ եւ թէ ընկերային-ծիծաղաշարժ պահերով: Շատ լաւ կը յիշեմ տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի կրքոտ ելոյթները, տոքթ. Էպլիղաթեանի քաղաքական հանդարտաբարոյ լուսաբանութիւնները, ընկեր Կարպուշին անպաճոյճ, բայց խորիմաստ արտայայտութիւնները, մէկ խօսքով՝ Լիբանանի մեր կազմակերպութեան բոլոր «թենորները», սակայն ոչ մէկ անգամ կը յիշեմ Արա Տէմիրճեանին խօսք առնելը: Ինք անշուշտ ունէ՛ր տեսակէտ, սակայն «Ամէն մարդ չի կանայ կարդայ, իմ գիրն ուրիշ գրէն է. ամէն մարդ չի կանայ խմի, իմ ջուրն ուրիշ ջրէն է»:
Ինք գործեց իրերայաջորդ այն բիւրօներուն հետ, որոնք, իրենց կարգին, գործեցին փոթորկոտ ժամանակաշրջանի մը մէջ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ, ապահովական խնդիրներ, Հայ Դատի հետապնդման նոր որակի աշխատանքներ, քաղաքական-յարաբերական աշխատանքներու եւ համապատասխան գրասենեակներ՝ Եւրոպայի թէ Ամերիկայի մէջ, Արցախի ազատագրական պայքար, Հայաստանի վերանկախացում եւ այլն: Առաւել, բազմաթիւ ընդհանուր ժողովներ ու անոնցմէ բխած բիւրօներ ու ժամանակի թաւալքին հետ Դաշնակցութեան աշխատանքի «խրամատի» ընդարձակում, որոնց մէջ ինք եղաւ դերակատար: Ոչ միայն դերակատար, այլ նաեւ հանդիսացաւ այն կազմակերպական «յուշամատեանը», աւելի՛ն, հանրագիտարանը, որ յարափոփոխ աշխարհի մը մէջ անհրաժեշտ է որեւէ կազմակերպութեան համար:
1970ական թուականներէն մինչեւ անցեալ տարի, կեանք մը ամբողջ, ինք մնաց ու գործեց Բիւրոյի գրասենեակէն ներս, Պէյրութ, Աթէնք, թէ Երեւան: Ուր որ ալ գործը զինք կանչեց:
Մտերմութեան պահերուն, երբ, ըսենք, տաք վիճաբանութիւն մը կը սկսէր այս կամ այն երեւոյթին մասին, իր խօսքը շատ-շատ մէկուկէս նախադասութիւն էր. յաճախ ալ, ու ընդհանրապէս, պեխերուն տակէն սապէս՝ «Աաաա՛հ» մը, իւրայատուկ ու «արայական», զոր հասկնալու համար պէտք էր լաւ տեսնել այդ պահու իր դէմքի արտայայտութիւնն ու լսել ձայնին շեշտադրումը: Ատո՛նք էին, որ կը ճշդէին իր այդ «Աաաա՛հ»ին իմաստը: Այս մասին աւելիով թող վկայեն Փիթըրը, Մուսան ու Սագօն…
Բայց ո՞վ կ՛ըսէր, թէ այս «խոժոռ» մարդը որքան նուրբ հոգի ունէր հալալ-զալալ ընկերներու նկատմամբ, իսկ մտերմութեան մէջ որքան… սրամտութիւն կար իր մէջ պահուած:
Արա Տեմիրճեան եկաւ ու գործեց մեր ժողովուրդի պատմութեան բախտորոշ տասնամեակներուն ընթացքին: Իր դերը դիւրին-դիւրին տեսանելի տեսակէն չէր: Ինք «չկար» կարծէք, բայց ամէ՛ն տեղ կար: Օր մը պիտի գրուի այս ժամանակաշրջանի իսկակա՛ն պատմութիւնը, զերծ՝ ամէն տեսակի թեթեւսոլիկութիւններէ: Եւ կը վստահեցնեմ ձեզի, որ Արա Տէմիրճեան անունը իր արժանի տեղը պիտի գտնէ այդ պատմութեան էջերուն մէջ:
Արա՛, սիրելի՛ Արա, մեզմէ շատ բան պակսեցաւ քու անժամանակ մահովդ: