ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, Կիրակի, 19 Նոյեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 4ին, «Ուուտըն Պէյքըրի»ի կից կառատան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած յայտագիրը:
Դրօշակի արարողութեան յաջորդեց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութիւն՝ կատարողութեամբ ՀՄԸՄի շեփորախումբին: Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում այն սկաուտներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Լիբանանի սկաուտական դաշնակցութեան կազմակերպած «Հորշ Պէյրու»չի բանակումին:
Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Ալին Քէչէպաշեան, որ պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած յատուկ ձեռնարկներու շարքը: Ան նկատել տուաւ, որ ՀՄԸՄը ծնունդ առած է ժողովուրդէն՝ ժողովուրդին համար, աւելցնելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան արիւնալի տարիներէն անմիջապէս ետք՝ 1918ին հայ ժողովուրդը դարձեալ պատմութեան տուաւ իր գոյատեւման վճռական որոշումն ու կամքը՝ Մանուկեաններու կերտած անկախութեան կողքին, ծնունդ տալով այնպիսի կազմակերպութեան մը, որ պիտի ըլլար լաւագոյն միջոցը հայ երիտասարդութեան միտքին մէջ վառ պահելու հայ ծնած ըլլալու հպարտութեան զգացումը, անոնց մէջ պիտի հրահրէր հայրենիքին հանդէպ սէրը, այլ խօսքով՝ ուղեցոյցը պիտի ըլլար հայը հայ պահելու օտար երկինքի տակ:
«100 տարիներ ետք մեր այստեղ հաւաքուիլը մեծագոյն փաստն է հայուն վերածնելու կամքին: Մենք այս 100ամեայ կազմակերպութիւնը պիտի յանձնենք ձեզի, որ դուք եւս, ձեր կարգին, զայն հասցնէք 200ամեակին, 300ամեակին, եւ այսպէս շարունակ բարձրանալով բարձրացնելու», եզրափակեց Քէչէպաշեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները ՀՄԸՄին յանձնած են՝ հաւատալով անոր սկզբունքներուն:
Արաբերէնով ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Արտա Զէյթունլեան: Ան նկատել տուաւ, որ ՀՄԸՄը 100 տարիէ ի վեր կոչուած է սկաուտական եւ մարզական կեանքին մակարդակը բարձր պահելու եւ պատրաստելու երիտասարդ սերունդներ, որոնք միշտ բարձր պիտի պահեն Լիբանանի անունն ու դրօշը սկաուտական մարզին մէջ:
Լիբանանի անկախութեան տօնի սեմին, Զէյթունլեան վստահեցուց, որ պիտի կրկնապատկեն իրենց կարելիութիւնները, ինչպէս միշտ շարունակելու համար իրենց առաքելութիւնը՝ առաւել եւս զարգացնելու սկաուտական շարժումը Լիբանանի մէջ, պատրաստելով կայտառ եւ արթուն սերունդ մը՝ Լիբանանի ծառայութեան համար:
Այնուհետեւ բարձրացաւ ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած դրօշը, որմէ ետք ՀՄԸՄի շեփորախումբը նուագեց հայրենասիրական եղանակներու փունջ մը: Ապա Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Ժտէյտէի եւ Պէյրութի մասնաճիւղերու սկաուտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը: Ցուցադրուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄի 100ամեայ երթը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Աւարտին, ազգային-հայրենասիրական, նաեւ ՀՄԸՄին նուիրուած յատուկ երգերով ելոյթ ունեցան երգիչներ Նժդեհ Պոտրումեան, Հրաչ Կայծակեան, Շաքէ Պաղտասարեան եւ Վիգէն Տիշչէքէնեան՝ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:
Նշենք, որ յայտագիրին զուգահեռ, կառատան մէջ տեղադրուած էին յատուկ տաղաւարներ, որոնց մէջ կը վաճառուէին ուտելիքներ: