ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Երեքշաբթի, 28 Նոյեմբերին հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի Երասխ-Սադարակ հատուածին վրայ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի բանակի ներկայացուցիչներուն փոխանցուեցաւ ատրպէյճանցի զինուորի դիակը:
Յիշեցնենք, որ 23 Նոյեմբերի առաւօտեան, Հայաստանի պետական սահմանի հարաւ-արեւմտեան հատուածի մարտական դիրքերէն մէկուն դիմաց՝ միջդիրքային տարածքի վրայ, հայկական զինուած ուժերը յայտնաբերած էին ազերի զինուորի մը դիակը:
Ըստ Պաշտպանութեան նախարարութեան Տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան՝ ստացուած հետախուզական տուեալներու շնորհիւ պարզուած է, որ նշեալ զինուորը եղած է Ատրպէյճանական բանակի վաշտի հրամանատար, որ իր զօրամասին մէջ յանցագործութիւն կատարելէ ետք դիմած էր փախուստի: