ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երանի միշտ կարենանք ժպտիլ: Երանի մեր կեանքը լի ըլլայ ժպիտով, եւ մտահոգութիւնները ի սպառ կորչին մեր առօրեայէն:
Դժբախտաբար, անախորժութիւններն ու մտահոգութիւնները անբաժան մասնիկն են մեր կեանքին: Ուղղակի մեր ցանկութիւնն է, որ ժպիտը դառնայ տիրապետո՛ղ:
Ընդհանրացած սովորութիւն է, որ Գոհաբանութեան օրուան յաջորդող օրերուն ու շաբաթներուն, մինչեւ Կաղանդ ու Նոր Տարի, մեր անձնական օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ գրաւէ նուէրներու գնումը՝ մեր պիւտճէին համաձայն սիրելի անձեր ուրախացնելու ճիգը:
Այս ուղղութեամբ առիթը ստեղծուած է, որ առցանց վաճառքի հսկայ Amazon-էն գնում կատարելու ընթացքին ձեր սիրելի, ձեր սրտին մօտիկ բարեգործական ընկերութեան մը կարենաք օգուտ բերել:
Արդարեւ, Amazon-ը ձեր գնումներուն 0.5 տոկոսը պիտի նուիրէ ձեր ընտրած բարեգործական միութեան, եթէ AmazonSmile-ի հրամցուցած ապրանքատեսակներէն կատարէք ձեր ընտրութիւնը:
AmazonSmile-ը նոյն Amazon-ն է՝ նոյն գիներով, նոյն ապրանքատեսակներով, նոյն ծառայութիւններով: Պարզապէս, երբ ձեր գնումները սկսիք կատարելու, մուտք գործեցէք smile.amazon.com կայքը՝ https://smile.amazon.com/ch/26-1615548 հասցէով:
Ձեր սիրած ազգային հաստատութեան մը անուղղակիօրէն աջակցելու այս առիթը չ՛արժեր փախցնել: Կը դիմենք մեր բաժանորդներուն, որ եթէ Amazon-էն գնումներ կատարելու մտադրութիւն ունենան, ապա անպայման ա՛յս ձեւով կատարեն զանոնք: Amzaon-ը կուտակուած մասնաբաժինները (0.5 տոկոսները) «Ասպարէզ»ին պիտի փոխանցէ իւրաքանչիւր քառամսեայի աւարտին: Մենք ալ մեր կարգին ձեզի կը զեկուցենք ստացուած գումարին մասին:
«Ասպարէզ» խմբագրական կազմ
Ընկեր Աբօ
Ժպիտը անպակաս մնայ ….
Շատ շնորհակալ եմ այս նախաձեռնութեան համար:
Շուտով կը հրապարակեմ զայն ռատիո այգ դիմատետրի էջերուն վրայ:
Շաքէ Մանկասարեան