«Բժիշկներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան համահիմնադիր, Ֆրանսայի նախկին արտաքին գործոց նախարար Պերնար Քուշներ դարձաւ «Օրորա» մրցանակի ընտրող յանձնաժողովի անդամ:
Քաղաքական գործիչ եւ բժիշկ Պերնար Քուշները համահիմնադիրն է Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին արժանացած «Բժիշկներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան (1971), ինչպէս նաեւ «Աշխարհի բժիշկներ» (Medecins du Monde) կազմակերպութեան (1980):
2007-2010, ան զբաղեցուցած է Ֆրանսայի արտաքին եւ եւրոպական գործերու նախարարի պաշտօնը, իսկ աւելի առաջ եղած է Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարար: Կազմակերպած է մարդասիրական աջակցութեան գործողութիւններ Սոմալիի, Սալվատորի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Վիեթնամի, Քամպոտիոյ, Թայլանտի, Ուրուկուէյի, Փերուի, Կուաթեմալայի, Հոնտուրասի, Չատի, Լիպիոյ, Նիճերիոյ եւ այլուր: Պերնար Քուշներ նաեւ ղեկավարած է «Բժիշկներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան բժշկական օգնութեան գործողութիւնները 1988ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք:
«Շատ ուրախ ենք, որ Պեռնար Քուշներ կը դառնայ «Օրորա» մրցանակի ընտրող յանձնաժողովի անդամ: Ան ամբողջ կեանքին ընթացքին իր ժամանակն ու հմտութիւնները ծառայեցուցած է արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած երկիրներուն աջակցելուն։ Քուշների եւ անոր կազմակերպութեան շնորհիւ 1988ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով տուժած մարդիկ ստացան անյետաձգելի բժշկական օգնութիւն: Մենք երախտապարտ ենք անոր անգնահատելի ջանքերուն համար եւ ուրախ ենք, որ իր փորձառութեամբ պիտի նպաստէ «Օրորա» մրցանակի յաւակնորդներուն եւ դափնեկիրը ընտրելու գործընթացին», ըսաւ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:
«Ինծի համար մեծ պատիւ է «Օրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովին միանալը՝ դառնալով այն նախաձեռնութեան մէկ մասը, որ կարճ ժամանակի մէջ արդէն մեծ ազդեցութիւն գործած է հազարաւոր մարդոց կեանքին մէջ: Ես հնարաւորութիւն ունեցած եմ ճանչնալու արտակարգ իրավիճակներու մէջ գործող բազմաթիւ հերոսներու եւ այժմ անհամբեր եմ ընտրելու նուիրեալներ՝ իբրեւ «Օրորա» մրցանակի դափնեկիրներ», ըսաւ Պերնար Քուշներ:
Պերնար Քուշներ կը միանայ «Օրորա» մրցանակի ընտրող յանձնաժողովի ներկայ անդամներուն, որոնց մէջ են՝ Նոպելեան դափնեկիրներ Օսքար Արեաս, Շիրին Էպատի եւ Լէյմա Կպովէ, Իրլանտայի նախկին նախագահ Մերի Ռապինզ, Մեքսիքայի նախկին նախագահ Էրնեսթօ Սետիլէօ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Հինա Ճիլանի, Լոնտոնի կայսերական քոլեճի Համաշխարհային առողջապահական նորարարութիւններու հիմնարկի տնօրէն լորտ Արա Տարզի, Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախկին նախագահ եւ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Կարեթ Էւընզ, Նիւ Եորքի «Քարնըկի» կազմակերպութեան նախագահ Վարդան Գրեգորեան, օսքարակիր դերասան եւ բեմադրիչ Ճորճ Քլունի:
2018ի «Օրորա» մրցանակին համար կատարուած են 750 դիմում-առաջադրանքներ, 115 երկիրներէ:
2018ի «Օրորա» մրցանակի յաւակնորդներուն անունները յայտնի պիտի դառնան 24 Ապրիլ 2018ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի օրը: Երրորդ ամէնամեայ մրցանակը պիտի շնորհուի 10 Յունիս 2018ին, Հայաստանի մէջ կայանալիք արարողութեան ընթացքին: Մրցանակի դափնեկիրին պիտի շնորհուի 100,000 տոլար պարգեւ եւ հնարաւորութիւն 1 միլիոնի դրամաշնորհը յատկացնելու զիք ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն: