ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ինչպէ՞ս կարելի է ընդգծել համասփիւռքեան տարողութեամբ ժողովի մը կարեւորութիւնը: Ամէն չորս տարի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ենթակայ թեմերուն կողմէ ընտրուած ազգային երեսփոխաններ կը հաւաքուին Անթիլիաս ու կը քննարկեն համազգային նշանակութեամբ հարցեր։
«Ժողովի օրակարգերուն մէջ առանցքային տեղ պիտի գրաւեն կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը, երիտասարդութիւնը, պահանջատիրութիւնը, Սփիւռքի վերակազմաւորումը եւ Սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնը», գրուած է ժողովէն հազիւ քանի մը օր առաջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Սփիւռքի համայնքներու կազմակերպման ու ղեկավարման մէջ կարեւոր դեր վերապահուած է ազգային տեղական վարչութիւններուն, ուրեմն՝ աւելի՛ իսկ կարեւոր դեր կ՛ենթադրէ ունենալ անոնց համախմբումը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շուքին տակ: Վերոյիշեալ օրակարգերը արդէն իսկ բաւարար պատկերացում կու տան, թէ որքա՛ն մեծ սպասումներ պէտք է ունենանք նկատառելի լծակներու եւ միջոցներու տէր կառոյցներու ղեկավարներու այս ժողովէն:
Յամենայնդէպս, այստեղ պարզապէս կ՛ուզենք արտայայտել մեր ցանկութիւնը, որ այս տարողութեամբ ժողովներ այսպիսի անշուք լրատուութեամբ չներկայացուին մեր հանրութեան:
Արդարեւ, Ազգային ընդհանուր ժողովին հանդէպ հանրութեան ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը կարելի է շարժել՝ լայնօրէն անդրադառնալով անոր, իբրեւ նախապատրաստութիւն իւրաքանչիւր թեմէ ներս տեղի ունեցող ազգային ժողովներուն եւ անոնց քննարկած նիւթերուն, ներկայացնելով անոնց ընտրած պատգամաւորները՝ ազգային երեսփոխանները: Այս ժողովներուն ու անոնց կողմէ ընտրեալներով Ազգային ընդհանուր ժողովին հեղինակութիւնը վստահաբա՛ր աւելի կը շեշտուի, երբ անոնց պատրաստութեան, ընթացքին ու քննարկած օրակարգերուն հանդէպ լայն տեղեկատուութիւն ապահովուի:
Յաջողութի՛ւն կը մաղթենք Ազգային ընդհանուր ժողովին: